ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ՀԱՅԱԶԳԻ ԴԵՍՊԱՆ
Երեւանի մօտ Անգլիոյ դեսպան նշանակուեցաւ հայազգի դիւանագէտ մը։ Այսպէս, Անգլիոյ կառավարութիւնը տեղեկացուց, որ Երեւանի մօտ նոր դեսպան նշանակուած է Ալան Անդրանիկի Կէօքպաշեան։ Այս վերջինը յառաջիկայ ամիս պիտի փոխարինէ Անգլիոյ ներկայ դեսպանը, որ կը պաշտօնավարէ Երեւանի մէջ։ Այժմու դեսպանը պիտի անցնի դիւանագիտական նոր ծառայութեան։
Սա առաջին դէպքն է, որ հայ դիւանագէտ մը Հայաստանի մէջ դեսպանի պաշտօն պիտի վարէ օտար երկրի մը կողմէ։
Ալան Կէօքպաշեան Անգլիոյ Արտաքին գործերու եւ համագործակցութեան նախարարութենէն ներս 2008-2010 թուականներուն զբաղեցուցած է Արտահանման եւ լիսանսներու խումբի ղեկավարի պաշտօնը։ 2011-2014 թուականներուն եղած է Անգլիոյ փոխ-դեսպանը Մարոքի մօտ։ 2014-2017 թուականներուն զբաղեցուցած է Քարիպեան տարածքաշրջանի, Կեդրոնական Ամերիկայի եւ Մեքսիքայի բաժանմունքի ղեկավարի պաշտօնը, 2017-2018 թուականներուն ալ եղած է Անգլիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան Մարդուժի բաժնի ղեկավարը։