ՀՍԿԱՅ ԳՈՐԾԱՐԱՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վերջին օրերուն մասնակցութիւն բերաւ երկրի Շիրակի մարզի Մարալիկ քաղաքի բամպակի մշակման գործարանի վերագործարկման հանդիսաւոր արարողութեան։ Մարալիկի բամպակամանուածքային գործարանը խորհրդային շրջանին եղած է Հայաստանի մեծագոյններէն մին, իսկ վերջին տարիներուն լուրջ աշխատանք յառաջ կը տարուի այդ մէկը վերակենդանացնելու ուղղութեամբ։ 13 միլիոն ամերիկեան տոլար արժողութեամբ ներդրումային ծրագիր մը կ՚իրականացուի «Արթիք» ընկերութեան կողմէ։ 2018 թուականի տարեվերջի նիստերէն մէկուն ժամանակ Հայաստանի կառավարութիւնը որոշած էր արտօնութիւն տրամադրել այս ընկերութեան՝ գերակայ ոլորտէ ներս ներդրումային ծրագրի շրջանակներու մէջ ներմուծուող փորձագիտական սարքաւորումները, անոնց բաղկացուցիչ ու համալրող մասերը, հումքը եւ նիւթերը ներածման մաքսատուրքէ ազատելու նպատակաւ։ Ներածուող ապրանքները պիտի օգտագործուին բամպակի, թելի, կտորի թափուածքներու արտադրութեան եւ մշակման մէջ։

Վարչապետ Փաշինեան շրջայց մը կատարեց այս գործարանի ընդարձակ տարածքէն ներս, ուր ծանօթացաւ արտադրական գործընթացին եւ հզօրութիւններուն, աշխատանքային պայմաններուն եւ հնարաւորութիւններուն։ Իրեն արտադրական գործընթացը ներկայացնելու ընթացքին գործարանի ղեկավարներ Գէորգ Գասպարեան եւ Վարդան Սրմաքէշ նշեցին, որ Մարալիկի բամպակամանուածքային գործարանը պիտի արտադրէ բամպակեայ, կիսաբամպակեայ թելեր, պիտի գործէ կտորներու թափօններու վերամշակման հոսքագիծ՝ նորագոյն փորձագիտութիւններու համակցումով։ Արդէն այսօր գործարանի արտադրանքը կ՚օգտագործուի բամպակեայ պարաններու, ձեռնոցներու, գուլպաներու եւ սրփիչներու արտադրութեան մէջ։ Կը նախատեսուի նաեւ արտադրել բժշկական բամպակեայ իրեղէններ։

Մարալիկի բամպակամանուածքային գործարանին մէջ «Արթիք» ընկերութեան կողմէ ցայսօր կատարուած է 4 միլիոն ամերիկեան տոլարի համարժէք ներդրում։ Կը նախատեսուի յառաջիկայ մէկ տարուան տեւողութեան աւարտին հասցնել նաեւ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ արտօնութիւն տրուած 13 միլիոն ամերիկեան տոլար ներդրումային ծրագիրը։ Առաջին փուլով կը նախատեսուի ունենալ մինչեւ 120 աշխատատեղի։ Ներկայիս ընկերութիւնը ունի 41 վերապատրաստուած աշխատակից։ Այնտեղ կը գտնուին թափուր աշխատատեղիներ։ Առաջին փուլով ամէն ամիս պիտի թողարկուի 380 թոն թել, ինչ որ կ՚օգտագործուի թեքսթիլի արտադրութեան մէջ։ Սպառման հիմնական շուկաները կը հանդիսանան Հայաստանը եւ Ռուսաստանը։ Զուիցերահայ յայտնի գործարար Վարդան Սրմաքէշ այս գործարանի համասեփականատէրը կը հանդիսանայ Գէորգ Գասպարեանի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Գէորգ Գասպարեան այս առթիւ նշեց, որ թել արտադրող իրենց գործարանը ամբողջ թեքսթիլի բնագաւառը աստիճանաբար պիտի հաւաքէ իր շուրջ։ «Բազմաթիւ փոքր գործարաններ պիտի սկսին աշխատիլ եւ հսկայական աշխատատեղիներ պիտի ապահովուի», ըսաւ ան։

Իր կարգին, Հայաստանի Տնտեսութեան նախարար Տիգրան Խաչատրեանն ալ ընդգծեց, որ կառավարութիւնը օրէնքով նախատեսուած արտօնութիւն տրամադրած է գործարարներուն, իսկ անհրաժեշտութեան պարագային գործարանը պիտի կարողանայ ընդլայնել ամէն ամիս արտադրուող թելի ծաւալը։

Մարալիկի գործարանը հիմնադրուած է նախկին բամպակամանուածքային գործարանի տարածքէն ներս։ Արդարեւ, այդ գործարանէն ոչինչ մնացած էր։ Անցեալի մէջ՝ Խորհրդային Միութեան տարիներուն 1700 մարդ կ՚աշխատէր այդ գործարանին մէջ։ Թելերու կամ դերձաններու միակ արտադրութիւնը Հայաստանի մէջ կ՚իրականացուի նորագոյն փորձագիտութիւններու համակցումով։ Յառաջիկայ մէկ տարուան ընթացքին, երբ աւարտին հասնի ներդրումային ծրագիրը, Հայաստանի տարեկան հագուստի ծաւալը պիտի աւելնայ շուրջ 9 միլիոն տոլարով կամ 19 տոկոսի համապատասխանութեամբ։ Նիկոլ Փաշինեանի այցելութիւնը լայնօրէն մեկնաբանուեցաւ Հայաստանի զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն կողմէ, որոնք ընդգծեցին, թէ ներկայիս այնտեղ կը մշակուին Թիւրքմենիստանէն արտադրուած բամպակները։ Ներկայ վերագործարկումէն առաջ, գործարանի շահագործը-ւած տարածքէն ներս կատարուած են շինարարական աշխատանքներ, ամբողջովին փոխուած է կառոյցի տանիքը, լուծուած են ջեռուցման խնդիրները։

Նիկոլ Փաշինեան գործարանի բոլոր արտադրամասերէն ներս կատարած շրջայցին ժամանակ զրուցեց նաեւ աշխատակիցներուն հետ եւ լուսանկարուեցաւ անոնց հետ։ Ան հրաժարեցաւ պատասխանել լրագրողներու հարցումներուն։ Այս գործարանը զուիցերահայ գործարար Վարդան Սրմաքէշի ներդրումով կառուցուած է։ Ան եւս մասնակցեցաւ գործարանի բացման։ Վարդան Սրմաքէշ թէեւ գանձատրած է այս ծրագիրը, բայց տեղւոյն վրայ գործարանի իր հետ համասեփականատէրը կը հանդիսանայ Գէորգ Գասպարեան։ Այս վերջինը ընդգծեց, որ Մարալիկի նախկին բամպակամանուածքային գործարանի խարիսխին վրայ վերակառուցուած ներկայ գործարանը նախկինի տասն տոկոսի չափով կառուցած են ու վերագործարկած։ «Մենք տարածքի ամբողջ 4-5 տոկոսը օգտագործած ենք, բայց արտադրանքի ծաւալը հաւասար է Սովետական Միութեան մէջ արտադրուած ամբողջ մանուածքի չափին։ Այսինքն փորձագիտութիւնները փոխուած են։ Հիմա եթէ մենք գործարանը ամբողջ հունով աշխատցնենք, ինքը իր շուրջ կը համախմբէ շատ աւելի փոքր գործարաններ, որոնք կը սկսին աշխատիլ, հսկայական աշխատատեղիներ կը յառաջանան», ըսաւ Գասպարեան եւ աւելցուց, որ գործարանը երեք հերթով կ՚աշխատի։

Հարկ է նշել, որ այս ընկերութիւնը անցեալ տարի փորձած էր Մասիսի մէջ փորձնական բամպակ աճեցնել, որպէսզի անհրաժեշտութիւն չստեղծուի հումք ներածելու, սակայն այդ փորձերը չունեցան յաջողութիւն։ Այժմ Թիւրքմենիստանէն բամպակ կը ներածուի Հայաստան։ Ամէն ամիս 380 հազար թոն թել կ՚արտադրուի, ապագային այս գործարանը կը պատրաստուի նաեւ ունենալ իր սեփական արտադրանքը։

Մինչ այդ, հարկ է նշել, որ զուիցերահայ գործարար Վարդան Սրմաքէշ կը հանդիսանայ նաեւ Կիւմրիի «Սասթեքս» ընկերութեան համասեփականատէրը։

ԿԻՒՄՐԻԻ ՀԱՄԱՐ ԾՆՆԴԱՏՈՒՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ զուիցերահայ գործարար Վարդան Սրմաքէշ Մարալիկի բամպակի մշակման գործարանի բացման արարողութեան ընթացքին իրարու հետ էին եւ լուսանկարին մէջ կ՚երեւին արտադրամասի մը մօտ։ Մինչ այդ, «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Վարդան Սրմաքէշի նախաձեռնութեամբ Կիւմրիի մէջ նոր ծննդատուն մը պիտի կառուցուի։ Գործարանի բացման օրը Սրմաքէշ լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ յայտնեց, որ ծննդատան կառուցման համար եզրակացութեան հասած են Հայաստանի Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանի հետ։ «Ես փափաք յայտնեցի, որ Կիւմրիի համար որեւէ բան ընեմ, եզրակացութեան հասանք, որպէսզի ծննդաբերական կեդրոն մը կառուցենք», ըսաւ ան։ Այս ծննդատան հիմնարկէքի արարողութիւնը արդէն տեղի ունեցած է։

Կիւմրիի մէջ նոր կառուցուելիք ծննդատան կապակցութեամբ Վարդան Սրմաքէշի եւ նախարար Արսէն Թորոսեանի միջեւ ստորագրուած է փոխըմբռնման յուշագիր մը։ Այսպէս, Հայաստանի Առողջապահական նախարարութիւնը աշխատանք պիտի տանի ծննդատան համար համապատասխան տարածք տրամադրելու գործընթացին աջակցելու եւ ծննդատան աշխատանքը Հայաստանի առողջապահութեան համակարգին լիովին ներառելու նպատակով։ Իսկ գանձատրման մասը պիտի իրականացուի Վարդան Սրմաքէշի կողմէ ստեղծուած հիմնադրամի մը միջոցներով։

Ծննդատան կառուցումը պիտի նպաստէ Շիրակի մարզի առողջապահական ոլորտի զարգացման եւ պիտի լուծէ տարիներէ ի վեր այդ ոլորտէն ներս առկայ խնդիրներու յաղթահարման։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 15, 2019