ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅ ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԸ

Երէկ իր աւարտին հասաւ Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցած Հայ մամլոյ համահայկական համաժողովը, որ կազմակերպուած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ։ Եռօրեայ համաժողովը վերջին օրերուն լայն արձագանգ ստեղծեց հայաշխարհէն ներս։

Նախքան եզրափակման նիստը, համաժողովը կայացուց իր վերջին նիստը՝ «Հայ մամուլը եւ ազգային պահանջատիրութիւնը» նիւթով։ Առաջին հերթին, նիստիը վարեց Սեդա Խտըշեան, որ համապարփակ կերպով ներկայացուց արդի պատմութեան քաղաքական իրավիճակներու ազդեցութիւնը մամուլին վրայ ու նշեց, որ հարկ է անցեալի սխալները չկրկնել եւ ասոր մէջ  հայ մամուլը մեծ դեր ունի զգաստութեան հրաւիրելու հանրութիւնը։

Առաջին զեկուցաբերը՝ Յակոբ Ասատրեան ներկայացուց «Հայ մամուլի մարտահրաւէրները սփիւռքահայ մամուլի հիմնադրամի անհրաժեշտութիւնը» նիւթը։ Ներկայացնելէ ետք Հայաստանի եւ սփիւռքի մամուլի խմբագիրներու կարծիքները հայ մամուլի մասին, որ տասն տարի առաջ լոյս տեսած էր «Օրեր» ամսագրին մէջ, դիտել տուաւ, որ մտահոգութիւնները մնացած են նոյնը, աւելցնելով, որ հայրենիքի մէջ տարբեր մարտահրաւէրներ կան, իսկ սփիւռքի մարտահրաւէրները տարբեր են։ Առ այդ, ան առաջարկեց հիմնադրամ մը ստեղծել հայ մամուլի գոյատեւման համար։ Երկրորդ զեկուցաբերը՝ Արամ Շահնազարեան արտայայտուեցաւ «Հայ մամուլին դերը պահանջատիրական պայքարի նպատակներու սահմանման, յստակեցման եւ հանրահռչակման գործին մէջ» նիւթը։ Ան մամուլը շատ յարմար ու օգտակար հարթակ նկատեց հայութեան վերաբերեալ հարցերու պարագային մանրամասն յստակեցում ու ուղղութիւն տալու, երկխօսութեան թատերաբեմ ըլլալու գծով՝ հասարակական եւ քաղաքական մակարդակներու վրայ։ Երրորդ զեկուցաբերը՝ Նազարէթ Պէրպէրեան խօսեցաւ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի գործունէութեան եւ գաղափարական հունաւորման մասին։ Ան հաստատեց, որ հայ մամուլը յառաջամարտիկ հանդիսացած է հայկական ազգային հարցերու մէջ եւ լիբանանահայ մամուլն ալ ընդհանրապէս ունեցած է վճռորոշ դեր։ Ապա, ան լուսարձակի տակ առաւ «Ազդակ»ի դերակատարութիւնը՝ մանրամասն անդրադառնալով ճակատագրական տարբեր ժամանակներու թերթին կատարած նախաձեռնութիւններուն։

Համագումարը աշխատանքները աւարտեց եզրափակիչ նիստով, որու ընթացքին մասնակիցները ներկայացուցին իրենց առաջարկները։

Համագումարը աւարտին հասաւ Նորին Սրբութեան եզրափակիչ խօսքով։ Գնահատելէ ետք համագումարին թէ՛ նախապատրաստական եւ թէ ընթացիկ աշխատանքները, Արամ Ա. Կաթողիկոսը ըսաւ, որ մամուլը նուիրուական արժէք է եւ համագումարին ընթացքին արծարծուած նիւթերը, որոնք բազմազան ու այլազան, այժմէական ու հրատապ էին, պէտք է իրենց շարունակութիւնը ունենան համագումարէն անդին, տարբեր միջոցներով։ Նորին Սրբութիւնը գնահատեց Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի զանազան շրջանակները ներկայացնող մամլոյ մշակներուն միատեղ ներկայութիւնը, որ ինքնին պերճախօս վկայութիւն է ազգն ու հայրենիքը յուզող հարցերը միասնաբար արծարծելու։ Ան խօսեցաւ համագումարին ընթացքին տարակարծութիւններու եւ տարբեր մօտեցումներու առողջ ձեւով քննարկման, որոնք արգելք չհանդիսացան հասարակաց մտահոգութեանց բարձրացման եւ լուծումներու առաջարկութեանց։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ հայ մամուլը սովորական լրատուական եւ տեղեկատուական միջոց չէ, այլ անոր առաքելութիւնը համահայկական արժէք կը ներկայացնէ, իսկ այդ մէկը կարիք ունի ազատութեան, որուն մասին բազմիցս անդրադարձ կատարուեցաւ համագումարին ընթացքին, ըսաւ ան։ Հայրապետը անդրադարձաւ նաեւ համագումարին ընթացքին բարձրացած շարք մը այլ խնդիրներու, ինչպէս մամուլի որակի բարձրացման, մարդուժի, լեզուի, համահայկական հարթակ մը ստեղծելուն եւ համագործակցութեան։ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ մամուլը հսկայ ներուժ է, եւ հարկ է հմուտ ըլլալ կառուցողական նպատակներ նուաճելու համար անոր օգտագործման մէջ, ու իր նշումները եզրափակեց ըսելով, որ համազգային արժէքներն ու ձգտումները պէտք է դառնան մեր միակամութեան առանցքը եւ հզօրութեան աղբիւրը։

Յիշեցնենք, որ Պոլիսէն այս համագումարին մասնակցեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան։ Տեղապահի ընտրութեան պատճառով ան երէկ առաւօտ վերադարձաւ քաղաքս եւ յառաջիկայ օրերուն գրի պիտի առնէ տպաւորութիւնները։

Ուրբաթ, Յուլիս 5, 2019