Շիրինօղլու կը բանայ փակագիծը

Թրքահայութիւնը վայրկեան մը իսկ կորսնցնելու ճոխութիւնը, նաեւ համբերութիւնը չունի պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին մէջ։ Ուստի, տեղապահի ընտրութեան վերջին պահուն անակնկալօրէն յետաձգումը համայնքէն ներս տեղի տուած է որոշ անհանգստութեան։ Անցեալ աւելի քան տասն տարուան ընթացքին պատրիարքական ընտրութիւնը կամայ թէ ակամայ գործնականօրէն վիժեցուցին այն շրջանակները, որոնք շատ բարձրաձայն, բոլորին ասպարէզ կարդալով կը պահանջէին ընտրութեան կատարուիլը։ Իրականութեան մէջ սա կամք պարտադրելու ձեւ մըն էր եւ մետայլի միւս երեսակին ապահովագրութեան միջոց մը՝ սեփական հայեացքներուն կամ սպասումներուն տեսակէտէ անբաղձալի իրադարձութիւնները կանխելու համար։ Այս ձեւով կարելի էր ընթանալ անցեալ շուրջ տասն տարիներուն, որոնք անցումային շրջան մըն էին մեր համայնքին համար, բոլոր խոցելի կէտերով ու դժուարութիւններով։ Այժմ իրավիճակը էապէս փոխուած է։ Նոր պատրիարք մը պիտի ընտրուի՝ հին գահակալի վախճանման բերումով։ Պայմանները փոխուած են՝ խաղի կանոններն ալ նոր են։ Եկուր-տես, որ ոմանք չեն կրցած համակերպիլ նոր իրավիճակին։ Կ՚ուզեն վարուիլ անցեալ տասն տարիներու իրենց վարժութիւններով, սովորութիւններով։ Անցեալ տասն տարիներուն կար քաւութեան նոխազ մը, որուն կարելի էր վերագրել բոլոր ձախողումներուն պատասխանատուութիւնը։ Հիմա չկայ այդ քաւութեան նոխազը եւ բոլորը յաչս համայնքին պատասխանատու են իրենց ըրածին կամ չըրածին, ըսածին կամ չըսածին համար։ Անշուշտ, դժուար է այսպիսի ճոխութենէ մը հրաժարիլ, բայց գոնէ պէտք է փորձել։

Պետրոս Շիրինօղլուի այսօրուան յայտարարութիւնները շատ կարեւոր են։ Ան կը բանայ որոշ փակագծեր, ինչ որ կը մերկացնէ կարգ մը շրջանակներու տխուր ընթացքը։ Անձը որքան որ ալ սիրելի եւ յարգելի ըլլայ, Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի տեղապահութեան թղթածրարը փակուած է։ Այն շրջանակները, որոնք իր ձախողման պատճառ դարձան, կը քերեն հին վէրքերը։ Նոյն յանկերգը կը մատուցեն համայնքին։ Սա արհեստական օրակարգ է, այդ երգը երգուած է։ Պէտք է ըմբռնել եւ անցնիլ յառաջ։

Առողջ ու արդար պատրիարքական ընտրութեան մը համար անհրաժեշտ է ապահովել իրաւականոնական, օրինական ամուր ենթագետին մը։ Աւանդութիւններն ու նախընթացներն ալ կը ծառայեն՝ որպէս յաւելեալ երաշխիք։ Միայն թէ այդ գետինը անկարելի է ապահովել անձնակեդրոն մօտեցումով։ Իրաւունքը բոլորին համար է, հաւաքական յարաբերութիւնները արդար եւ առողջ հունի մը մէջ դնելու վեհ նպատակին կը ծառայէ։ Իրաւունքը անձ թիրախաւորելու միջոց մը չէ։

Մինչեւ նոր տեղապահի ընտրութիւնը հիմա համայնքը շաբաթ մը եւս պիտի սպասէ։ Լաւ կ՚ըլլայ, որ կարգ մը մարդիկ այդ ժամանակը արժեւորեն քիչ մը մտածելով այս մասին։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հինգշաբթի, Յունիս 27, 2019