ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Յունաստանի մէջ տեղի ունեցան ընտրութիւններ, որոնց հիման վրայ իշխանութեան գլուխ եկան աջ կեդրոնամէտները։ Այսպէս, ընտրութիւններէն յաղթական դուրս եկաւ «Նոր ժողովրդավարութիւն» կուսակցութիւնը, որ ապահովեց ձայներու 39.8 տոկոսը։ 300 աթոռէ բաղկացեալ Յունաստանի խորհրդարանէն ներս այս կուսակցութիւնը ապահոված է 158 տեղ։ Այսպէսով երկրի վարչապետը կը դառնայ Քիրիաքոս Միցոթաքիս, որ երկրի նախկին վարչապետներէն Քոնստանդինոս Միցոթաքիսի որդին է։ Իր քոյրը՝ Տորա Պաքոյանին ալ անցեալի մէջ եղած էր արտաքին գործոց նախարար։

Քիրիաքոս Միցոթաքիս ընտրութեան արդիւնքներու յայտնի դառնալէն վերջ առաջին շնորհաւորականը ստացաւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։

Երէկուան ընտրութիւններու արդիւնքով արդէն իշխանութիւնը կորսնցուց վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս, որ տնտեսական տագնապի միջավայրին մէջ ստանձնած էր երկրին ղեկը։ Ցիփրասի գլխաւորած շարժումը ապահովեց քուէներու 31.5 տոկոսը եւ 86 տեղ ապահովեց խորհրդարանէն ներս։ Ցիփրաս որոշած էր արտահերթ ընտրութեան ձեռնարկել՝ 26 մայիսի Եւրոխորհրդարանի ընտրութիւններուն մէջ կրած պարտութեան հետեւանքով։ Ներկայիս ստեղծուած նոր իրավիճակի պայմաններով Ալեքսիս Ցիփրաս յայտարարեց, որ պիտի դառնան ամուր ընդդիմադիր կուսակցութիւն մը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 8, 2019