«ՀԱԶԱՐ ՈՒ ՄԷԿ ԵՐԳ»Ը՝ ԿՈՄԻՏԱՍԻ ԲԱՑԱՌԻԿ ԱՐԺԷՔԸ
Կոմիտասի 150-ամեակը առիթ է հայեացք մը եւս նետելու անցեալին եւ տեսնելու, թէ անոր նախորդ յոբելեանները, մա՛նաւանդ Հայաստանի մէջ, ինչ ձեւով նշուած են: Անշուշտ, Կոմիտասի գործունէութեան գնահատման կարեւոր հանգրուան մը եղած է անոր 100-ամեակը, որ մեծ շուքով նշուած է Հայաստանի մէջ՝ 1969 թուականին: Այդ ժամանակ էր, որ ժողովուրդը ամբողջութեամբ սկսած էր ճանչնալ Կոմիտասը եւ հակառակ անոր հոգեւորական ըլլալուն, Հայաստանի խորհրդային ղեկավարութիւնը մեծ արժէք տուած էր Կոմիտասին՝ անոր հարիւրամեակը վերածելով համաժողովրդական տօնախմբութեան: Այդ ժամանակ էր, որ ետեւ ետեւի Կոմիտասի մասին գրուած են բազմաթիւ գիրքեր, յօդուածներ, վերահրատարակուած են արդէն իսկ լոյս տեսած գիրքերը:
Սակայն հարիւրամեակէն առաջ ալ Հայաստանի մէջ եղած են ձեռնարկներ, որոնց միջոցաւ հայ մեծերը յարգանքի տուրք մատուցած են օտարութեան մէջ լուռ ցաւերով հոգին աւանդած մեծ երաժիշտին: Կոմիտասի անունը եւ անոր գործին արժեւորումը մեծ տեղ ունի նշանաւոր հայագէտ, հասարակական գործիչ, գրականագէտ, լեզուաբան, բառարանագիր եւ բանահաւաք Մանուկ Աբեղեանի գրական ժառանգութեան մէջ: Աբեղեան յօդուածներ եւ յուշեր գրած է Կոմիտասի մասին, որոնք տեղ գտած են 1930 թուականին՝ Կոմիտասի ծննդեան 60-ամեակին առթիւ հրատարակուած ժողովածոյին մէջ: Ի դէպ, այդ ժողովածոյին մէջ (որ կազմած է հայ երաժշտագէտ Ռուբէն Թերլեմեզեանը) տեղ գտած են նաեւ Կոմիտասի աշակերտներէն Սպիրիդոն Մելիքեանի, գրող Դերենիկ Դեմիրճեանի, գրականագէտ Գարեգին Լեւոնեանի, երգահան Նիկողայոս Տիգրանեանի, նկարիչ Փանոս Թերլեմեզեանի, երգիչ Վահան Տէր-Առաքելեանի, երգչուհի Մարգարիտ Պապայեանի, երաժշտագէտ Ստեփան Դեմուրեանի, այլ գործիչներու եւ իրեն՝ Ռուբէն Թերլեմեզեանին յօդուածներն ու յուշերը:
Գիրքը կազմող Ռուբէն Թերլեմեզեան յառաջաբանին մէջ կը գրէ, որ այդպիսի գիրք մը Հայաստանի մէջ առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ: Հետաքրքրական է, որ գիրքը լոյս տեսած է Կոմիտասի կենդանութեան ժամանակ, այն օրերուն, երբ Կոմիտաս Ֆրանսա հոգեբուժարանին մէջ պառկած էր: Ռուբէն Թերլեմեզեան գիրքին մէջ այդպէս ալ կը գրէ. «Մինչեւ այսօր մեծանուն արուեստագէտը առանձին, անմխիթար կեանքի դառնութիւնները ճաշակելով կ՚ապրի իր կեանքի վերջալոյսը»:
Հակառակ որ 1930-ին Կոմիտաս ողջ էր, բայց անտեղեակ էր իր մասին Երեւանի մէջ, Պետական հրատարակչութեան պատուէրով տպագրուած այդ գիրքին մասին: Գիրքին լոյս ընծայումէն հինգ տարի ետք, ան մահացած է… Յետագային Կոմիտասի մասին լոյս տեսած բոլոր յուշագրութիւնները հիմնուած են իր 60-ամեակին լոյս տեսած այս գիրքին վրայ: Առանձնայատուկ ուշադրութեան արժանի են Աբեղեանին յուշերը:
Մանուկ Աբեղեանն ու Կոմիտասը ուսանած են Էջմիածնի Հոգեւոր ճեմարանին մէջ. երկուքն ալ մեծ հետաքրքրութիւն ունէին բանահաւաքչութեան, ժողովրդական, գեղջկական բանահիւսութեան հանդէպ: Կ՚ըսեն, որ երբ ճեմարանական ուսանողները արձակուրդներուն իրենց հայրենի բնակավայրերը կ՚երթային, Մանուկ Աբեղեան եւ Կոմիտաս անոնցմէ կը խնդրէին գրի առնել գիւղի բնակիչներուն երգն ու խօսքը եւ իրենց հետ բերել: Անոնք այդ նպատակով յատուկ թերթիկներ կը պատրաստէին, կը բաժնէին իրենց ուսանող ընկերներուն եւ կը խնդրէին վերադարձին լեցուած յանձնել զանոնք: Նոյնպէս Աբեղեանի յուշերէն կը տեղեկանանք, որ Կոմիտասը եղած է շատ հիւրասէր եւ իր հիւրերուն հաճոյքով հրամցուցած է իր իսկ ձեռքով պատրաստած սուրճն ու թէյը, թէյին մէջ ալ լեցուցած վարդի թերթեր:
Ըստ Մանուկ Աբեղեանի՝ Կոմիտասը ունեցած է բազում երազանքներ, որոնք մնացած են չիրականացուած: Ան, օրինակ, երազած է «Սասնայ ծռեր» հայկական հերոսական էպոսի նիւթով օփերա մը գրել, երկար ժամանակ ջանացած է վերծանել հայ միջնադարեան տաղերուն խազերը՝ ձայնանիշները եւ որոշ յաջողութիւններու հասած:
Մանուկ Աբեղեանի յուշերէն կը տեղեկանանք, որ մեծ երգահանը լաւ իմացած է թուաբանութիւն եւ երկրաչափութիւն եւ ճեմարանէն ներս երբեմն վարած է այդ առարկաներուն քննութիւնը:
Մանուկ Աբեղեան նաեւ հետաքրքրական դրուագներ կը փոխանցէ Կոմիտասի կենցաղավարութեան, սովորութիւններուն, բնաւորութեան մասին:
Աբեղեանի մօտիկ ծանօթութիւնը Կոմիտասի հետ սկսած է 1885 թուականի գարնան, երբ Աբեղեան կ՚աւարտէր Ճեմարանի լսարանական բաժինը, բայց յետագայ տարիներուն ան առիթ ունեցած է բազմաթիւ անգամներ տեսնելու Կոմիտասը, այդ կարգին՝ արտասահմանի մէջ, ուր Կոմիտաս մեկնած էր ուսանելու: Արտասահմանէն Էջմիածին վերադառանալով է, որ Կոմիտաս եռանդով լծուեցաւ մէկ կողմէ մանկավարժական գործունէութեան, իսկ միւս կողմէ ստեղծագործական բեղուն աշխատանքի՝ ժողովրդական եւ գեղջկական երգերու հաւաքման ու մշակման իր հետազօտութիւնները ամբողջացնելով: Բացառիկ գործ մը, որ այսօր ալ կը մնայ անգերազանցելի:
Մանուկ Աբեղեանի յուշագրութեան մէջ կը կարդանք.
«Կոմիտաս կը սիրէր առանձին զբօսնիլ. թռչուններուն ճռուողիւնը եւ սոխակին կլկլոցը լսել անտառին մէջ, որ արուեստական կերպով տնկուած էր Ներսիսեան լիճէն ներքեւ բաւական ընդարձակ տարածութեան վրայ: 1900-ի գարնան, մայիսի առաջին կէսին, ես եւ Կոմիտասը կը զբօսնէինք այդ անտառին մեծ ծառուղիին մէջ, որուն երկու կողմի առուներուն եզրերը սկիզբէն տնկուած էին մասրենիներ եւ վարդենիներ: Կոմիտաս վարդ կը քաղէր: Ան կը սիրէր թէյին հետ (որուն ամենալաւ եւ ամենասուղ տեսակը միշտ կը գործածէր) երբեմն չորցած վարդի տերեւներ խառնել: Մեր զրոյցին նիւթը ժողովրդական երգն էր: Ան կը գանգատէր, թէ մեր ժողովրդական քառեակները՝ իբր բանաստեղծութիւն, յաճախ անմտութիւն են, եւ թէ ինքը քառեակ մը երգել տալու համար չի գիտեր, թէ ինչ երգել տայ, որ լաւ ըլլայ: Ես այդ ժամանակ զբաղած էի ժողովրդական քառեակներու ուսումնասիրութեամբ, որոնք, իմ կարծիքով, անմտութիւն էին միայն այն ժամանակ, երբ աղճատուած են, որովհետեւ ժողովրդական երգերը շատ սիրուած էին այդ թուականներուն, ուստի մտադրուեցանք միասին երգարան մը հրատարակել, սկսելով ժողովրդական երգերէն»:
Մանուկ Աբեղեանի այս յուշէն հասկնալի կը դառնայ, որ ատկէ ետք ծնունդ առած է հայ երաժշտական գրականութեան մէջ իր արժանաւոր տեղը զբաղեցնող «Հազար ու մէկ խաղ» ժողովրդական երգարանը, որուն առաջին յիսնեակը Աբեղեան եւ Կոմիտաս կազմած, ապա հրատարակած են 1903 թուականին, երկրորդ յիսնեակը՝ 1905 թուականին: Պատրաստ էր նաեւ երրորդ յիսնեակը, որ Կոմիտաս իրեն հետ Պոլիս տարած է, որ շատ երկար ժամանակ անտիպ մնացած էր, եւ 2015 թուականին «Մշակութային վերածնունդ» հիմնադրամը զայն տպագրած է բարձր որակով:
Այսօր Հայաստանի Ազգային գրադարանի մէջ կը պահուի Կոմիտասին նուիրուած ողջ գրական ժառանգութիւնը՝ թէ՛ անոր մասին գրուած գիրքերը, թէ՛ ալ իր՝ Կոմիտասի գրիչէն ստեղծուած աշխատութիւններ: Մանուկ Աբեղեանին հետ կազմած «Հազար ու մէկ խաղ» երգարանները այսօր ալ մեծ արժէք ունին: Անոնց մէջ տեղ գտած երգերը Կոմիտաս անգին գանձերու պէս մշակած եւ փոխանցած է սերունդներուն՝ առաջին անգամ մէկ գիրքի մէջ հաւաքելով հայկական գեղջկական երաժշտութիւնը, որ սկզբնաւորուած է հազարամեակներ առաջ եւ իր պատմութեան ընթացքին անդրադարձած է ազգային մշակոյթի զարգացման բոլոր նշանակալի փուլերուն: Գեղջկական երգի տեսակը պայմանաւորուած է բանաստեղծական նիւթերով, իւրաքանչիւրը ունի իրեն բնորոշ առանձնայատկութիւններն ու երաժշտական արտայայտչամիջոցները: Հայկական գեղջկական երաժշտութիւնը բազմաբնոյթ է՝ աշխատանքային, ծիսական, լալիք, քնարական, պատմական, պանդխտութեան (անտունիներ) երգեր, վիպերգեր, պարերգեր, կատակերգեր, օրօրներ եւ այլն: Գեղջկական երաժշտութեան մէջ առանձնայատուկ յատկանիշները երեւան կու գան ինչպէս բանաստեղծական, այնպէս ալ երաժշտական բնագրերուն մէջ, կ՚առանձնանան հոգեւոր բնոյթի բանաստեղծութիւններով ժողովուրդի ստեղծած երգերը, տարբեր բովանդակութեան աշխարհիկ տաղերը եւ այլն: Գեղջկական երաժշտութենէն յայտնի են բազմաթիւ նմոյշներ, ուր կան բացառիկ արժէքաւոր ստեղծագործութիւններ՝ երաժշտական բանահիւսութեան համաշխարհային չափանիշներով՝ Կոմիտասի արձանագրած, Լոռիի, Ղարաբաղի եւ Ապարանի հորովելները, Սանահինի եւ Լոռիի կալի երգերը, Իգդիրի, Վայոց ձորի եւ Ղազախի սայլերգները, ընկերային նիւթերով՝ «Ծիրանի ծառ, բար մի տա», «Կանչէ, կռունկ», «Սիրտս նման է էն փլած տներ», բնութեան նուիրուած՝ «Լուսնակն անուշ», «Պինկիոլ», սիրոյ քնարական՝ «Գարուն ա», «Չինար ես՝ կեռանալ մի», «Քելեր, ցոլեր իմ եարը», «Կուժն առայ ելայ սարը» եւ «Գնա, գնա, հետիդ եմ», հարսանեկան երգերու ամբողջութիւնը, Ակնայ բազմաժանր երգերու շարքերը…
Դարերու ընթացքին աստիճանաբար մշակուած ու կատարելագործուած է ժողովրդական երգը (անհետացած են որոշ ձեւեր, ի յայտ եկած են նորերը): Յետագային շատ ժողովրդական երգարաններու մէջ մտած են այդ երգերը, բայց 1900-ականներուն Վաղարշապատի մէջ Կոմիտասի կազմած եւ լոյս տեսած այդ գիրքերը այսօր ազգային արժէքներ են:
ԵՐԳԱՐԱՆԷՆ
Պարտէզ ունիմ դըրախտ ա,
Ծաղիկ ծաղկունքի վախտա.
Գէշ աղջիկ, սիրուն տըղայ,-
Էս էլ մի ուրիշ բախտա:
Ոսկէ մատնիք մատներիս,
Շողքըն ընկաւ երեսիս:
Աքլոր, շուտով մի՛ կանչի,
Անքուն կանես իմ եարիս:
Սիրտըս արնով լըցրեցիր,
Կըրակով խորովեցիր.
Աչքըդ դուս գայ ա՜յ աքլոր,
Ի՜նչ շուտ ձէնըդ գըցեցիր:
*
Արազը հեշտացել ա
Եա՜ր.
Ճամբէքը կոշտացել ա,
Եա՜ր.
Խաբա՛ր տարէք իմ եարին,
Եա՜ր.
Առողըս շատացել ա,
Եա՜ր:
Իմ սէրը սուր ա դառել,
Կըրակ ու ջուր ա դառել.
Եա՜ր, քեզ սըրտով սիրելը
Ինձ թուք ու մուր ա դառել:
*
Չինար ես, կեռանա՛լ մի,
Յա՜ր, յա՜ր, յա՜ր.
Մեր դըռնէն հեռանալ մի,
Յա՜ր, յա՜ր, յա՜ր.
Յա՜ր, նա նա՜յ, նայ, նա՜յ, նա՜յ, նա՜յ:
Նայ նա՜յ, նայ, նա՜յ, նա՜յ:
Յա՜ր, քո Աստուած կը սիրես,
Յա՜ր, յա՜ր, յա՜ր.
Հեռու ես, մոռանա՛լ մի:
Յա՜ր, յա՜ր, յա՜ր.
Յա՜ր, նա նա՜յ, նայ, նա՜յ, նա՜յ, նա՜յ:
Նայ նա՜յ, նայ, նա՜յ, նա՜յ:
Ձեր բաղի դուռը բաց ա,
Ոտներըս շաղով թաց ա.
Ինձանից հեռացել ես՝
Աչքերըս լիքը լաց ա:
Էս գիշեր երազ տեսայ,
Հերկերըս վարած տեսայ,
Ամօթ քեզի, ա՜յ տըղա,
Քու եարը տարած տեսայ:
*
Կուժն առայ, ելայ սարը,
Չըգըտայ ֆիդան եարը:
Ֆիդան եարը ինձ տըւէք,
Չըքաշեմ ահ ու զարը:
Մեծ սարի հովին մեռնեմ,
Շէկ տըղի բոյին մեռնեմ.
Մի տարի ա չեմ տեսել,
Տեսնողի աչքին մեռնեմ:
Բլբուլը դարի վերայ,
Խընձորը ծառի վրայ.
Սիրած սիրածի տային,
Չոր գետնին՝ քարի վրայ:
*
Ես սարէն կու գայի,
Դուն դուռը բացիր.
Ձեռդ ծոցդ տարար,
Ա՜խ, արիր, լացիր:
Վա՚յ, վա՚յ, վա՚յ, վառւում եմ,
Վա՚յ, վա՚յ, վա՚յ, հալւում եմ,
Հալւում, վառւում եմ:
Ես մի պինդ պաղ էի,
Դու մըրմուռ լացիր,
Քո հրեղէն արցունքով
Ինձ հալեցիր:
Վա՚յ, վա՚յ, վա՚յ…
Ես մի չոր ծառ էի,
Դու գարնան արեւ.
Քո սիրով ծաղկեցաւ
Իմ ճիւղն ու տերեւն:
Վա՚յ, վա՚յ, վա՚յ…
Թէ ինձ չէիր առնի,
Ինչու սիրեցիր.
Մի բուռ կըրակ եղար,
Սիրտըս էրեցիր:
Վա՚յ, վա՚յ, վա՚յ…
*
Կապուտ քուռակ հեծել եմ,
Արազին մօտեցել եմ,
Ա՜խ ջան, Արազ,
Վա՜խ, ելման Արազ,
Արազ, ինձ մի ճամբա տուր,-
Իմ եարին կարօտցել եմ,
Մի ճամբայ տուր,
Երթամ եարիս հիւր:
Արազը չունի գեամին,
Կըրծքիս ա տալի քամին,
Ես մի ղարիբ ջան ունիմ,
Չըհասնե՞մ Ոսկէծամին:
Արազ, Արազ, ջա՜ն Արազ,
Բինգեոլից բըխան Արազ,
Ընկել եմ ես քու ծոցը,
Մի՛ տար ման ի ման, Արա՛զ:
Խոր գետը ծով դառել ա,
Ինձ էլ հետը տարել ա,
Խեղճ աղջիկն էնպէս գիտէ՝
Սէրս իրենից սառել ա:
Ա՜խ, Արազն է շատ վարար,
Դուրս ելնելու չունիմ ճար.
Ե՜ար, ոսկի ծամըդ բաց թող,
Քաշէ՛ ինձի, քեզ մօտ տար:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ