Ո՞Վ ՄԱՏԸ ՊԻՏԻ ԴՆԷ ՈՃԻՐԻՆ ԲՈՒՆ ՊԱՏՃԱՌԻՆ ՎՐԱՅ…

Կիրակի, 4 օգոստոսին Միացեալ Նահանգներ անգամ մը եւս ցնցումի ենթարկուեցաւ ահաւոր ոճիրի մը պատճառով. Թեքսասի Էլ Փասօ քաղաքը, մանրամասնելով՝ անոր մէկ գերվաճառատունը, բեմ դարձաւ արիւնալի դէպքի մը, որ խլեց առնուազն 20 զոհ, պատճառեց 26 կամ 40 վիրաւոր, ահ ու սարսափի մատնեց բազմահազար գնորդներ ու իր արձագանգները տարածեց աշխարհով մէկ:

Մանրամասնութիւններ հաղորդուեցան ժամ առ ժամ, յետմիջօրէին յստակ դարձաւ, որ ոճրագործը անցեալ շաբաթ 21-րդ տարեդարձը տօնած երիտասարդ մըն է, յետոյ սկսան հոսիլ այլ տեղեկութիւններ ու մեկնաբանութիւններ. ան Էլ Փասոյէն չէ, այլ Թեքսասի մէկ այլ՝ Էլըն քաղաքէն, յայտնապէս անհաւասարակշիռ մըն է, այս արարքին դիմած կրնայ ըլլալ օտարականներու կամ թխամորթներու հանդէպ ատելութեան զգացումներէ մղուած, զոհերուն մէջ կան 2-էն 83 տարեկան անմեղ գնորդներ: Ոստիկանութիւնն ու ապահովութեան սպասարկութիւններ դէպքին վայրը հասած են առաջին կրակոցէն 6 վայրկեան ետք, քննութիւնները կը ծաւալին տարբեր ուղղութիւններով՝ «ստուգելու համար, թէ արարքը պէտք է դասել ատելութեա՞ն ոճիրներու ցանկին, թէ՞ զայն նկատել ահաբեկչութիւն»:

Որոշ ժամանակ տրամադրեցի՝ հետեւելու դէպքին եւ բացուած քննութիւններուն զարգացումներուն: Ոստիկան պատասխանատու մը, կառավարիչն ու ներկայացուցչական այլ դէմքեր մամլոյ ասուլիս մըն ալ տուին, արդարօրէն ցաւ ու զայրոյթ արտայայտեցին՝ անվերապահօրէն դատապարտելով արարքն ու ոճրագործը: Անկեղծ յուզումը ակներեւ էր: Նախագահէն սկսեալ մինչեւ թեկնածուներ ու պետական անձնաւորութիւններ միացան ցաւի ու դատապարտանքի արտայայտութեանց: Ո՛չ մէկուն արտայայտութեան անկեղծութիւնը կասկածի տակ առնելու պատճառ ունիմ: Լրատու աղբիւրներ ալ ցասումով յիշատակեցին, որ սա հաւաքական սպանդի երրորդ արարքն էր մէկ շաբթուան ժամանակամիջոցին, իսկ 249-րդը՝ տարեսկիզբէն ի վեր:

Եւ… սպասեցի. սպասեցի, որ մարդիկ քիչ մըն ալ խօսին նման ոճիրներու բուն պատճառին, անոնց մղում տուող «աներեւոյթ» դրդապատճառներո՛ւն մասին: Օրինակ՝ ըսեն, որ նման արարքներ ուղղակի կամ անուղղակի քաջալերանք կը ստանան զէնքերու վաճառքը թոյլատրող օրէնքներու, պետական այս կամ այն «խելամիտ» պատասխանատուին «հայրենասիրական» արտայայտութիւններուն, տակաւի՛ն, մանուկին ու պատանիին մէջ նման հոգեվիճակներ ցանող ու աճեցնող ժապաւէններու, համակարգչային խաղերու եւ հազար ու մէկ այլ աղբիւրներու պատճառով: Նման ախտաճանաչումներ, գոնէ՝ դէպքին յաջորդող քանի մը ժամերուն, մեծ բացական էին լրատու-քարոզչական բեմերէն: Հա՛, արդար ըլլալու համար պէտք է ընդունիմ, որ զէնքի մասին խօսք եղաւ. ըսուեցաւ, որ ոճրագործ երիտասարդը գործածած է կիսաինքնագործ գնդացիր մը, յայտնի չէ, թէ ան ինչպէ՛ս ձեռք բերած է զէնքը, սակայն ոչ մէկ խօսք՝ թէ նման զէնքեր ինչո՞ւ պէտք է ազատօրէն վաճառուին, մինչեւ իսկ՝ արտօնագիրով: Իսկ դուք վերջերս բացուող ընտրապայքարի բեմէն շօշափելի քննարկում լսեցի՞ք այս տագնապին մասին:

Բարեկամի մը հետ հեռաձայնային խօսակցութեան մը պահուն ակնարկութիւն ըրի զէնքերու գրեթէ անարգել վաճառքի ցաւալի իրականութեան մասին. «Արգիլուած նիւթ է. Էն. Ար. Էյ.ը՝ Հրացաններու ազգային ընկերակցութիւնը, լռելեայն արգելք դրած է այս ու նման հարցերու արծարծման դէմ՝ պատճառաբանելով, որ պէտք չէ դէմ երթալ սահմանադրական որոշ յօդուածներու» բացատրեց դառնութեամբ:

Այս բոլորէն ետք անպատասխան կը մնայ ՀԱՐՑՈՒՄ մը. ո՞վ է բուն պատասխանատուն նման ոճիրներու…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Յ. Գ. Օհայոյի մէջ քանի մը ժամ ետք արձանագրուած ողբերգութիւնը կը զօրացնէ մեր շեշտադրումը, հոգ չէ թէ սկսան խօսիլ զէնքերու անհակակշիռ վիճակին մասին…

Շաբաթ, Օգոստոս 10, 2019