ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Ա.

ԳԱՌՆՈՒԿԻՆ ՄԱՍԻՆ

Եւ այն, թէ Միածինը Գառնուկ կը կոչէ, ասիկա տասը պատճառով.

Նախ՝ որովհետեւ գառնուկը մաքուր կենդանի է, նմանապէս մեր Տէրը Իր էութեամբ մաքուր էր, որովհետեւ մարմինով Աստուած է:

Երկրորդ, որովհետեւ գառնուկը պատարագելի է, եւ մեր Տէրը պատարագուելու համար եկաւ ու մարմնացաւ, ինչպէս կ՚ըսէ. «Ես եկայ՝ որպէսզի կեանք ունենան» (Յհ 10.10):

Երրորդ, որովհետեւ գառնուկը ինքն իր համար չի՛ զենուիր, այլ՝ ուրիշներուն համար, այդպէս ալ մեր Տէրը ըստ բնութեան օրէնքին մահուան ենթակայ չէր, սակայն մեզի համար [Իր] կամքով մահացաւ:

Չորրորդ, որովհետեւ գառնուկը լուռ է զենումի ժամանակ, այդպէս ալ մեր Տէրը մահացու չարչարանքներու ժամանակ առանց պատասխան տալու կեցաւ, ինչպէս կ՚ըսէ. «Ես չխօսող մարդու մը նման եղայ» (Հմմտ. Սղ 38.13):

Հինգերորդ, գառնուկը խոնարհ է, քան միւս բոլոր կենդանիները, իսկ մեր Տէրը կ՚ըսէ. «Հեզ եմ եւ սիրտով խոնարհ» (Մտ 11.29):

Վեցերորդ, որովհետեւ գառնուկը բնութեամբ անմեղ է, եւ մեր Տէրը մեղք չգործեց, եւ «Անոր բերանին մէջ նենգութիւն չգտնուեցաւ» (Հմմտ. Սղ 32.2):

Եօթներորդ, որովհետեւ բոլոր կենդանիներէն աւելի զօրաւոր ու պարարտ է գառնուկը, եւ մեր Տէրը կ՚ըսէ. «Ես եմ կեանքի հացը: Ով որ ուտէ այս հացէն, պիտի չանօթենայ» (տե՛ս Յհ 6.48, 50):

Ութերորդ, որովհետեւ անցեալի գառնուկը օրինադրուած էր, միշտ պատարագ մատուցել՝ առաւօտեան եւ երեկոյեան, մեր Տիրոջ օրինակով, որ ամէն օր եկեղեցւոյ մէջ միշտ կը պատարագուի առանց սպառելու:

Իններորդ, որովհետեւ զգեստներու նիւթը անկէ կ՚առնենք, այդպէս ալ մեր Տէրը՝ Քրիստոս, մեզի համար զգեստ եղաւ, ըստ այնմ. «Անգամ մը, որ Քրիստոսի միանալով մկրտուեցաք, այլեւս Քրիստոս է որ կ՚ապրի ձեր մէջ» (Գղ 3.27):

Տասներորդ, որովհետեւ Եգիպտոսի մէջ Իսրայէլի որդիները գառնուկներու զենումով փրկուեցան փարաւոնէն, այդպէս ալ մեր Տիրոջ պատարագումով մեր բնութիւնը սատանայէն ազատեցաւ, այդ պատճառով Գառնուկ կը կոչուի, քանի որ Ադամին դատապարտութիւնը վերացուց:

Այսքանը այս մասին:

Խօսք. «Ասիկա է» (Յհ 1.30):

Մեկնութիւն. Նախապէս վկայեցի եւ հիմա ալ կը վկայեմ, ինչպէս նախապէս ցոյց տրուեցաւ, իսկ՝ ինձմէ ետք կու գայ (Յհ 1.30), այսինքն՝ թէ Յովհաննէսէն ետք ճանչցուեցաւ, ետքը քարոզեց, ետքը մկրտուեցաւ, եւ այլն: Իսկ՝ ինձմէ առաջ գոյութիւն ունէր (Յհ 1.30), այսինքն՝ իմ առջեւս մարդ դարձաւ եւ իմ աչքերուս առջեւ՝ Բանը մարմին (մարդ) եղաւ, իսկ ինձմէ առաջ էր՝ Աստուածութեամբ, անսերմ ծնունդով, անապական մարմինով, մեղքերը վերցնելով, եւ այլն:

Խօսք. «Ես ինքս ալ չէի ճանչնար զԱյն» (Յհ 1.31):

Մեկնութիւն. Քրիստոսի էութիւնը գիտէր, որովհետեւ մարդացեալ Աստուածն էր, եւ յայտնի է, որովհետեւ որովայնին մէջ եղած ատեն երկրպագեց: Սակայն չէր գիտեր, նախ՝ թէ ինչպէ՞ս մարդ եղաւ: Երկրորդ, մարմինին դէմքը չէր գիտեր, որովհետեւ չէր ստեղծուած:

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ՄԿՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Ես եկայ եւ ջուրով մկրտեցի» (Յհ 1.31):

Մեկնութիւն. Յովհաննէսի մկրտութիւնը չորս պատճառով է. նախ՝ երբ ժողովուրդը մկրտուելու գայ, այնտեղ Քրիստոսի մասին վկայէ, որովհետեւ պատշաճ չէր իւրաքանչիւր քաղաք մտնել ու վկայել: Երկրորդ, որպէսզի Քրիստոսի մկրտութեան ընտելանան: Երրորդ, որպէսզի մեղքերը ապաշխարեն: Չորրորդ, որպէսզի Մովսէսի մկրտութիւնը նոր ձեւի մկրտութեան փոխէ:

Հարցում. Ինչպէ՞ս ճանչցաւ զՔրիստոս:

Պատասխան. Նախ՝ աստուածային յայտնութեամբ, որ ազդեց իր վրայ, երկրորդ՝ զգալի կերպով Սուրբ Հոգիին էջքով:

ՏԻՐՈՋ ՄԿՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Հարցում. Քրիստոս ինչո՞ւ համար մկրտուեցաւ:

Պատասխան. Վեց պատճառով.

Նախ՝ որպէսզի ջուրին զօրութիւն տայ Աստուծոյ որդիներ ծնիլ, ինչպէս Սուրբ Հոգին աշխարհի ստեղծման ժամանակ ջուրին զօրութիւն տուաւ կենդանիներու տեսակներ բխելու:

Երկրորդ, որպէսզի ճշմարիտ ընէ Յովհաննէսին վկայութիւնը, որ ըսաւ. «Անիկա ձեզ Սուրբ Հոգիով պիտի մկրտէ» (Մր 1.8):

Երրորդ, որովհետեւ մկրտութիւնը [որպէս] օրէնք կը դնէր հաւատացեալներուն, այդ պատճառով նախ Ինք մկրտուեցաւ, որպէսզի մենք սորվինք:

Չորրորդ, որովհետեւ ճիշդ չէր որ Ինք զԻնք մկրտէր, այդ պատճառով Յովհաննէսէն մկրտուեցաւ:

Հինգերորդ, մկրտութեամբ ցոյց տուաւ, թէ ինչպէս որ ջուրը մարմինին աղտը կը լուայ, այդպէս ալ Ես մարդոց հոգիներուն աղտը կը մաքրեմ:

Վեցերորդ, Հինին [Ուխտ] մէջ թլփատութիւնը հաւատացեալներուն նշանն էր, իսկ Նորին մէջ մեղքերուն թլփատութիւն տուաւ՝ սրբութեան Աւազանին միջոցով:

ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻԻ ԷՋՔԻ ՄԱՍԻՆ

Հարցում. Սուրբ Հոգին ինչո՞ւ համար Քրիստոսի վրայ իջաւ:

Պատասխան. Կարօտ ըլլալուն համար չէ, որովհետեւ Աստուածութեամբ էակից էր եւ արգանդին սրբիչ, այլ՝ չորս պատճառով Սուրբ Հոգին իջաւ. նախ՝ որպէսզի Հոգիով մկրտէ: Երկրորդ, Աստուծոյ Որդիին ցոյց տալու [որպէս] նշան: Երրորդ, որպէսզի մեր գլուխը ըլլալով անդամները տարածէ: Չորրորդ, որպէսզի ցոյց տայ, թէ մեր մկրտութեանն ալ Սուրբ Հոգին կ՚իջնէ:

Իսկ որ կ՚ըսէ՝ «...կը հանգչէր Անոր» կու տայ, որ Քրիստոսէն ետք, Իրմով մկրտուածներէն Սուրբ Հոգին պիտի չբաժնուի, ինչպէս նախապէս՝ երբեմն կ՚իջնէր ու երբեմն կը վերնար:

Հարցում. Մկրտութեան շնորհը ի՞նչ է:

Պատասխան. Վեց բան. նախ՝ որդեգրութիւն, երկրորդ՝ Սուրբ Հոգին, երրորդ՝ զանազան պարգեւներ, չորրորդ՝ մեղքերու սրբութիւն, հինգերորդ՝ պարտքերէ ազատում, վեցերորդ՝ Երկինքի Արքայութեան բացումը: Իսկ զՔրիստոս զգենուլը նոյն որդեգրութիւնն է, որ ըսուեցաւ: Իսկ թէ Հոգին ինչո՞ւ համար աղաւնակերպ էր, Մատթէոսի [Աւետարանի մեկնութեան] մէջ ըսուեցաւ:

ՎԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Ես տեսայ ատիկա եւ կը վկայեմ» (Յհ 1.34):

Մեկնութիւն. վկաներու երեք տեսակ ճշմարիտ են. նախ՝ տեսնուածը, երկրորդ՝ լսուածը, երրորդ՝ ըմբռնուածը: Ասոնցմէ տեսնուածը աւելի կը հաստատէ: Իսկ Յովհաննէսինը աւելի ճշմարիտ է. նախ՝ որովհետեւ տեսաւ Հոգիին իջնելը: Երկրորդ՝ Հօր ձայնը լսեց: Երրորդ՝ [իր] ձեռքով մկրտեց, ատոր համար կ՚ըսէ. «Ես տեսայ ատիկա եւ կը վկայեմ»:

Խօսք. «Սա՛ է Աստուծոյ Որդին» (Յհ 1.34):

Մեկնութիւն. Դա, սա եւ նա դերանուն են, ինչպէս Հայրը վկայեց. «Ա՛յդ [Դա՛] է Իմ Որդիս» (տե՛ս Մտ 3.17): Իմացումը չորս կերպ է.

Նախ՝ գիտելի է, թէ անունն է, որ բնութիւնը ցոյց կու տայ, ինչպէս՝ մարդ, եւ է՝ որ անձը, ինչպէս Պետրոս, եւ է՝ որ անձն ու բնութիւնը, ինչպէս՝ սա, դա, նա:

Երկրորդ՝ չ՚ըսեր, թէ ատոնք, որ երկու անձ է, եւ ո՛չ թէ, որ ասոր մէջ, որ երկու բնութիւն է, այլ կ՚ըսէ՝ Սա, որ Բանին եւ մարմինին միութիւնը ցոյց կու տայ:

Երրորդ՝ միտք. «Սա է» երեք գիր է, մէկը անձայն, միւս երկուքը՝ ձայնաւոր, որ Քրիստոսի մէջ երեք միութիւն է, այսինքն՝ միացած մարմին, Հոգի եւ Բան, որ Աստուծոյ Որդի կը կոչուի:

Չորրորդ՝ միտք. «Սա է», չ՚ըսեր՝ էր, որ անսկիզբը ցոյց կու տայ, այլ՝ Սա է, որ մշտնջենաւորը ցոյց կու տայ, որովհետեւ ինչպէս որ Բանը անսկիզբ է, նոյնպէս մարդկութիւնը անվախճան միացած է, ինչպէս Առաքեալը կ՚ըսէ. «Յիսուս Քրիստոս երէկ եւ այսօր, նոյն եւ յաւիտեան» (Եբր 13.8):

Իսկ Աստուծոյ Որդի ըսելը, այսինքն՝ բնութեամբ եւ ո՛չ թէ շնորհքով: Տե՛ս, թէ մարմինով է Միածին եւ ճշմարտութեամբ, ու բնութեամբ՝ Աստուծոյ Որդի, ինչպէս նախապէս անմարմին, նոյնպէս այժմ մարմինով կը խոստովանինք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը Միածին Որդի եւ ճշմարիտ Աստուած:

Ասիկա երրորդ վկայութիւնը, թէ Քրիստոս Աստուած է, ինչպէս ըստ կարգ ցոյց տրուեցաւ:

Խօսք. «Յաջորդ օրը Յովհաննէս դարձեալ հոն կեցած էր իր երկու աշակերտներուն հետ» (Յհ 1.35):

Մեկնութիւն. ասիկա երկու մասերու կը բաժնուի, որովհետեւ նախ՝ Յովհաննէսին վկայութիւնը կը դնէ, երկրորդ՝ վկայութեան պտուղը կը դնէ, մինչ կ՚ըսէ. «Անկէ [Յովհաննէսէն] լսեցին» (Յհ 1.37):

Առաջինին համար գիտելի է, թէ այս յաջորդ օրը, որ Աւետարանիչը կ՚ըսէ, երկու օրերու կարգով ըսուած չէ, եւ չորս բանէ յայտնի է. նախ՝ որովհետեւ կ՚ըսէ. «...Երրորդ օրը հարսանիքի էին» (տե՛ս Յհ 2.1), որովհետեւ եթէ կարգով էր, հարսանիքը պէտք է հինգերորդ օրը ըսուէր: Երկրորդ, որովհետեւ այստեղ կ՚ըսէ. «Ահաւասիկ Աստուծոյ Գառնուկը» (Յհ 1.29), որ ցոյց կու տայ, թէ բազմաթիւ օրեր անցած են միջոցին: Երրորդ, որովհետեւ անապտին մէջ Տէրը առանձին էր եւ ոչ ոք տեսաւ քառասուն օր: Չորրորդ, որովհետեւ Մարկոսը մկրտուելու նոյն պահուն կ՚ըսէ. «Հոգին տարաւ զԻնք անապատ» (Մտ 4.1: Մր 1.12), ապա միտքով տես, թէ այսպէս է, ան առաջին յաջորդ օրով մկրտութեան օրը կ՚ըսէ, իսկ ոմանք կ՚ըսեն, թէ այս մէջտեղի յաջորդ օրը մկրտութենէն մէկ տարի ետք է՝ երկու օր պակաս ըլլալով, որովհետեւ ըստ Եկեղեցւոյ Աւանդութեան, Քրիստոս մկրտութենէն մէկ տարի ետք նոյն օրը ջուրը գինիի փոխեց: Եւ այդ օրը այս օրէն երեք օր յետոյ է, իսկ յաջորդ օրը՝ ուրիշ օր մը, կամ միջոցին ինկող օր մը:

Խօսք. «...կեցած էր» (Յհ 1.35):

Մեկնութիւն. Ցոյց կու տայ Յովհաննէսի յօժարութիւնը, Քրիստոսի մասին բազմաթիւ անգամներ վկայելու, այսինքն՝ բազմաթիւ մարդոց մէջ եւ իր աշակերտներուն առջեւ մկրտելով եւ քարոզելով:

Խօսք. «...այդտեղէն կ՚անցնէր [Յիսուս]» (Յհ 1.36):

Մեկնութիւն. կը շրջէր:

Խօսք. «Քրիստոս՝ Աստուծոյ Գառնուկը» (տե՛ս Յհ 1.36):

Մեկնութիւն. Տե՛ս, մկրտութենէն ետք զԻնք Քրիստոս կը կոչէ, ինչպէս որ քահանան մկրտութեան ժամանակ անուն կը դնէ: Իսկ՝ Աստուծոյ Գառնուկը, նախ՝ ինչպէս որ գառնուկը ոչխարին ծնունդն է, այդպէս ալ Քրիստոս՝ Աստուծոյ Որդի է: Երկրորդ, գառնուկը ոչխարին բնութիւնը ունի, եւ Քրիստոս՝ բնութեամբ Աստուած է: Իսկ մնացածներ տասը միտքով ըսուեցան:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 13

Վաղարշապատ 

Երեքշաբթի, Յուլիս 30, 2019