ՆՈՐՈՎԻ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑ

Անթիլիասի աղբիւրները շաբաթավերջին պաշտօնապէս տեղեկացուցին, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը անցեալ ամիս դարձեալ դիմում կատարած է Թուրքիոյ արդարադատական մարմիններուն՝ Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի տարածքի սեփականութեան իրաւունքը վերաձեռքբերելու նպատակով։ Այսպէս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ, Կիլիկեան Աթոռի հետ համագործակցած միջազգային եւ թուրք իրաւաբաններու զոյգ յանձնախումբերուն կողմէ տրուած խորհուրդներուն լոյսին տակ առնուած է այս քայլը։ Իրաւաբաններու զոյգ յանձնախումբերու համատեղ աշխատանքով պատրաստուած է շուրջ հազար էջէ բաղկացեալ թղթածրար մը։ Այդ պատրաստութիւնը կատարուած է Թուրքիոյ օրէնսդրական տրամադրութիւններուն, միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն եւ Եւրոպայի մարդու իրաւանց ատեանի (ԵՄԻԱ) նախընթացներուն հիման վրայ։ Անթիլիասի համապատասխան հաղորդագրութեան մէջ կ՚ընդգծուի, որ այս գործընթացին մէջ ալ հեռանկարային իմաստով ապահով է ԵՄԻԱ դիմելու հնարաւորութիւնը։

Հարկ է յիշեցնել, որ 2015 թուականին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը խնդրոյ առարկայ պահանջով դիմած էր Սահմանադրական ատեան։ Արդարադատութեան նախարարութեան խորհուրդի հիման վրայ՝ Սահմանադրական ատեանը մերժած էր այդ դիմումը։ Կիլիկեան Աթոռը դատը տեղափոխած էր ԵՄԻԱ, որ եւս այդ ժամանակ ընթացք չէր տուած պահանջին՝ հիմնաւորելով, որ Թուրքիոյ մէջ ամբողջական դատական գործընթացէ մը առանց անցնելու այդ թղթածրարը եկած է իր առջեւ։

Ուրեմն, այդ փորձառութեան հիման վրայ Անթիլիաս ներկայիս հետամուտ կ՚ըլլայ նոր գործընթացի մը։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան փաստաբանները այժմու դատը բացած են Քոզանի Բ. նախադատ ատեանին մօտ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 26, 2019