Տուեալներ

Պատրիարքական ընտրութեան կազմակերպման ճանապարհին երէկ առնուեցաւ կարեւոր քայլ մը եւս։ Նախընտրական գործընթացի համար ամուր ենթագետինի մը պատրաստութեան առումով կարեւոր աղիւս մը կը համարուի Նախաձեռնարկ մարմնի դիւանի կազմութիւնը։ Այլեւս համակարգը սկսած է բանիլ։ Նախաձեռնարկ մարմինն է այն հիմնական լծակը, որու միջոցաւ յառաջ պիտի տարուին նախընտրական աշխատանքները։

Յառաջիկայ շրջանին Նախաձեռնարկ մարմինը մէկ կողմէ պատկան իշխանութիւններուն հետ պիտի համակարգէ նախընտրական գործընթացը, իսկ միւս կողմէ համայնքէն ներս պիտի լծուի նախախնամական բնոյթով գործի մը։ Երկար ժամանակէ ի վեր մեր եկեղեցիներու կամ կարելի է ըսել՝ ընդհանրապէս մեր համայնքի ընտրացուցակներու այժմէականացման ու կատարելագործման հարցը համայնքի օրակարգին վրայ է։ Այդ տուեալները կենսական նշանակութիւն ունին։ Մօտաւոր անցեալին զանազան առիթներով այս ուղղութեամբ աշխատանքներ կատարած են թէ՛ Սարվէն Սէրթշիմշէք եւ թէ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու։ Ներկայիս անոնց երկուքն ալ Նախաձեռնարկ մարմնին մէջ են։ Պատրիարքարանի մէջ ալ կայ մեր համայնքի անդամներուն վերաբերեալ տուեալներու շտեմարան մը։

Ըստ երեւոյթին, յառաջիկայ շրջանին այդ բոլոր տուեալներու համադրութիւնը կրնայ առողջ ենթահող մը պատրաստել պատրիարքական ընտրութեան համար։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երեքշաբթի, Յուլիս 23, 2019