ԱՌԱՔԻՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

«Առաքինութիւն»ը սովորական եւ հաստատ տրամադրութիւնն է բարին գործելու։ Ան թոյլ կու տայ ո՛չ միայն կատարելու բարի արարքներ, այլ նաեւ տալու լաւագոյնը իր անձին։ Զգայնական եւ հոգեւոր իր ամբողջ ուժերով, առաքինի անձը կը ձգտի դէպի բարին. կը հետապնդէ եւ կ՚ընտրէ զայն շօշափելի գործերուն մէջ։

Այս մասին Սուրբ Գրիգոր Նիւսացի սապէս կ՚ըսէ. «Առաքինի կեանքին նպատակը կը կայանայ Աստուծոյ նման ըլլալու մէջ»։ Իսկ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Ինչ որ ճշմարիտ է, ինչ որ ազնիւ է, ինչ որ արդար է, ինչ որ մաքուր է, ինչ որ սիրելի է, ինչ որ պարկեշտ է, ինչ որ բարի է առաքինութեան մէջ եւ ինչ որ գովելի է, թող միայն ասոնք զբաղեցնեն ձեր միտքը» (ՓԻԼ. Դ 8)։

Մարդկային առաքինութիւնները իմացականութեան եւ կամքին ամուր կեցուածքներն են, կայուն տրամադրութիւններ, ունակական կատարելութիւններ, որոնք կը կանոնաւորեն մեր արարքները, կը կարգաւորեն մեր կիրքերը եւ կ՚առաջնորդեն մեր վարքը ըստ բանականութեան եւ հաւատքին։ Անոնք կը հայթայթեն դիւրութիւն, ինքնազսպում եւ ուրախութիւն, բարոյապէս բարի կեանք մը վարելու համար։

Առաքինի մարդը այն է, որ ազատօրէն կը գործէ բարին։

Բարոյական առաքինութիւնները մարդկօրէն ձեռք ձգուած են։ Անոնք բարոյապէս բարի գործերուն պտուղներն եւ սերմերն են. անոնք մարդկային արարածին բոլոր զօրութիւնները կը տրամադրեն հաղորդուելու աստուածային սիրոյ հետ։

Չորս առաքինութիւններ առանցքային դեր կը կատարեն։ Այս պատճառով անոնք կոչուած են «գլխաւոր առաքինութիւններ»։ Միւս բոլորը կը խմբուին անոնց շուրջը։ Ասոնք են. «խոհեմութիւն»ը, «արդարութիւն»ը, «զօրութիւն»ը եւ «ժուժկալութիւն»ը։ «Ուղղամտութիւն»ը կը սիրէ՞ք. լա՛ւ, առաքինութիւնները պտուղներն են անոր վաստակին, որովհետեւ ան կ՚ուսուցանէ ժուժկալութիւն, եւ խոհեմութիւն, եւ արդարութիւն, եւ քաջութիւն. (ԻՄ. Ը 7)։ Այս առաքինութիւնները գովուած են Աստուածաշունչին բազմաթիւ անցքերուն մէջ տարբեր անուններու տակ։

ԽՈՀԵՄՈՒԹԻՒՆը այն առաքինութիւնն է, որ գործնական բանականութիւնը կը տրամադրէ տեսնելու բոլոր պարագաներու մէջ մեր ճշմարիտ բարին եւ ընտրելու արդար միջոցները զայն գործելու։ «Խորագէտը կը հսկէ իր քայլերուն» (ԱՌ. ԺԴ 15)։ «Եղէ՛ք զգաստ եւ ժուժկալ աղօթքին համար» (Ա ՊԵՏ. Դ 7)։

Խոհեմութիւնը «ուղիղ կանոնն է գործին», կ՚ըսէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի, Արիստոտելէն ետք։ Ան չի շփոթուիր ո՛չ երկչոտութեան կամ վախին հետ, ո՛չ ալ երկդիմութեան եւ ծածկամտութեան հետ։ Ան կոչուած է «ռահվիրայ առաքինութիւններուն». ան կ՚առաջնորդէ միւս առաքինութիւնները, մատնանշելով անոնց կանոն եւ չա՛փ։ Խոհեմութիւնը այն առաքինութիւնն է, որ կ՚առաջնորդէ անմիջական խղճմտանքի դատողութիւնը։

Արդարեւ խոհեմ մարդը իր ընթացքը եւ վարուելակերպը կ՚որոշէ եւ կ՚ուղղէ խղճմտանքի դատողութեան համեմատ։ Շնորհիւ այս առաքինութեան՝ մենք անսխա՛լ կը գործադրենք բարոյական սկզբունքները առանձնայատուկ պարագաներուն մէջ եւ կը յաղթահարենք տարակոյսները՝ կատարելիք բարիին եւ զգուշանալիք չարին մասին։

ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆը այն բարոյական առաքինութիւնն է, որ կը կայանայ յարատեւ եւ հաստատ կամքով տալու Աստուծոյ եւ մերձաւորին ի՛նչ որ պարտական ենք անոնց։ Արդարութիւնը Աստուծոյ հանդէպ կոչուած է «առաքինութիւն կրօնի»։ Իսկ մարդոց նկատմամբ ան մեզ տրամադիր կ՚ընէ յարգելու իրաւունքները իւրաքանչիւրին եւ հաստատելու մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ ներդաշնակութիւնը, որ կը հրահրէ արդարադատութիւնը հանդէպ անձերուն եւ հասարակաց բարիքին։

Արդար մարդը, յաճախ յիշուած Սուրբ Գիրքին մէջ, կը զանազանուի իր գաղափարներուն սովորակի անաչառութեամբ, մերձաւորին հանդէպ իր վարքին ուղղամտութեամբ։

«Աղքատին հանդէպ աչառութիւն պիտի չունենաս, ո՛չ ալ նախասիրութիւն զօրաւորին հանդէպ, արդարութեամբ պիտի դատես ընկերդ» (ՂԵՒ. ԺԹ 15)։

«Տէրե՛ր, շնորհեցէ՛ք ձեր ստրուկներուն իրաւունք եւ արդարութիւն, գիտնալով, որ դո՛ւք ալ Տէր մը ունիք երկինքի մէջ» (ԿՈՂ. Դ 1)։

ԶՕՐՈՒԹԻՒՆը այն բարոյական առաքինութիւնն է, որ դժուարութիւններուն մէջ կ՚ապահովէ վճռականութիւնը եւ հաստատամտութիւնը բարիին հետապնդումին մէջ։ Ան կ՚ամրացնէ առաջադրանքը փորձառութիւններուն դիմադրելու եւ արգելքները յաղթահարելու բարոյական կեանքին մէջ։

Զօրութեան առաքինութիւնը մարդս կարո՛ղ կը դարձնէ յաղթելու վախին, նոյնիսկ մահուան վախին, ճակատելու նեղութիւններուն եւ հալածանքներուն։ Ան մարդս տրամադիր կը դարձնէ երթալու մինչեւ հրաժարումը եւ զոհաբերումը իր կեանքին, պաշտպանելու համար «արդար դատ» մը։ Այս իմաստով զօրութիւնը կը ստեղծէ քաջութի՛ւնը։ «Իմ զօրութիւնս եւ իմ երգս Տէրն է» (ՍԱՂՄ. ՃԺԷ 14)։ «Աշխարհի վրայ պիտի չարչարուիք, նեղութիւններ պիտի ունենաք, սակայն քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ Ես յաղթեցի աշխարհին» կ՚ըսէ Յիսուս Քրիստոս. (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։

ԺՈՒԺԿԱԼՈՒԹԻՒՆը այն բարոյական առաքինութիւնն է, որ կը չափաւորէ, կը ներդաշնակէ եւ կը հաւասարակշռէ հրապոյրը հաճոյքներուն եւ այսպէս հաւասարակշռութիւն կը հայթայթէ, չափաւորութիւն կ՚ապահովէ արարչութեան բարիքներուն գործադրութեան մէջ։

Ժուժկալութիւնը կ՚ապահովէ ինքնատիրացումը կամքին բնազդներուն վրայ եւ կը պահէ բաղձանքները՝ պարկեշտութեան սահմաններէն ներս։

Ժուժկալ անձը իր զգացական ախորժակները կ՚ուղղէ դէպի բարին, կը պահէ առողջ խոհականութիւնը եւ «թոյլ չի տար տարուիլ իր սրտին կիրքերէն» (ՍԻՐԱՔ. Ե 2 եւ ԼԷ 27-31)։ Ժուժկալութիւնը յաճախ գովուած է Հին կտակարանին մէջ. «Մի՛ տարուիր ընչաքաղցութենէն. զսպէ՛ ախորժակներդ» (ՍԻՐԱՔ. ԺԸ 30)։ Նոր կտակարանին մէջ ալ ան կոչուած է «զգաստութիւն» կամ «սակաւապետութիւն», այսինքն քիչով գոհանալու առաքինութիւն. «Մենք պարտինք ապրիլ զգաստութեամբ, արդարութեամբ եւ աստուածապաշտութեամբ ներկայ աշխարհին մէջ», կ՚ըսէ Առաքեալը իր նամակին մէջ. (ՏԻՏ. Բ 12)։

Այս մասին է, որ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚ըսէ.

«Լաւ ապրիլը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ՝ սիրել Աստուած ամբողջ սրտով, ամբողջ հոգիով եւ ամբողջ գործերով։ Կը վերապահենք Անոր ամբողջական սէր (ժուժկալութեամբ), որ ո՛չ մէկ դժբախտութիւն կրնայ խախտել (ի՛նչ որ զօրութիւն է), որ կը հնազանդի միա՛յն Անոր (եւ ասիկա արդարութի՛ւն է), որ կը հսկէ կշռադատելու համար բոլոր բաները, որպէսզի չըլլայ թէ անակնկալի գայ խորամանկութենէն եւ սուտէն (եւ ասիկա խոհեմութիւն է)»։

Մարդ կոչուած է կատարելութեան՝ որուն կարելի է հասնիլ առաքինի կեանքով՝ խոհեմութեամբ, արդարութեամբ, զօրութեամբ եւ ժուժկալութեա՛մբ։

Ուրեմն «կատարեալ մարդ» է ան՝ որ առաքինութեամբ կ՚ապրի կեանքը եւ կը հետապնդէ մի՛շտ «Բարի»ն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունիս 14, 2019, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Յունիս 28, 2019