Խօսք առ Արամ Ա. Կաթողիկոս
Ձերդ Սրբութիւն,
Այս վերջին օրերուն առիթն ունեցանք մասնակցելու Հայ մամլոյ համահայկական համաժողովին, որ Անթիլիասի մէջ կազմակերպուած էր ձեր բարձր հովանաւորութեան ներքեւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ։ Մեզի համար թէ՛ պատուաբեր, թէ՛ ուրախառիթ եւ թէ հարստացուցիչ էր այդ մասնակցութիւնը։
Վերջին շուրջ քսան տարիներուն մասնակցած ենք նման ձեւաչափով կազմակերպուած գրեթէ բոլոր համահայկական համաժողովներուն։ Կրնանք վկայել, որ այս անգամուանը ամենակատարեալ ձեւով կազմակերպուածներէն մին էր։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը շարժման անցուցած էր իր բոլոր լծակները՝ համագումարը յաջողութեամբ ի կատար ածելու համար։ Մենք վայելեցինք Կիլիկեան մեր պատմական Աթոռի ջերմ հիւրընկալութիւնը։ Դիւանապետ պարոն Խաչիկ Տէտէեանէն սկսեալ, մինչեւ երիտասարդ միաբաններն ու սարկաւագները՝ ժողովականներուս նկատմամբ ցուցաբերեցին նախանձախնդիր վերաբերմունք։ Ամէն ինչ մտածուած էր մանրամասնօրէն։ Բոլորիս համար ստեղծուած էին արդիւնաւէտ աշխատանքի կատարեալ պայմաններ։ Եւս առաւել, բարի եղաք ձեր սուղ ժամանակը տրամադրելու մեզի հետ անմիջական առանձնազրոյցի մը համար։ Իսկ նուաստիս անունով ձեր կողմէ մակագրուած հատորը արդէն իր տեղը գտած է մեր գրադարանին մէջ՝ որպէս թանկ յիշատակ։ Կեցութեան օրերու յիշատակները տակաւին երկար կը ջերմացնեն մեր սիրտը։ Ուստի, որպէս գլխաւոր խմբագիրը հայ մամլոյ նահապետ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի՝ կու գանք մեր ամենախորին երախտագիտութիւնը յայտնել այս բոլորին համար։
Անթիլիաս հասնելէ առաջ մեր խոհերուն մէջ էր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի երախտաշատ հիմնադիր հոգելոյս Քասիմը (Միսաք Գօչունեան), որ 19-րդ դարու երկրորդ կէսին ուսում ստացած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Այնթապի դպրեվանքին մէջ։ Ձեզի կրնանք վստահեցնել, թէ ընտանեկան այս յիշողութիւնը վերարժեւորած ու վերարծարծած կը զգանք՝ մեր անմոռանալի այցելութեան լոյսին տակ։
Մինչեւ այսօր կազմակերպուած համահայկական մամլոյ համագումարներու շարքին, մեր համեստ կարծիքով, այս անգամուանը շատ յատկանշական էր՝ Արցախի մէջ տեղի ունեցածին համազօր։ Արդարեւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պայմանաւորած յիշողութիւնն ու խորհրդանշած արժէքները բոլորովին տարբեր իմաստ մը վերագրեցին Անթիլիասի հաւաքին։
Ձերդ Սրբութիւն,
Այս բոլորէն դուրս ու վեր, մենք խորապէս տպաւորուած ենք ձեր ցուցաբերած վերաբերմունքէն՝ որպէս մտաւորական անհատականութիւն։ Արդարեւ, դուք լոկ օրհնողի, նախագահողի կամ հովանաւորողի դերին մէջ չէիք համաժողովին ժամանակ։ Առաջին իսկ պահուն մենք զգացինք, որ մեր մէջ չէիք ի պաշտօնէ, այլ համաժողովի լիարժէք մասնակից մըն էիք։ Ամբողջ երկու աշխատանքային օր մենք հնարաւորութիւն ունացանք դիտարկելու ձեզ՝ դիրքաւորուած ըլլալով ձեր անմիջապէս աջին։ Ձեր հայեացքին մէջ տեսանք հայ մամլոյ առաքելութեան նկատմամբ հոգածութիւնը։ Մենք նկատեցինք կեդրոնացեալ ձեր ուշադրութիւնը՝ ամէն անգամ, որ զեկուցողի մը կողմէ դիպուկ արտայայտուած տեսակէտ մը արձանագրելու համար ձեր ձեռքը նոթատետրին երկարելու պահերուն։ Կարճ խօսքով, հաւաքի օրերուն մեզի առթեցիք պաշտօնակից մը ըլլալու զգացումը, ինչ որ մեզ կ՚ամրապնդէ հայ լրագրողի մեր կոչման մէջ, մեր առաքելութեան ճամբուն վրայ։
Ուստի, Պոլիս վերադարձին հարկ համարեցինք, բարոյական պարտականութիւն նկատեցինք բարձր տրամադրութեամբ գրի առնել մեր այս վկայութիւնները եւ երախտագիտութեան զգացումները։ Հուսկ, կենաց արեւշատութիւն կը մաղթենք ձեզի եւ անսասանութիւն՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան։
Մնամ Ձերդ յարգանօք՝
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ