ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԽՈՒՄԲԸ ԱՅՍ ՏԱՐԻ ՊԻՏԻ ՉՄԱՍՆԱԿՑԻ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒՆ

Համահայկական խաղերու Իսթանպուլի կարգադիր յանձնախումբը երէկ երեկոյեան սարքեց մամլոյ ասուլիս մը։ Գնալը կղզիի «Ճաշ» զբօսարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ասուլիսը։ Համահայկական խաղերու Իսթանպուլի կարգադիր յանձնախումբի ատենապետ Հայկարամ Քարասու եւ իր գործակից ընկերները այս առթիւ կարեւոր յայտարարութիւններ ըրին համայնքային մամլոյ ներկայացուցիչներուն։ Հայկարամ Քարասուի կողքին էին Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ Թաքսիմ մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Կարօ Համամճեան, որոնք Համահայկական խաղերու Իսթանպուլի կարգադիր յանձնախումբի փոխ-ատենապետները կը հանդիսանան։

Այս տարի Համահայկական խաղերու 20-ամեակն է։ Յոբելենական այս տարուան մէջ տեղի պիտի ունենան հերթական ամառնային խաղերը։ Ի տարբերութիւն սկիզբէն մինչեւ այսօր կազմակերպուած խաղերուն, մրցաշարքի բացումը եւ բազում փուլերը տեղի պիտի ունենան Արցախի մէջ։ Այս հանգամանքը իսթանպուլահայ համայնքի խումբի մասնակցութեան տեսակէտէ յառաջացուցած է բարդութիւն։ Խաղերու Արցախի մէջ կազմակերպման հանգամանքը իսթանպուլահայ խումբի մասնակցութեան տեսակէտէ յառաջացուցած է խոցելի վիճակ մը։ Արդարեւ, մեր համայնքը ցարդ առանց որեւէ խոչընդոտի կամ սահմանափակման մասնակցած է նման համահայկական ծրագրերու, որոնք տեղի ունեցած են Հայաստանի մէջ։ Բայց եւ այնպէս, այս անգամուան խաղերու Արցախի մէջ կազմակերպման հանգամանքը պատճառ դարձած է, որ շրջանառութեան մէջ մտնեն տարբեր արժեւորումներ եւ տարբեր զգայնութիւններ։ Արդարեւ, Թուրքիոյ դիրքորոշումը յստակ է տարածքաշրջանի խնդիրներուն կապակցութեամբ եւ Իսթանպուլի կարգադիր յանձնախումբի անդամները ունեցած են այն համոզումը, թէ Արցախի մէջ կազմակերպուելիք խաղերուն մասնակցութիւնը կրնայ խոտոր համեմատիլ մեր համայնքի անդամներու քաղաքացիական պատասխանատուութիւններուն։

Երէկ երեկոյեան տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ժամանակ Հայկարամ Քարասու եւ իր ընկերները մանրամասնօրէն բացատրեցին այս բոլոր հանգամանքները։ Անոնք տեղեկութիւններ տուին նաեւ անպատեհութիւններու յաղթահարման համար իրենց կողմէ գործադրուած ջանքերուն շուրջ։ Թէեւ այդ ջանքերը մնացած են ապարդիւն, սակայն արժանի են գնահատանքի։

Այս բոլորի լոյսին տակ Իսթանպուլի կարգադիր յանձնախումբը երէկ տեղեկացուց, որ մեր համայնքի խումբը այս տարի պիտի չկարենայ մասնակցութիւն բերել Համահայկական խաղերուն։ Այս պարագան թէեւ վաղուց արձագանգ գտած էր համայնքային շրջանակներէն ներս, սակայն Իսթանպուլի կարգադիր յանձնախումբը հետեւելով պատշաճութեան այդ որոշումը հանրային կարծիքին պաշտօնապէս ներկայացուց մամլոյ ասուլիսով մը։

Հայկարամ Քարասու սոյն որոշման հրապարակման զուգահեռ՝ յիշեցուց, որ իսթանպուլահայ խումբը ցայսօր կազմակերպուած բոլոր խաղերուն բերած էր խանդավառ մասնակցութիւն եւ այս տարուան համար ալ բոլոր պատրաստութիւնները աւարտած էին։ Եթէ մեր համայնքի խումբը մասնակցէր Համահայկական խաղերուն, ապա 9 մարզաձեւերու մէջ պիտի ներկայացնէր համայնքը։

Իսթանպուլի կարգադիր յանձնախումբի պաշտօնական յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ մարմնամարզը կը կամրջէ երկիրները, խաղաղութիւն ու եղբայրութիւն կը բերէ մարդկութեան։ Հաւատալով այս փիլիսոփայութեան, Իսթանպուլի կարգադիր յանձնախումբը Համահայկական խաղերը ստուերի տակ չթողելու եւ հաւանական խնդիրներու տեղի չտալու համար որոշած է այս տարի մասնակցութիւն չբերել։

Հայկարամ Քարասուի կողմէ հրապարակուած այս յայտարարութենէն վերջ, արտայայտուեցան նաեւ Ալէն Թեքպըչաք եւ Կարօ Համամճեան, որոնք եւս ցաւ յայտնեցին ստեղծուած իրավիճակին շուրջ։

Հաւաքոյթի տեւողութեան կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան իսթանպուլահայ մարզական կեանքին եւ մեր մարզակումբներու դիմագրաւած խնդիրներուն շուրջ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 1, 2019