ԴՐԱԿԱՆ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ

Մխիթարեան միաբանութիւնը վերջին օրերուն մամլոյ հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ Սեւրի Սամուէլ-Մուրատեան երբեմնի վարժարանի շէնքը տրուած այցելութեան բերումով։ Ինչպէս ծանօթ է, մօտաւոր անցեալին Արմէն Սարգսեան աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Փարիզ եւ այդ ծիրէն ներս փութաց Սեւրի պատմական դպրոցի համալիրը։ Նախագահ Սարգսեան այնտեղ հիւրընկալուեցաւ՝ գլխաւորութեամբ Մխիթարեան միաբանութեան առաքելական պատուիրակ Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանի, որ միեւնոյն ժամանակ Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ հասարակութեան վիճակաւորն է։ Արմէն Սարգսեանի այս այցելութիւնը ամբողջ հայաշխարհէ ներս վերստին օրակարգի վրայ բերաւ Մխիթարեան միաբանութեան պատմական առաքելութեան վերարժեւորման հրամայականը եւ անոր այժմ դիմագրաւած լուրջ մարտահրաւէրներու յաղթահարման ճանապարհին զօրակցութեան որոնումները։ Նախագահ Սարգսեանի այցելութեան լոյսին տակ Մխիթարեան միաբանութեան դիւանը Վենետիկէն հրապարակեց մամլոյ հաղորդագրութիւն մը՝ յուլիսի 26-ին։ Այդ հաղորդագրութիւնը ամբողջութեամբ լոյս տեսաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթին մէջ։ Ստորեւ արտատպելով կը ներկայացնենք այդ հաղորդագրութիւնը։

*

Մխիթարեան միաբանութիւնը հայ ժողովուրդի կարեւորագոյն եւ սրբազան հաստատութիւններէն մէկն է, հայ մշակոյթին եւ անոր հսկայ ժառանգութեան պահպանումին տուած բացառիկ ներդրումին համար:

Վերջին տասնամեակներուն Միաբանութիւնը դժուարին պահեր ապրեցաւ տնտեսական եւ իր աւանդական գործունէութիւններուն կազմակերպումի ծիրէն ներս: Այս շրջանակին մէջ, պատմական երկու վարժարանները՝ Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլեանը եւ Սեւրի Սամուէլ-Մուրատեանը՝ դադրեցան իրենց դպրոցական բնականոն գործունէութիւնը ծաւալելէ:

Յետ քանի մը «այցելուներու», Հռոմի Ֆրանսիսքոս Ա. Պապը անձամբ նշանակեց Գերապայծառ Լեւոն Զեքիեանը, որպէս պատուիրակ Մխիթարեան միաբանութեան: Գերապայծառ Լեւոն Զեքիեան, իր առաքելութեան որպէս գլխաւոր ծրագիր նպատակադրած է տնտեսական վիճակի բարելաւումը, հաշիւներու ճշդումը, վերադարձնել մշակութային գործունէութիւններուն իրենց աւանդական կենսունակութիւնը եւ պայծառութիւնը, ու մասնաւորապէս՝ վանական եւ քահանայական կեանքի նուիրեալ թեկնածուի կոչումներու աճի հոգատարութիւնը: Այս համապատկերին մէջ, Սեւրի պարագային, մեծ ճիգեր կը ներդրուին Մխիթարեան միաբանութեան այս հսկայ ժառանգութիւնը փրկելու տարբեր սպառնալիքներուն դէմ, որոնք առկայ դարձած են վարժարանի փակումէն ետք, վերակենդանացնելով պատմական տարածքները:

Արդարեւ, վարժարանի միութիւնը կը դիմագրաւէր բռնագրաւման սպառնալիքը, արդիւնք տարածքներու անմխիթար եւ անբնակ վիճակին, ելեկտրական համակարգի հնամաշ եւ հետեւաբար վտանգաւոր դրութեան, կանխիկ գումարներու չգոյութեան, որ անհնար կը դարձնէր դիմագրաւելու ամենափոքր ծախսերն անգամ, որոնց շարքին ապահովագրութիւնը, ինչպէս նաեւ գոյքահարկերը:

Ուստի Գերապայծառ Զեքիեանի նպատակադրած բարւոքման ու կենսագործման ծրագրին հիմնական դրոյթներն ու պայմանները, ճշգրտօրէն սահմանուած, կարելի է ամփոփել հետեւեալ կէտերուն մէջ.

- Հողի որեւէ վաճառք բացառուած է.

- Կը մշակուի նախագիծ մը, որ հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ վերանորոգելու պատմական շէնքերը (պալատ+թատերասրահ) եւ որու ծախսերը կը գնահատուին 5.000.000 եւ 8.000.000 եւրոյի միջեւ:

- Շինարարական նախագիծ մը, միմիայն ետեւի հողամասին վրայ, յստակօրէն սահմանափակուած՝ որպէսզի պատմական տարածքները (պատմական շէնքերը եւ պարտէզները) չտուժեն:

- Պահել Միաբանութեան՝ պատմական կալուածներու տնօրինման եւ կառավարման իրաւունքը։

- Թոյլատրել վարձակալութեան գումարներու հաւաքումը, որոնք անհրաժեշտ են տարածքներու պահպանման եւ պատմական վայրերու շահագործման համար (գրադարան, հիւրասրահներ, 200 տեղանոց թատերասրահ, 36 ինքնաշարժի կայանատեղեր եւ այլն):

Գրեթէ 30 տարիներէ ի վեր այս վարժարանը փակուած է եւ անոր շէնքերը լքուած էին:

Շատ մը մշակութային եւ համայնքային ծրագրեր մշակուած են, բայց տարբեր պատճառներով երբեք չեն իրագործուած, որոնց մասին իւրաքանչիւր անհատ, ի հարկէ, կրնայ անձնական կարծիք ձեւացնել եւ սահմանափակ տեղեկութիւններու պատճառով տարբեր ձեւով մեկնաբանել:

Ծրագրերէն իւրաքանչիւրը կը պահանջէր տնտեսական ապահովութիւն եւ կառավարում: Այս երկու հիմնական կէտերու շուրջ ո՛չ մէկ երաշխիք տրուած էր, ապահովելու համար ծրագրերու երկարաժամկէտ իրականացումը:

Ինչ կը վերաբերի «Սեւր 2015» նախագիծին, որմէ հրաժարումը վերջերս որոշ լրատու միջոցներ վերագրեցին Գերապայծառ Զեքիեանի որոշումին, անուանարկիչ տեսութիւններ ստեղծելու համար, խնդրոյ առարկայ նախագիծը արդէն իսկ լքուած էր, ինչպէս յստակօրէն յայտնի է դիւաններէն, երբ Գերապայծառ Զեքիեանը ստացաւ իր պաշտօնը 2016 յունիսին: Նոյն տարուան նոյեմբերին եւ դեկտեմբերին, Գերապայծառ Չեքիեանը, ինքն ալ, փորձեց վերամշակել նախագիծը, հակառակ զինք նախորդող Հայրերու կարծիքին: Այս փորձին եւ անոր զարգացումներու մասին գոյութիւն ունի ճոխ նամակագրութիւն մը Գերապայծառ Զեքիեանի եւ ծրագրի ներկայացուցիչներուն միջեւ: Բայց անգամ մը եւս այդ փորձերը չյաջողեցան:

Ներկայիս նախատեսուող ծրագրերը թոյլ կու տան բնակարանային շինարարութիւն իրականացնել միայն հողատարածքի ետեւ գտնուող բաժինին ամենաբարձր դիրքին վրայ, որ Պալատի հիւսիսային ճակատէն 32 մեթրէն աւելի անդին կը գտնուի (այս կառոյցները 25%-ը կը կազմեն հանրային բնակարաններու պարտադրուած Սեւրի քաղաքաշինական Տեղական ծրագրի կամ հողի օգտագործման ծրագրին): Այս ծրագրերը թոյլ կու տան մասնաւորապէս պատմական շէնքերու վերանորոգումը եւ պահպանումը, որոնք յետագային պիտի կարենան հիւրընկալել նաեւ տեղւոյն հայ համայնքի մշակութային ծրագրերը, որոնք պէտք է ապահովեն գիտական եւ մշակութային բարձր մակարդակ եւ լրջութիւն, ընդառաջելով համայն հայ համայնքի մշակութային կարիքներուն:

Պէտք է նշել, որ շինարարութեան համաձայնագրի աւարտին, ամբողջ բնակելի կառոյցը Միաբանութեան կը վերադառնայ օգտագործման կատարեալ վիճակով, որ այդ օրուընէ տարեկան պիտի ստանայ աւելի քան 2.500.000 եւրոյի համարժէք գումար մը (2019-ի ցուցանիշով): Նկատի պէտք է առնենք, որ տուեալ գործառութիւնը հնարաւորութիւն կու տայ Միութեան՝ գանձելու հողին արժէքէն աւելի մեծ գումար մը, ինչ որ այլապէս անսպասելի է:

Այս գործարքը հնարաւոր դարձաւ շնորհիւ անշարժ գոյքի մասնագէտներու արհեստավարժութեան, որ դիմեցին ֆրանսական մեծագոյն նախաձեռնողներու եւ վարձակալներու, որոնց վարկը եւ լրջութիւնը անսակարկելի է:
 Այս ծրագրի իրականացման հետ կապուած բոլոր վարձատրութիւնները ֆրանսական անշարժ գոյքի ոլորտին կողմէ ընդունուած կարգին համաձայն են եւ պիտի ստանձնուին շինարարներուն կողմէ եւ ոչ թէ Միաբանութեան:

Բազմաթիւ եղան այս ծրագրին հետ կապուած հակազդեցութիւնները, մերթ բուռն, որ կը հայելացնեն միաժամանակ համայնքին կապուածութիւնը այս մեր պատմական ժառանգավայրին։ Հաւանօրէն բաւարար տեղեկութիւններու բացակայութիւնը եւ կամ նախապաշարումներ կրնան բացատրել նման կացութիւններ, որոնց մեկնաբանութիւնը անիմաստ եւ նպատակավրէպ կը նկատենք:

Պատրաստ ենք ընդունելու որեւէ տեղեկութեան խնդրանք: Տրամադիր ենք նաեւ լսելու այլ ծրագրեր, որ համապատասխանեն վերոնշեալ նպատակներուն եւ Միաբանութեան պայմաններուն։ Կրկնենք դարձեալ, որ ծրագրին յաջող ընթացքը պիտի փրկէ պատմական կառոյցները, որոնք պիտի կարենան հիւրընկալել համայնքի մշակութային գործունէութիւնները:

Ուրբաթ, Օգոստոս 2, 2019