ԹՈՒՐՔԻԱ ՄԻՇՏ ՎՃՌԱԿԱՄ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Եփրատի արեւելքը ի գին ամէն ինչի պիտի մաքրագործուի ահաբեկիչներէ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Մեւլիւտ Չավուշօղլու ըսաւ. «Ինչպէս որ Աֆրինը մաքրուեցաւ, ինչպէս որ Ճերապլուսը մաքրուեցաւ ԻՇԻՊ-ականներէ («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում), այնպէս ալ Եփրատի արեւելքը պիտի մաքրագործենք ԵՓԿ-էն եւ ՓՔՔ-էն»։

Մեւլիւտ Չավուշօղլու ընդգծեց, որ այս ուղղութեամբ Թուրքիոյ վճռակամութեան մէջ որեւէ ձեւով փոփոխութիւն մը խնդրոյ առարկայ չէ։

Միւս կողմէ, «Անատոլու» գործակալութիւնը տեղեկացուց, որ Թուրքիա եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ արդէն ձեռնարկած են աշխատանքներու՝ համատեղ շարժման կեդրոնի մը ստեղծման նպատակով։ Ինչպէս ծանօթ է, Անգարա երկար ժամանակէ ի վեր կը ձգտի Սուրիոյ հիւսիսին խաղաղութեան միջանցք մը ստեղծել։ Այս ուղղութեամբ Ուաշինկթընի հետ երկարատեւ բանակցութիւններ տեղի ունեցած էին մօտաւոր անցեալին։ Այդ բանակցութիւններուն ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն հիման վրայ ներկայիս թուրք եւ ամերիկեան կողմերը կը ձեռնարկեն այս համատեղ շարժման կեդրոնի ստեղծման։ Ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրներու հաղորդումներով, այդ կեդրոնի ենթակառուցուածքներու ստեղծման աշխատանքներուն համար ԱՄՆ-էն վեց հոգիէ բաղկացեալ պատուիրակութիւն մը եկաւ Թուրքիա։ Պաշտօնատարները այդ աշխատանքներուն առաջին փուլը իրականացուցին Շանլըուրֆայի մէջ։ Հարկ է նշել, որ այդ կեդրոնը արդէն պիտի ստեղծուի Շանլըուրֆայի մէջ իսկ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 15, 2019