ԱՆԹԱՌԱՄ ՅԻՇԱՏԱԿ
Հոգելոյս Նատիա Կիւլմէզկիլ, որու յիշատակը անթառամ կը մնայ մեր համայնքէն ներս, երէկ ոգեկոչուեցաւ իր մահուան երրորդ տարելիցին առթիւ։ Առաւօտուն Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագի աւարտին իրեն համար տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն մը։ Իսկ յետմիջօրէին, ան Շիշլիի գերեզմանատան հողակոյտին վրայ ոգեկոչուեցաւ՝ մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօնով։ Իր ընտանիքին ու բոլոր սիրելիներուն կողմէ Նատիա Կիւլմէզկիլի յիշատակին առջեւ հերթական անգամ խոնարհում բերուեցաւ։ Բոլորը անմար սիրով ու մեծ կարօտով վերյիշեցին լուսահոգի Նատիա Կիւլմէզկիլը։
Շիշլիի գերեզմանատան հոգեհանգստեան պաշտօնին նախագահեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էին այլ հոգեւոր հայրեր։ Համայնքային շրջանակներէն հոծ թիւով ներկայացուցիչներ համախմբուեցան հանգուցեալ Նատիա Կիւլմէզկիլի բարոյական ներկայութեան շուրջ։ Հոգեհանգստեան պաշտօնի բոլոր մասնակիցները նաեւ անկեղծօրէն շրջապատեցին բարեյիշատակ Նատիա Կիւլմէզկիլի ամուսինը՝ յայտնի համայնքային բարերար ու Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլը, ինչպէս նաեւ Մելիսսա-Ալէն Պաղ ամոլն ու զաւակները։
Հանգուցեալ Նատիա Կիւլմէզկիլ իր մարմնաւորած համեստ կերպարով բարի յիշատակ մը թողած էր մեր համայնքային կեանքէն ներս եւ ան իր սիրելիներու սրտին մէջ կ՚ապրի այդ բարի յիշատակով։