ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Ա.

ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԿԱՆՉԵԼՈՒ ՄԱՍԻՆ

Գիտելի է, թէ աշակերտները կանչելը չորս անգամ է. նախ՝ աշակերտները հաւատքի կոչեց: Յովհաննէս ասոր մասին կ՚ըսէ այստեղ: Երկրորդ՝ սիրելութեան եւ պարզ աշակերտութեան կանչեց: Այս բանը ցոյց կու տայ Ղուկասը, թէ «նաւակներէն մէկուն մէջէն դուրս եկաւ, որ Պետրոսինն էր» (Հմմտ. Ղկ 5.3): Երրորդ՝ աշակերտութեան, որ միշտ Իր հետ կը պտըտէին, եւ այս մէկը ցոյց կու տան Մատթէոսն ու Մարկոսը՝ ծովին եզերքը, որովհետեւ ձուկ կը որսային, ու կ՚ըսէ. «ձեզ մարդու որսորդ պիտի ընեմ» (Հմմտ. Մտ 4.19: Մր 1.17): Չորրորդ՝ առաքելութեան շնորհին կանչուեցան, եւ այս մէկը երեք աւետարանիչներն ալ կը պատմեն, եւ տասներկու կանչուածները առաքեալներ անուանեց ու անոնց իշխանութիւն տուաւ եւ քարոզութեան ղրկեց:

Այսքանը այս մասին:

ԹԷ ԴԷՊԻ ԳԱԼԻԼԻԱ ԵԼԱՒ

Խօսք. «Յաջորդ օր» (Յհ 1.43):

Մեկնութիւն. Ասիկա առաքելաները կանչելէն ետք երրորդ օրն է:

Խօսք. «Մտադրեց Գալիլիա երթալ» (Յհ 1.43):

Մեկնութիւն. Գիտելի է, որ Քրիստոս Իր մկրտութենէն ետք այնպիսի տեղ մըն էր, որ Յովհաննէսէն ծածուկ չէր, այնտեղ կ՚ըլլար, որպէսզի անոր պատճառ տար բազմաթիւ անգամներ վկայելու, իսկ այժմ Գալիլիա կը վերադառնայ: Նախ՝ որովհետեւ եթէ Յովհաննէսին մօտ մնար, բոլոր ժողովուրդը պիտի ձգէին զինք ու Քրիստոսին մօտ գային, ինչպէս երկու աշակերտները Քրիստոսի մօտ գացին: Յովհաննէսը պատուելու համար այնտեղէն ելաւ, ու մեզի օրինակ կու տայ մարդահաճոյ չըլլալ կամ ուրիշներուն փառքը զրկել:

Երկրորդ՝ Գալիլիա ելաւ, որպէսզի իր աշակերտները այնտեղէն ընտրէ: Ասիկա վեց պատճառով.

Նախ՝ որովհետեւ կարգն ու սահմանը կատարեց, քանի որ նախ պէտք է մերձաւորները բարիքներով լեցնել եւ ապա՝ հեռաւորները, ինչպէս արեգակը, նախ մօտիկները կը լուսաւորէ եւ ապա՝ հեռաւորները:

Երկրորդ՝ որովհետեւ նախկին ծանօթութիւնը աւելի յոյս ու սէր կու տայ՝ Անոր վարդապետութեանը համաձայնելու:

Երրորդ՝ որովհետեւ խոնարհութիւնը բարձրացուց եւ հպարտութիւնը կործանեց, որովհետեւ ո՛չ թէ մեծ քաղաքներէ, այլ՝ անարգ տեղերէ ընտրեց աշակերտները:

Չորրորդ՝ որովհետեւ եթէ Իր գաւառէն ընտրուած չըլլային աշակերտները, կարգ մը տգէտներ կը կարծէին, թէ պակասութեան պատճառով օտար տեղերէ հետեւողներ ընտրեց:

Հինգերորդ՝ որպէսզի Եսայիի խշգրածը կատարուի. «Զաբուղոնի երկիրը, Նեփթաղիմի երկիրը եւ Գալիլիա, ժողովուրդ, որ խաւարի մէջ կը նստէր, լոյս ծագեցաւ անոնց վրայ» (Հմմտ. Ես 9.1-2):

Վեցերորդ՝ որովհետեւ կամեցաւ Գալիլիայի անմիտներէն ընտրել Իր աշակերտները: Ո՛չ գիտուններէն, ո՛չ հարուստներէն եւ ո՛չ ալ իշխաններէն, նախ՝ որպէսզի չըսեն, թէ՝ բռնութեամբ, կամ ինչքերով, կամ գիտութեամբ խաբեցին: Երկրորդ՝ որպէսզի Քրիստոսի զօրութիւնը ըլլայ, եւ ո՛չ թէ՝ աշակերտներունը:

ՓԻԼԻՊՊՈՍԸ ԿԸ ԳՏՆԷ

Մեկնութիւն. Պատահմամբ բան չկայ, այլ՝ գտաւ զինք ըստ Իր նախախնամութեան՝ կանչելու եւ լուսաւորելու համար զանիկա:

Խօսք. «Հետեւէ՛ ինծի» (Յհ 1.43):

Մեկնութիւն. Եւ ան անմիջապէս Անոր ետեւէն գնաց չորս պատճառով. նախ՝ որովհետեւ Յովհաննէսէն բազմաթիւ վկայութիւններ լսած էր Քրիստոսի մասին: Երկրորդ՝ Քրիստոսի զօրաւոր հրամանին պատճառով, որ կարողութիւն ունէր դէպի Իրեն քաշելու: Երրորդ՝ որովհետեւ Անդրէասէն եւ Պետրոսէն սորված էր, եւ ատոր համար կ՚ըսէ, թէ Փիլիպպոսը Անդրէասի եւ Պետրոսի քաղաքէն էր: Չորրորդ՝ այս ալ կ՚ըլլայ, թէ Քրիստոս շատ բաներ խօսեցաւ Փիլիպպոսի հետ եւ ապա ըսաւ. «Հետեւէ՛ ինծի»:

Եւ այս գիտելի է, թէ Քրիստոս երբ աշակերտներ չունէր, ո՛չ մէկուն ըսաւ, թէ՝ ետեւէս եկուր, այլ՝ երբ Յովհաննէսի վկայութեամբ Անդրէասն ու Յովհաննէսը աշակերտեցան Իրեն, այտ ատեն Փիլիպպոսին ըսաւ, թէ՝ հետեւէ՛ ինծի: Եւ վկայել էր, թէ առաջին աշակերտները ուրիշներու միջնորդութեամբ Քրիստոսի մօտ բերուած էին, Քրիստոսէն փառասիրութիւնը վերցնելու համար:

ՆԱԹԱՆԱՅԷԼԻ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Փիլիպպոսը գտաւ Նաթանայէլը» (Յհ 1.45):

Մեկնութիւն. Ոչ պատահմամբ, այլ՝ բանի մը համար ելաւ ու գտաւ զայն, որպէսզի ինչպէս որ մարմինով եղբայր էր, հոգիով ալ եղբայր ըլլայ անոր: Այս Նաթանայէլը Գիրքը գիտէր եւ վարժ էր օրէնքին ու մարգարէներուն, եւ Փիլիպպոսը թէեւ աւելի քիչ գիտէր Գիրքը, սակայն Քրիստոսէ սորված էր օրէնքին ու մարգարէներուն վկայութիւնները Քրիստոսի մասին:

Խօսք. «Մովսէս Օրէնքի գիրքին մէջ գրեց» (Հմմտ. Յհ 1.45):

Մեկնութիւն. Նախ՝ Արարածքին [իմա՛ Ծննդոց գիրքը] մէջ գրուած է Յակոբին օրհնութիւնները Յուդայի մասին. «Իշխանութիւնը Յուդայէն պիտի չպակսի» (Ծն 49.10), եւ այլն: Դարձեալ, Երկրորդ Օրինացին մէջ կ՚ըսէ. «Քու Տէր Աստուածդ քու եղբայրներուդ մէջէն՝ ինծի պէս մարգարէ մը պիտի հանէ» (տե՛ս Բ.Օր 18.15): Իսկ մարգարէները բազմաթիւ անգամներ Քրիստոսի մասին կը ճառեն:

Խօսք. «Գտանք Յիսուսը» (տե՛ս Յհ 1.45):

Մեկնութիւն. Գտնելն է նախ, ինչպէս ըսուեցաւ, իսկ գտանք՝ յոգնակիաբար, ինչպէս Յովհաննէս, Անդրէաս, Պետրոս եւ ուրիշներ: Յիսուսը՝ Փրկիչը կ՚ըսէ, որ մարգարէները յաճախ խօսեցան, ինչպէս Դաւիթը. «Քու արդարութիւնովդ զիս ազատէ» (Սղ 31.1), եւ «Տէրը իմ վէմս, ամրութիւնս ու փրկիչս է» (Սղ 18.2), եւ «Իր Խօսքը կը ղրկէ ու կը բժշկէ զանոնք» (Սղ 107.20). Ամբակում. «Սակայն ես Տիրոջմով պիտի ցնծամ» (Ամբ 3.18). «Աստուած է մեր Փրկիչը եւ Ան մեզ պիտի ազատէ» (տե՛ս Ես 33.22), իսկ Եզր Դպիրի գիրքին մէջ գրուած է, թէ՝ «այս ամիսներէն ետք Իմ Փրկիչ Որդիս պիտի մեռնի եւ դարձեալ աշխարհ պիտի վերադառնայ»1, այսինքն՝ յարութեամբ եւ միւս անգամ գալուստով:

Խօսք. «Յովսէփի որդին, Նազարէթ քաղաքէն» (Յհ 1.45):

Մեկնութիւն. Որովհետեւ Յովսէփը նշանուած էր Մարիամին հետ, թէեւ չճանչցաւ [չյարաբերեցաւ] զանիկա, սակայն Քրիստոսը որդի կը կոչուի իրեն: Եւ դարձեալ, Յովսէփը Դաւիթի ազգէն է, իսկ նազարը եբրայերէնին մէջ ծաղիկ կը լսուի, ինչպէս Եսային կ՚ըսէ. «Յեսսէին բունէն շառաւիղ մը պիտի ելլէ եւ անոր արմատէն ընձիւղ մը պիտի բուսնի» (Ես 11.1): Եբրայերէնի մէջ այդպէս գրուած է, որովհետեւ երբ Նաթանայէլը իմացաւ Փիլիպպոսի եւ Եսայիի խօսքերուն իրարու համաձայնիլը, կ՚ըսէ.

Խօսք. «Բայց կարելի՞ է, որ Նազարէթէն լաւ բան մը ելլէ» (Յհ 1.46):

Մեկնութիւն. Նաթանայէլը Յիսուսի անունին եւ Յովսէփին ու Դաւիթին Որդի ըլլալուն հաւանութիւն տուաւ, բայց Նազովրեցի ըլլալը լսելուն տարակուսեցաւ, որովհետեւ մարգարէները կ՚ըսեն, թէ Յիսուս Բեթղեհէմէն պիտի ըլլայ, իսկ Փիլիպպոսը հասու չէր օրէնքներուն ու մարգարէներուն, չկրցաւ պատասխանել անոր, այդ պատճառով ալ ըսաւ՝ «եկուր եւ տե՛ս» (Յհ 1.46):

Դարձեալ՝ Նաթանայէլին խօսքը հարցմամբ չ՚իմացուիր, այլ՝ դրութեամբ, որպէս թէ ըսել. «Կ՚ըսես թէ Յիսուս Նազարէթի մէջ ծնած է, եւ բարի է, որովհետեւ Եսայիի խօսքին կը համաձայնի»: Եւ գիտելի է, որովհետեւ ըստ Աւետարանի ճշմարտութեան եւ Միքիային ձայնին, Քրիստոս Բեթղեհէմի մէջ ծնաւ (Հմմտ. Մք 5.2), սակայն Նազարէթի մէջ յղացուեցաւ եւ այնտեղ աճեցաւ, այդ պատճառով Նազովրեցի կը կոչուի:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 15

Վաղարշապատ


1 Տե՛ս «Անկանոն Գիրք Հին Կտակարանի», Վենետիկ, 1898:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 20, 2019