ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԷՆ ՀԻՒՐԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ՝ Սուրբ Աստուածածնի տաղաւարի շրջանին քաղաքս այցելեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն Տ. Թովմա Վրդ. Խաչատրեան եւ Տ. Յովէլ Քհնյ. Գամաղէլեան։ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի խնդրանքին ընդառաջ հիւր հոգեւորականները փութացած էին քաղաքս եւ մասնակցութիւն բերին տաղաւարի տօնակատարութիւններուն՝ լրացնելով մեր տեղական կարիքները։

Երէկ, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան ընդունեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն հիւրաբար քաղաքս փութացած երկու միաբանները։ Զրոյցի ընթացքին նորին սրբազնութիւնը ուրախութիւն յայտնեց անոնց այցելութեան համար։ Նորին սրբազնութիւնը ողջունեց անոնց ներկայութիւնը եւ իր օրհնութիւնները փոխանցելով յաջողութիւն մաղթեց հոգեւոր սպասաւորութեան մէջ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 21, 2019