ՇՈՒՇԻԻ ՄԷՋ ԱՍՄՈՒՆՔԻ ՓԱՌԱՏՕՆ

29 յուլիս-2 օգոստոս թուականներու միջեւ, Շուշիի մէջ տեղի ունեցաւ Ասմունքի համահայկական 8-րդ փառատօնը, որուն մասնակցեցան 9-18 տարեկան 130 պատանիներ Արցախէն, Հայաստանէն, Ջաւախքէն, Ռուսաստանէն, Իրանէն, Լիբանանէն եւ Միացեալ Նահանգներէն:

Փառատօնին հովանաւորն էր Հայ կրթական հիմնարկութիւնը՝ գլխաւորութեամբ բարերար Ալեք Պաղտասարեանի, որուն անմիջական ներդրումներով Ջաւախքի խումբը կրցաւ մասնակցիլ փառատօնին, որ նուիրուած էր Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակին եւ կը կրէր «Հայրենի հողը կանչում է մեզ» խորագիրը:

Այս տարուան փառատօնին Ջաւախքէն կը մասնակցէին Ախալցխայի, Ախալքալաքի եւ Նինոծմինտայի երիտասարդական կրթական-մշակութային կեդրոններու 10 աշակերտներ, որոնք ներկայացուցին Յովհաննէս Թումանեանի, Վահան Տէրեանի, Յովհաննէս Շիրազի, Վահագն Դաւթեանի եւ այլ բանաստեղծներու ստեղծագործութիւններ։

Դատակազմը փառատօնի 130 մասնակցողներէն յաղթող նկատեց երկու տարիքային (9-13 եւ 14-18 տարեկաններ) խումբերու 8 մասնակցողներ:

Ջաւախքէն 10 տարեկան Զոյա Ղարսլեան արժանացաւ երրորդ կարգի վկայականի, բազմաթիւ յուշանուէրներու եւ գիրքերու: Իսկ միւս մասնակցողները արժանացան պատուոյ գիրերու, յուշանուէրներու եւ գիրքերու: Նուէրներ տրուեցան նաեւ Արցախի Մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան եւ «Գուրգէն Մելիքեանի՝ Քաշաթաղի բազմազաւակ ընտանիքներու հիմնադրամ»ին կողմէ:

Բաց աստի, մրցանակաբաշխման արարողութեան ներկայ գտնուեցան Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, Արցախի թեմակալ առաջնորդ Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան եւ այլ բարձրաստիճան հիւրեր։

Միւս կողմէ, փառատօնին մասնակցողներուն համար կազմակերպուեցան շրջապտոյտներ դէպի Արցախի պատմամշակութային վայրեր: Ջաւախքէն մասնակցողները այցելեցին նաեւ Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզը, ուր տնօրէն Նելլի Ղուլեան ներկայացուց նորակառոյց մանկապարտէզին հիմնադրման պատմութիւնը եւ «Հովանաւորներու ծառ»ին մանրամասնութիւնները:

Մասնակցողները շրջեցան մանկապարտէզի բոլոր բաժիններուն մէջ եւ զրուցեցին փոքրիկներուն հետ: Անոնք նաեւ այցելեցին Ստեփանակերտի նորաբաց եկեղեցին:

Ուրբաթ, Օգոստոս 9, 2019