ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՐՑԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն երէկ հիւրընկալեց Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը։ Միջազգային օրակարգին տեսակէտէ շատ կարեւոր հանդիպում մըն էր այս մէկը։ Պրեկանսոնի մէջ տեղի ունեցաւ երկու նախագահներուն զրոյցը, որու ընթացքին քննարկման առարկայ դարձան համաշխարհային տեսակէտէ հրատապ շարք մը հարցեր։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Քրեմլինի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Մաքրոն եւ Փութին անդրադարձած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 21, 2019