ՋԵՐՄ ՀԻՒՐԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ
Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի աւագ հիւպատոս Արմէն Պայպուրթեան վերջերս հիւրընկալեց սփիւռքահայ յայտնի հրապարակագիր վերապատուելի Հրայր Ճէպէճեանն ու Փասատենայի «Հայ Կիլիկիա» Աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ վերապատուելի Սերոբ Մկրտիչեանը։ Ինչպէս ծանօթ է, Հրայր Ճէպէճեան միեւնոյն ժամանակ Աստուածաշունչի ընկերակցութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղարն է։ Ան վերջերս Լոս Անճելըս այցելեց իր հեղինակած գիրքերուն համար կազմակերպուած շնորհանդէսի մը շարժառիթով։ Նոյն այցելութեան ծիրէն ներս Հրայր Ճէպէճեան հիւրընկալւեցաւ Հայաստանի հիւպատոսարանին մէջ։
Արմէն Պայպուրթեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ ընդունեց հիւրերը։ Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ հայ մշակոյթին վերաբերեալ խնդիրներուն։ Ընդգծուեցաւ նաեւ Աստուածաշունչի մեծ դերը՝ հայ մշակոյթի պահպանման ճանապարհին։
Հրայր Ճէպէճեան աւագ հիւպատոսին նուիրեց նաեւ իր հեղինակած գիրքերէն մակագրուած օրինակներ։