Հարուստ հայերը
Տեղական մամուլը ողողուած է հայկական հարցին վերաբերեալ նիւթերով։ Այդ ամբողջէն անմասն չէ նաեւ թրքահայութիւնը։ Ինչպէս միշտ, հայ-թրքական յարաբերութիւններու գործընթացին վրայ ազդեցութիւն գործելու հնարաւորութենէն զուրկ ըլլալով հանդերձ մեր համայնքին գոյութեան փաստը կը շեշտադրուի՝ նշանակութեան ուռճացումով։
Ամէն տեղ կը գրուի, որ այս տարի առաջին անգամ Ապրիլ 24-ի առթիւ Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի Գումգաբուի մէջ։ Մինչդեռ սա առաջին անգամ չէ, նոյնը եղած էր նաեւ անցեալ տարի։ Ըստ զանազան լուրերու, այդ ոգեկոչման արարողութիւնը եղած է կառավարութեան առաջարկը, սակայն սա չէ թելադրուած, այլ ունեցած է խնդրանքի մը բնոյթը։ Պաշտօնական աղբիւրները նշած են, որ այս Ս. Պատարագով պիտի ոգեկոչուին 1915-ին մահացած հայերը, իսկ Պատրիարքարանին բանաձեւումը այն է, որ ոգեկոչումները ձօնուած են Ա. աշխարհամարտի զոհերուն։ Ամէն մարդ կը փորձէ թէեւ բան մը ընել, բայց շուարած է ընելիքը։ Չէ՞ որ հիմա կայ նաեւ սրբադասման հանգա-մանքը։ Նրբութիւններ… Նրբութիւններ…
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուն ալ հեռուստածրագրի մը ընթացքին հայկական հարցին մասին խօսելու ժամանակ յայտներ է, թէ Իսթանպուլի ամենահարուստները հայերն են։
Ուրեմն, մեզմէ լաւը չկայ…։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Օրակարգի նիւթերը
- 11/25/2024