ՄՆՋԱԽԱՂԻ ՓԱՌԱՏՕՆԻ ՓԱԿՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Ծաղկաձորի մէջ տեղի ունեցաւ Լէոնիտ Ենգիբարեանի անուան մնջախաղի միջազգային 7-րդ փառատօնի աւարտը:

«Արմէնփրէս»ի փոխանցմամբ՝ փակման հանդիսաւոր արարողութեան ցուցադրուեցաւ «Ֆորմա» թատերախումբի «Վայ-վայ» ներկայացումը: Բեմադրիչ Հայկ Իսրայէլեանի բեմադրութիւնը մարդկանց կենդանի շփման բացակայութեան մասին էր: Դերասանները իրենց խաղով այդ շփման բացակայութեան պատճառ կը նշէին համացանցի առկայութիւնը: 

Բեմադրութեան աւարտէն յետոյ սկսաւ պարգեւներու յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Ոսկէ մետայլներու արժանացան ինչպէս փառատօնի մասնակից եօթ երկիրները ներկայացնող բոլոր թատերախումբերն ու դերասանները, այնպէս ալ փառատօնի աջակիցներն ու գործընկերները:

Երեւանի Մնջախաղի պետական թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար, փառատօնի գլխաւոր կազմակերպիչ Ժիրայր Տատասեան, շնորհաւորելով եւ շնորհակալութիւն յայտնելով մասնակիցներուն ու հանդիսատեսին, յաջորդ փառատօնի համար յստակ տարեթիւ չնշեց, պարզապէս յորդորեց սպասել: «Իւրաքանչիւր լաւ բան ունի աւարտ, որպէսզի յետոյ դարձեալ սկսի, ընթանայ եւ դարձեալ ունենայ հրաշալի աւարտ։ Սպասենք յաջորդ փառատօնին», ըսաւ ան։

Լէոնիտ Ենգիբարեանի անուան մնջախաղի միջազգային 7-րդ փառատօնին մասնակցեցան արուեստագէտներ եօթ երկիրներէ՝  Ռուսաստանէ, Իրանէ, Արժանթինէ, Ֆրանսայէ, Ճաբոնէ, Լեհաստանէ եւ Հայաստանէ։ Հայաստանէն փառատօնին մասնակցեցան Երեւանի Մնջախաղի պետական թատրոնը, ԵԹԿՊԻ-ի դերասանական բաժնի մնջախաղի դասընթացքի աշակերտները, «Ֆորմա» թատերախումբը եւ դերասանուհի Աննա Վարդանեան:

Շաբաթ, Օգոստոս 17, 2019