ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ վերջերս Փարիզ տրուած աշխատանքային այցելութիւնը եկած է ընդգծել սփիւռքեան օրակարգին տեսակէտէ հրատապ խնդիր մը։ Նախագահ Սարգսեան Մխիթարեան միաբանութեան Սեւրի Սամուէլ-Մուրատեան վարժարանի շէնքը այցելելով՝ հիւրընկալուեցաւ Առաքելական պատուիրակ Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանի կողմէ, որ միեւնոյն ժամանակ վիճակաւորն է Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց։ Այս այցելութեան արձագանգները կը շարունակուին հայաշխարհէն ներս։ Արդարեւ, սա պարզ այցելութիւն մը չէր եւ ունէր իր պատգամը։
Սփիւռքի մէջ հայկական վարժարաններու ցանցը երկար ժամանակէ ի վեր կը դիմագրաւէ տերեւաթափ մը։ Լայն զանգուածներ թերահաւատ դարձած են հայ դպրոցին ու անոր առաքելութեան հանդէպ։ Թէեւ սկզբունքօրէն այս ուղղութեամբ վերջնականօրէն համոզուելու համար բաւարար հիմքեր չկան, սակայն գործնականօրէն պատկերը ցոյց կու տայ հետեւեալը. այն լծակները՝ հոգեւոր կամ աշխարհիկ, որոնք կը տնօրինեն հայութեան հաւաքական ազգային հարստութիւնը, այլեւս հակուած չեն դասական իմաստով հայեցի դաստիարակութեան համար միջոցներ տրամադրել։ Վաղուց պարզ է նաեւ, որ ժողովրդական որեւէ պոռթկում կամ հասարակական կամքի որեւէ դրսեւորում բաւարար պիտի չըլլան՝ առկայ ընթացքը կասեցնելու համար։ Այս կտրուածքով հաշուեկշիռը կը մնայ պատմութեան։ Ամբողջ Եւրոպայի տարածքին այսօր մնացած են միայն սակաւաթիւ հայկական նախակրթարաններ կամ միջնակարգեր։ Գոյութիւն չունին լիսէներ։ Ֆրանսահայ համայնքէն ներս որոշ շրջանակներու կողմէ թէեւ յառաջ կը տարուին դպրոցաշինական կարգ մը ծրագրեր, սակայն տակաւին շատ վաղ է՝ ճակատագրի փոփոխութեան ուղղութեամբ յուսադրուելու համար։ Միջանկեալ յիշեցնենք, որ Պոլիսը որոշ չափով կը կազմէ բացառութիւն՝ առանց խորանալու մտահոգիչ հեռանկարներու մէջ։
Եկուր-տես, որ խնդիրը այսքանով սահմանափակուած չէ։ Փակուած հայկական վարժարաններու շէնքերը կը խորհրդանշեն մեծ խնդիրներ։ Անոնք թէեւ համազգային հարստութիւն կը համարուին, սակայն, նեղ շրջանակներու կողմէ դատապարտուած են անարդիւնաւէտութեան։ Սփիւռքեան առկայ մեծ անելի մարմնաւորման վերածուած ըլլային կարծես։ Հարցականներու, մտահոգութիւններու, վտանգներու եւ բամբասանքներու, ազդեցութեան պայքարներու հատման կէտին վրայ այդ շէնքերը կը մնան լքուած, անորոշութեան դատապարտուած։
Նախագահ Արմէն Սարգսեանի այցելութեան շնորհիւ հայութեան կարեւոր մէկ հատուածը վերահասու դարձաւ՝ Սեւրի Սամուէլ-Մուրատեան վարժարանի շէնքի ապագայ արժեւորման ճանապարհին այժմու նախաձեռնութիւններուն, զանազան ակնկալութիւններով, մտադրութիւններով եւ խմորումներով հանդերձ։ Դժբախտաբար, Զեքիեան Գերապայծառ յայտնեց, որ վարժարանի վերաբացման ուղղութեամբ յոյս մը չկայ, սակայն Արմէն Սարգսեանի այցելութեան օրը ան ըրաւ կարեւոր յայտարարութիւններ եւ տուաւ ուշագրաւ բացատրութիւններ։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնական կայքէջին վրայ ընդարձակ տեսանիւթ մը զետեղուած է՝ Արմէն Սարգսեանի Սեւրի Սամուէլ-Մուրատեան վարժարանի շէնքը տուած այցելութեան մասին։ Այդ տեսանիւթին մէջ երեք առիթներով կամ երեք բաժնով տեղ տրուած են Զեքիեան Գերապայծառի խօսքերուն։ Այդ երեք փուլերէն մին է գերապայծառին ողջոյնի խօսքը՝ ուղղեալ նախագահին։ Ան միւս փուլերուն արտայայտուած է ուղղակի տեսախցիկի առջեւ, երբեմնի դպրոցի համալիրէն ներս։ Յամենայնդէպս, տեսանիւթի այդ երեք արտայայտութիւնները կը կազմեն ամբողջ մը։
Նկատի ունենալով Զեքիեան Գերապայծառի խօսքին շահեկան բնոյթը, նաեւ նիւթին այժմէականութիւնը՝ ստորեւ կը ներկայացնենք իր խօսքերուն սղագրութիւնը։ Երեք փուլով ներկայացուած այդ խօսքերը մեր կողմէ միացուած են՝ ըստ արծարծուած խնդիրներէն եւ պաշտօնական կայքէջի տեսանիւթէն բխած տրամաբանութեան։ Անշուշտ, սղագրութեան ժամանակ բծախնդրութիւն ցոյց տրուած է գերապայծառի բերնէն հնչածին հաւատարիմ մնալու ուղղութեամբ։ Միւս կողմէ, սակայն, խմբագրման տեսակէտէ անհրաժեշտ դարձած են կարգ մը չնչին միջամտութիւններ՝ խօսակցական լեզուն գրաւորի վերածելու ճանապարհին։
Մեր այս մուտքի ծանօթութեան մէջ նշենք, որ սոյն նիւթին շուրջ ֆրանսահայ մամուլին մէջ քննադատութիւններ ալ կը հասցէագրուին գերապայծառին։ Նոյնիսկ կան կարգ մը կազմակերպութիւններ, որոնք կը պնդեն, թէ իրականութեան մէջ իրենք են կամ կրնան ըլլալ բո՛ւն իրաւատէրը կամ տնօրինողը՝ Սեւրի Սամուէլ-Մուրատեան երբեմնի վարժարանի շէնքի պարագային։ Մանաւանդ Փարիզի մեր պաշտօնակից «Նոր Յառաջ» թերթը տեղ կու տայ այդ հարցերուն։ Այսպէս, ըստ այդ լուրերուն, իրականութեան մէջ խնդրոյ առարկայ կալուածը կը պատկանի ո՛չ թէ Մխիթարեաններուն, այլ՝ «Association du Collège Arménien- Fondation Samuel Moorat - 1846» անունով՝ 1901ի ֆրանսական օրէնքին հիմքով կազմուած ընկերակցութեան մը, անոր կանոնադրութիւնը պաշտօնապէս հաստատուած է 1949ին եւ անկէ ի վեր ալ փոփոխութեան չէ ենթարկուած։ Այդ ընկերակցութիւնը բաղկացած է թէ՛ Մխիթարեան հայրերէ, թէ ալ աշխարհականներէ (ոչ թէ միայն Մխիթարեան հայրերէ) եւ ան է, որ իսկական տէրն է Սեւրի Մխիթարեան վարժարանի կալուածին։
Մենք այդ բոլորը չենք անտեսեր, սակայն յարմար չենք դատեր, նպատակայարմար չենք նկատեր անոնց մէջ խորանալ։ Զեքիեան Գերապայծառի խօսքերուն տեղ կու տանք՝ համոզուած ըլլալով, թէ անոնց արժէքը պայմանաւորուած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ներկայութեամբ հնչած ըլլալու հանգամանքով։
*
Պարոն նախագահ,
Կը փափաքիմ երկու խօսք ըսել ողջոյնի, բարի գալուստի՝ ո՛չ միայն իմ անունով, ո՛չ միայն նաեւ այստեղի իմ փոխանորդիս՝ Հայր Յարութիւն Վարդապետ Պզտիկեանի անունով, այլ՝ ամբողջ միաբանութեան անունով այս պատմական կառոյցին մէջ։ Իմ կարծիքով, Մխիթարեան միաբանութեան կրթական առաքելութեան դարաւոր հոլովոյթին մէջ, ինչ որ քիչ առաջ կ՚ըսէինք, հարիւրէ աւելի վարժարան ունեցած ենք, բայց երկու ոսկեղէն, մանաւանդ թէ ադամանդեայ օղակները եղած են՝ Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանը եւ Սեւրի Սամուէլ-Մուրատեան վարժարանը։ Բարի եկաք, ինչպէս դուք ըսիք արդէն, այստեղը ձեր տունն է, մեր բոլորի տունն է, հայութեան տունն է այստեղ եւ ինչպէս ամբողջ Մխիթարեան միաբանութեան միա՛կ նպատակը եղած է. Մխիթար Աբբահայր երբ Հայկազեան բառարանը կը յօրինէ, եթէ, կ՚ըսէ, մէկ դուզնաքեայ հայու այս գիրքը, այս աշխատանքս տասն տարիներու նպաստաւոր պիտի ըլլայ, ես արդէն լրիւ վարձատրուած եմ, կ՚ըսէ։ Եւ այս եղած է բոլոր հաստատութիւնները վարող, կառավարողներուն միտք բանին, հիմնական սկզբունքը։ Բնականաբար, ինչպէս ըսի, գաղտնիք մը չէ, ամէն մարդ գիտէ, որ միաբանութիւնը վերջին տասնամեակներուն բաւական դժուար օրեր անցուց, բայց ես վստահ եմ, այսինքն իբր հաւատքի մարդ կ՚ըսեմ ասիկա, որովհետեւ հաւատացեալ եմ, եւ կը կարծեմ ամէնքս ալ հաւատացեալ ենք, որ Աստուած այս միաբանութեան հետ է։ Տիրամօր այդ եղիցին, որ Սեւանի կղզիին մէջ արտաբերուած է, որուն նկարները տեսանք, ատիկա յարատեւ կը հնչէ եւ Մխիթար Աբբահայրն ալ իր միաբանութիւնը պիտի չթողու։ Եւ այսօր իբր երաշխիք մը կը նկատեմ այս մեր մնայուն գետնի վրայ նաեւ ձեր այցելութիւնը եւ այն համահայկական հետաքրքրութիւնն է, որ կայ եւ վստահ եմ, որ այս նեղ հանգրուանէն դուրս պիտի գանք։ Ձեր խորհուրդները, ձեր իմաստուն խորհուրդները, արդէն երկու ժամ որ խօսեցանք, ինծի համար մեծապէս լուսաբանիչ եղան եւ վստահ եմ, թէ ձեր խորհրդակցութիւնը, նաեւ ձեր հեղինակութեան կշիռը, ծանրութիւնը պիտի չպակսին մեր բոլոր նախաձեռնութիւններէն։ Միայն Սեւրը չէ, վստահ եմ, որ Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ ձեր յատկապէս եւ բոլոր հայութեան օժանդակութեամբ, Մխիթարեան միաբանութիւնը պիտի սկսի դարձեալ դառնալ այն մեծ, հայութիւնը մագնիսող կեդրոններէն մէկը՝ մանաւանդ սփիւռքի տարածքին, մանաւանդ այստեղ։ Այնպէս որ ես այս վստահութեան մէջ եմ, բարի եկաք, հազար բարի եւ յաճախ կը սպասենք ձեզի Փարիզ, Վենետիկ, ամէն տեղ։
Այսօր պատմական, մեծ օր մըն է, որովհետեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը կ՚այցելէ Մխիթարեան այս պատմական վարժարանը՝ Սեւրի Սամուէլ-Մուրատեան վարժարանը, որ սկզբնաբար հիմնուած է Փատովայի մէջ, յետոյ տեղափոխուած է Փարիզ եւ այս շէնքին մէջ սկսած է գործել 1928 թուականին եւ դպրոցը պարագաներու բերմամբ 1997 թուականին փակուած է։ Միջնակարգ բարձրագոյն կրթութեան օրրան էր եւ շատ մեծ սերունդներ հասած են այստեղ եւ այդ թուականէն ի վեր դպրոցը, բնականաբար այս արտաքին տեսքը տակաւին բարւոք է, բայց ներքին բաժինները ո՛չ այնքան բարւոք, եւ այսպէս, այստեղ միօրեայ վարժարան մը գործած է եւ այլն։ Ինչպէս է նաեւ շատ մը Մխիթարեան հաստատութիւններու պարագան զանազան երկիրներու մէջ, ինչպէս նաեւ Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանի պարագան, Վենետիկ։
Երբ 2014 թուականին ինծի պատասխանատուութիւն յանձնուեցաւ՝ Հռոմի Պապի Ֆրանսիսքոսի կողմէ, որպէսզի միաբանութեան ղեկը վերցնեմ, թէեւ դժուար կամ շատ դժուար պայմաններու մէջ յանձն առի, որովհետեւ նաեւ այս Մխիթարեան տունը իմ օրրանս է։ Այս բանին երբ ես առարկեցի՝ պատասխանատուութեան դժուարութեան պատճառով, պէտք է ըսեմ, որ Կարտինալ Սանտրին, որուն հանդէպ մեծ յարգանք ունիմ բացի իր կարգէն նաեւ անձնապէս, ըսաւ, որ սրբազան ասիկա քու օրրանդ է, քու խանձարուրքդ է, դու չես կարող քու օրրանդ ուրանալ, ուրեմն ըսաւ, պարտաւոր պիտի երթաս։ Եւ ընդունեցի եւ բնականաբար որովհետեւ նաեւ տարիքս յառաջացած է, ես 76 տարեկան մարդ եմ, հետեւաբար, չեմ կրնար երազներով օրօրուիլ, խօսքերով օրօրուիլ, պէտք է որ գործենք։ Առաջին՝ կ՚ուզեմ յայտարարել, որ մեր բոլոր այս Մխիթարեան հաստատութիւններու մէջ, ըսենք, վերանորոգման գործընթացի մը սկսած ենք։ Հիմնական կարգ բանին այն է, որ պատմական, մշակութային արժէք ներկայացնող շէնքերը բացարձակապէս վաճառքի առարկայ չեն, չեն ծախուիր՝ պարզ խօսքով։ Հետեւաբար, այս կալուածը՝ 13.500 քառակուսի մեթր տարածութեամբ, կը մնայ ամբողջութեամբ միաբանութեան կալուածը եւ իբր բարոյական կալուած, անշուշտ, հայութեան կալուածը։ Այս կերպն ալ կ՚ուզեմ շեշտել։ Երբեմն այս տեսակ գաղափարներ կը յայտնուին՝ պէտք է զանազանել միշտ բարոյական հարթակը եւ իրաւական հարթակը։ Բոլոր հայկական հարստութիւնը՝ Մատենադարանէն մինչեւ Երուսաղէմ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն մինչեւ Վենետիկ, բոլոր հայութեան կալուածները… Բայց կայ իրաւական կարգ մը, կան իրաւասու մեծաւորներ, որոնք ունին տուեալ պահուն պատասխանատուութիւնը՝ այդ կալուածները մատակարարելու։ Հետեւաբար, մեր այստեղի հիմնական նպատակն է հետեւեալը. սա պահուս դպրոցի, միջնակարգ դպրոցի, միջնակարգ բարձրագոյն դպրոցի առումով, իմ կարծիքովս հնարաւոր չէ։ Բայց, այստեղ, ուրեմն, խորհած եմ՝ հայագիտական մեծ կեդրոնի մը մասին, միջազգային չափանիշով, Փարիզի մէջ։ Ո՛չ միայն Եւրոպայի, այլ՝ մեր պատմական սփիւռքի կամ գաղութներու, արեւմտեան գաղութներու ամենակարեւոր կեդրոններէն մէկը եղած է, ուրեմն, Փարիզի մէջ ստեղծել այդ պատմութեան արժանի եւ այս շէնքին պատմութեան արժանի հայագիտական կեդրոն մը, որ ունենայ իր հետազօտական, գիտահետազօտական մասը, բաժինը, ունենայ իր հանդիսաւորութեան բաժինը, այստեղ կազմակերպել, ենթադրենք, այս տարի Կոմիտասի յոբելեանը, ահաւասիկ այստեղ պէտք է մեծ յոբելեան մը կատարել, կամ Թումանեանի յոբելեանը եւ այսպիսի նման ամէն տարի մէկ յոբելեան կրնանք ունենալ, մեծ յոբելեանները նշել այստեղ, նաեւ ուսումնասէրներու համար հիւրընկալման վայր մը դարձնել։ Այստեղ ունինք արդէն խոստումներ, բաւական մեծ հայագիտական գրադարանի մը հնարաւորութիւն եւ բնականաբար այդ անձերն ալ, որոնք նաեւ ինծի պէս որոշ տարիք մը ունին, կը սպասեն, որ ժամ առաջ եզրակացութեան մը յանգին մեր ծրագիրները եւ չմնան, ինչպէս 20-30 տարիներ մնացած են, այսպէս օդէն կախուած։ Ուրեմն, այս է հիմնական նպատակը, որ այստեղ կը լինի մեծ հայագիտական կեդրոն մը միջազգային չափանիշով, իսկ ետեւի բաժնին մէջ կը խորհինք նաեւ կառուցել, ըսենք, հասութաբեր վայր մը եւ այստեղ ունինք մենք զանազան խօսակիցներ, որոնց հետ կրնանք գործել։ Բայց սա ալ կ՚ուզեմ յայտարարել, որ ինչպէս ըսի, ժամանակը շատ ընդարձակ չէ, շատ լայն չէ, չեմ կրնար 5-6 տարիներ սպասել։ Բայց յառաջիկայ ութ ամիսներու ընթացքին որեւէ կազմակերպութիւն, որեւէ հայկական հաստատութիւն, որեւէ անհատ երեւան գայ եւ առաջարկէ պայմաններ լաւագոյն, անշուշտ, քան նաեւ այն պայմանները, որոնք սա պահուս մեզի կ՚առաջարկուին, անկասկած է, որ դուռը բաց է եւ անմիջապէս սեղան կը նստինք բանակցելու համար, քննելու, քննարկելու համար պայմանները եւ հասնելու համար եզրակացութեան։
Նախագահի հետ բոլոր այս հարցերը քննարկեցինք, միասին եւ ես պարոն նախագահին վաղուց ծանօթ եմ։ Հետեւաբար, ինծի համար մեծ երջանկութիւն է այսօր, ինծի համար այս դպրոցին պատմական օրերէն մէկն է։ Կը կարծեմ, թէ թերեւս առաջին առիթն է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ մը կ՚ընդունինք այստեղ։ Հաւանօրէն Լեւոն Տէր-Պետրոսեանն ալ այցելած ըլլայ այստեղ, բայց, այսինքն, երեւոյթ մը չէ, որ ամէն օր կը պատահի. հարիւր տարուան մէջ մէկ կամ երկու անգամ, եթէ երկու անգամ պատահած է։ Այսօր այդ պատմական մեծ օրերէն մէկն է, դարաշրջանային օրերէն մէկն է։ Մեծ բան է նաեւ, որովհետեւ ես բացի նախագահի բարձրաստիճան հեղինակութենէն, որուն հանդէպ միշտ յարգանք ունիմ անվարան, բայց նաեւ պարոն նախագահը կը նկատեմ՝ իբր շատ իմաստուն, շատ բանիմաց անձնաւորութիւն մը եւ իր նախագահութիւնը կը նկատեմ մեր հայրենիքին, մեր հայոց աշխարհին համար Աստուծոյ մէկ պարգեւը։ Այնպէս, որ այսօրուայ տեսակէտէ շատ ուրախ եմ եւ արդէն մեր խօսակցութեան ընթացքին ալ շատ օգտակար թելադրանքներ կատարեց։