ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԵՒ ԹՐԱՄՓԻ ՄԻՋԵՒ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ՄԸ ՀԱՄԱՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔ ԿԸ ՏԱՐՈՒԻ

«Արմէնփրէս» գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ներկայիս Երեւանի դիւանագիտական շրջանակներու օրակարգին վրայ կը գտնուի Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ հանդիպման մը կազմակերպումը։ Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան վերջերս լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ երկխօսութիւնը վերջերս աշխուժացած է։ Ըստ նախարարին կողմէ փոխանցուած բացատրութիւններուն, թէ՛ Տանըլտ Թրամփի եւ թէ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Մայք Փոմփէոյի հետ հանդիպումներու կազմակերպման հարցը հայկական դիւանագիտութեան օրակարգին վրայ է։ Մնացականեան սխալ համարեց այն դիտարկումները, ըստ որոնց այդ մակարդակի վրայ հանդիպումներու կազմակերպումը հնարաւոր չ՚ըլլար Երեւանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ։ Ըստ Մնացականեանի, ԱՄՆ-ի մէջ իւրայատուկ համակարգ մը կայ եւ այդ մէկը ունի բարդ կառուցուածք։ Յամենայնդէպս, յիշեալ մակարդակներու վրայ ցայսօր հանդիպման մը տեղի չունեցած ըլլալուն հետեւանքով կողմերու երկխօսութիւնը չէ նուազած եւ ընդհակառակն է։

Հարկ է յիշեցնել, որ Նիկոլ Փաշինեան յառաջիկայ 22 սեպտեմբերին պիտի այցելէ ԱՄՆ։ Ներկայիս հրապարակուած ծրագրով՝ ան Լոս Անճելըսի մէջ հանրահաւաք մը պիտի իրականացնէ ամերիկահայութեան հետ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 27, 2019