ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԱԾ ՄՕՏԵՑՈՒՄ
Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսք երէկ Երեւանի մէջ շփումներ ունեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Օրուան տեւողութեան ան ընդունուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան եւ Տոնալտ Թուսք թէ՛ ունեցան առանձնազրոյց մը եւ թէ գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Անոնք սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Երկու ղեկավարները Երեւանի կեդրոնին մէջ ունեցան նաեւ փոքրիկ շրջայց մը։ Դուրս գալով Հայաստանի կառավարութեան շէնքէն՝ անոնք հատեցին Հանրապետութեան հրապարակը, Աբովեան փողոցէն անցնելով մուտք գործեցին Հիւսիսային պողոտայ եւ հասան մինչեւ Եւրոպայի հրապարակը։ Օրուան տեւողութեան Տոնալտ Թուսք այցելեց նաեւ Սեւանայ վանք, իսկ աւելի վերջ Նորատուսի պատմական գերեզմանի համալիրը, որ յայտնի է իր հոյակերտ խաչքարերով։
Երկու ղեկավարներու համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ քննարկումներու ընթացքին օրակարգի վրայ եկած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ «Մենք զրուցեցինք նաեւ տարածքաշրջանային խնդիրներու շուրջ։ Երախտագիտութիւն յայտնեցի ԵՄ-ի կողմէ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ ցուցաբերուած հաւասարակշռուած դիրքորոշման եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու դիրքորոշման պաշտպանման համար։ Համոզուած եմ, թէ ԵՄ-ի այս կեցուածքը կ՚ըլլայ շարունակական», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան։
Իր կարգին, Տոնալտ Թուսք յայտնեց, որ Հայաստանի այժմու դրական թափը համագործակցութեան համար ստեղծած է նոր հնարաւորութիւններ։ Տոնալտ Թուսքն ալ համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնա-խընդրին։ Ըստ իրեն, Եւրոմիութիւնը քաջալերուած է այս տարուան զարգացումներու թափով ու պատրաստակամ է շեշտադրումներ ընել մարդասիրական խնդիրներու համար։ Ըստ Թուսքի, եւրոպական կողմը կը բաժնէ Մինսքեան խմբակի համանախագահներու մտահոգութիւնը շփման գծի երկայնքով վերջին զոհերու, ինչպէս նաեւ հրահրիչ յայտարարութիւններու բերումով։ Տոնալտ Թուսք ըսաւ.
«Կողմերը պէտք է զսպուածութիւն ցուցաբերեն ու միջոցներու ձեռնարկեն վերականգնելու համար այն միջավայրը, որ նպաստաւոր կ՚ըլլայ խաղաղութեան, իսկական բանակցութիւններու համար։ Հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի եւ այստեղ պէտք է քաղաքական լուծում, ինչ որ պէտք է համապատասխանէ միջազգային իրաւունքին եւ սկզբունքներուն։ Եւրոմիութիւնը կը շարունակէ լիաթոք օժանդակել ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու ջանքերուն եւ արդար ու տեւական լուծում գտնելու շեշտադրութեան՝ Հելսինքեան հիմնարար աքթի եզրափակիչ դրոյթներու մեկնակէտով։ Եւրոմիութիւնը կը սատարէ խաղաղութեան կառուցման գործողութիւններուն, պատրաստ է սատարել ժողովուրդները խաղաղութեան նախապատրաստելու ուղղեալ միջոցառումներու։
Տոնալտ Թուսք աւարտելով Երեւան այցելութիւնը ուղեւորուեցաւ Պաթում, Վրաստան։ Ան այսօր մասնակցութիւն կը բերէ Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան հիմնադրութեան 10-ամեայ յոբելեանին առթիւ կազմակերպուած հաւաքին։ Ներկաներու շարքին կը գտնուին Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից երկիրներէն ղեկավարներ՝ ընդհանրապէս արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակին վրայ։