ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ ԲԱՐՁՐ ՄԱԿԱՐԴԱԿԻ ՎՐԱՅ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐԸ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր կ՚այցելէ Մոսկուա՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրաւէրին ընդառաջ։ Մոսկուայի մերձակայ Ժուքովսքի քաղաքին մէջ երկու երկիրներու ղեկավարները շրջայց մը կը կատարեն «ՄԱՔՍ-2019» միջազգային օդագնացութեան տօնավաճառի համալիրէն ներս։ Անցեալ շաբաթավերջին Էրտողանի եւ Փութինի միջեւ տեղի ունեցած էր հեռախօսազրոյց մը։ Թէեւ երկու ղեկավարները յաճախակիօրէն կ՚ունենան հեռախօսազրոյցներ, սակայն այդ մէկը առանձնացած էր իր հրատապ բնոյթով։ Սուրիոյ մէջ, Իտլիպի վերաբերեալ իրադարձութիւններուն բերումով Էրտողան ահազանգ հնչեցուցած էր Փութինին։ Այդ հիման վրայ երկու ղեկավարներուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացած էր, որպէսզի Էրտողան այսօր այցելէ Մոսկուա։

Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ երկու նախագահները միասնաբար կ՚այցելեն օդագնացութեան միջազգային տօնավաճառը եւ կ՚իրականացնեն երկկողմանի բանակցութիւններ։

Ներկայիս Անգարա-Մոսկուա համագործակցութեան օրակարգին վրայ կը գտնուի ռազմական համագործակցութեան նոր ծրագիր մը։ Նկատի ունենալով, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները որոշած է Թուրքիան դուրս թողել «Ֆ-35» ռազմաօդանաւերու ծրագրէն՝ թրքական կողմը ներկայիս կը քննարկէ Ռուսաստանէն «ՍՈՒ-35» կործանիչներ ապահովելու հաւանականութիւնը։ Ռուսական աղբիւրներն ալ վերջին շրջանին տեղեկացուցած են, որ Մոսկուա պատրաստ է թրքական կողմին մատակարարել այդ կործանիչները՝ ցանկութեան պարագային։ Տիմիթրի Փեսքով ընդգծեց, որ այսօրուան այցելութեան ընթացքին Էրտողան եւ Փութին հնարաւորութիւն կ՚ունենան ծանօթանալու այդ զինատեսակներուն։ «Բանակցութիւններու ընթացքին նախագահները կը քննարկեն քաղաքական, առեւտրատնտեսական եւ ռազմաթեքնիկ ոլորտներէ ներս երկկողմանի համագործակցութիւնը ա՛լ աւելի խորացնելու հնարաւորութիւնները», յայտնեց Տիմիթրի Փեսքով։

Ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս թուրք-ռուսական բանակցութիւններուն ընթացքին օրակարգի վրայ կու գայ Սուրիոյ տագնապը։ Այս խնդրին շուրջ երկար տարիներէ ի վեր համախոհութիւն կը տիրէ երկու մայրաքաղաքներուն միջեւ ու կը տարուին համակարգուած, ներդաշնակ աշխատանքներ։ Բայց եւ այնպէս, Իտլիպի վերջին իրադարձութիւնները որոշ չափով լարուածութեան մը պատճառ դարձած են։ Սուրիոյ կառավարական ուժերը վերջին շրջանին սաստիկ յարձակումներ կը գործեն Իտլիպի եւ շրջակայքին վրայ։ Ռուսաստան տարիներէ ի վեր կ՚աջակցի Սուրիոյ ղեկավար Պեշար Էսատին, իսկ Անգարա՝ այն ընդդիմադիրներուն, որոնք կը մարտնչին Էսատի դէմ։ Այս նուրբ հաւասարակշռութիւններուն տեսակէտէ Իտլիպի վերջին իրադարձութիւնները դարձած են բաւական խնդրայարոյց։ Էրտողան վերջին հեռախօսազրոյցին ժամանակ Փութինի նկատառման յանձնած է, որ Էսատի յարձակումները մարդասիրական մեծ աղէտի մը պատճառ կը դառնան եւ Սուրիոյ տագնապի կարգաւորման ջանքերուն վնաս կը հասցնեն։ Այդ յարձակումները Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան տեսակէտէ լուրջ սպառնալիքի մը վերածուած են։ Այս բոլորի հիման վրայ տեղի կ՚ունենան Մոսկուայի այսօրուան բանակցութիւնները։ Թուրքիա միեւնոյն ժամանակ Սուրիայէ ներս իր սահմանի երկայնքով յառաջացած խնդիրներուն կապակցութեամբ կը համագործակցի ԱՄՆ-ի հետ։ Այստեղ հիմնական նպատակը խաղաղութեան կամ անվտանգութեան գօտիի մը ձեւաւորուիլն է։ Ըստ կարգ մը մեկնաբանութիւններու, այս առանցքին վրայ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններն ալ որոշ չափով անհանգստութիւն պատճառած են ռուսական կողմին։ Ուրեմն, նուրբ հաւասարակշռութիւններու որոնումին մէջ յառաջ պիտի տարուին բանակցութիւնները։

Էրտողանի Մոսկուա այցելութեան ընդառաջ Թուրքիա արդէն լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններու ձեռնարկած է Եփրատի արեւելքին։ Օդէն եւ ցամաքէն կատարուած ազդու ռմբակոծումներու զուգահեռ՝ թրքական զօրքերը ցամաքէն ալ մուտք գործած են Սուրիոյ հիւսիսը։ Նախագահ Էրտողան Մոսկուա այցելութեան ընդառաջ երէկ յստակ պատգամներ տուաւ միջազգային դերակատարներուն։ Ան յայտնեց, որ ձգձգումներու պարագային Թուրքիա կեանքի պիտի կոչէ սեփական ծրագիրը։ «Կը սպասենք, որ շատ շուտով մեր ցամաքային զօրքերն ալ մուտք գործեն շրջան։ Մեր օդային ու ցամաքային տարրերու սահմանին միւս կողմը անցնելուն զուգահեռ հնարաւորութիւն պիտի ունենանք կացութիւնը շատ աւելի յստակ տեսնելու եւ գործընթացի ապագան բնորոշելու», ըսաւ հանրապետութեան նախագահը։

Իր կարգին, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովն ալ Էրտողանի այցելութեան ընդառաջ յայտնեց, որ Սուրիոյ կառավարական զօրքերու Իտլիպի շրջանի վերջին գործողութիւնները օրինական են։ Այդ գործողութիւններուն աջակցած են նաեւ ռուսական զօրքերը։ Թէ՛ Լաւրով եւ թէ Փեսքով ընդգծեցին, որ Իտլիպի շրջանին մէջ տեղակայուած են ահաբեկչական տարրեր։

Փեսքով ընդգծեց, որ Փութին քանիցս նշած է, թէ Թուրքիոյ մտահոգութիւնները հասկացութեամբ կը դիմաւորէ, սակայն Իտլիպի շրջանի ահաբեկչական տարրերն ալ ռուսական կողմի մտահոգութեան առարկայ են։ Ռուս բանբերին խօսքով՝ առկայ վիճակը յաւերժ հանդուրժելի չէ։ Ուստի, նախագահներու բանակցութեան օրակարգը բաղկացած է բարդ խնդիրներէ։ Ռուսական մետիան ալ Էրտողանի այսօրուան այցելութիւնը անուշադրութեան չէ մատնած։ Արդարեւ, 16 սեպտեմբերին Անգարայի մէջ նախատեսուած է Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Իրանի ղեկավարներու եռակողմանի գագաթաժողովը։ Ուստի, ռուսական լրատուամիջոցները ուշագրաւ կը համարեն, որ այս գագաթաժողովէն շատ կարճ ժամանակ առաջ այսօրուան այցելութեան կարիքը գոյացած է։ Ըստ ռուս մեկնաբաններու, Անգարա-Մոսկուա յարաբերութիւնները դարձեալ մեծ փորձաքարի մը առջեւ մնացած են Սուրիոյ ճգնաժամին բերումով։

 

Երեքշաբթի, Օգոստոս 27, 2019