ԿԱՆՈՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՍՊԱՍՈՒՄ

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմինը երէկ Գումգաբուի մէջ գումարեց իր հերթական ժողովը։ Նիստէն վերջ Նախաձեռնարկ մարմնի բանբեր իրաւաբան Սարօ Պենկլեան տեղեկութիւններ փոխանցեց տարուած աշխատանքի եւ ծաւալուած քննարկումներու բովանդակութեան շուրջ։ Այսպէս, Նախաձեռնարկ մարմնի անդամները երէկ նախ վերաքաղ մը ըրին օգոստոսի 22-ին համայնքային աշխարհական վարիչներուն հետ Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ատենագրութիւններուն վրայով։ Այդ քննարկումներու լոյսին տակ Նախաձեռնարկ մարմինը յարմար դատեց յառաջիկայ շրջանին առաջնահերթութիւն ընծայել այն խնդիրներուն կամ պարագաներուն նկատմամբ, որոնք ընտրական պատրաստութիւններու ամբողջին մէջ կամ նախընտրական գործընթացի կապակցութեամբ մատնանշուած էին մեր համայնքի աշխարհական վարիչներուն կողմէ։ Նախաձեռնարկ մարմինը կը ծրագրէ յառաջիկայ պատրիարքական ընտրութիւններուն կիրարկել համակարգ մը, որով առաւելագոյն համեմատութեամբ պիտի օգտագործուին տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու ընձեռած հնարաւորութիւններէն։ Թէեւ խորքին մէջ սա պարզ եւ այժմու պայմաններով բոլորին տեսակէտէ գործադրելի բնոյթ մը ունի, սակայն անցեալ շաբաթ Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ժամանակ համայնքային աշխարհական վարիչներուն կողմէ այս կապակցութեամբ օրակարգի վրայ բերուած խնդիրները ուշադրութեամբ վերատեսութեան ենթարկուեցան երէկուան նիստին ժամանակ։ Ուստի, Նախաձեռնարկ մարմինը նկատի ունեցաւ, որ համակարգչային միջավայրէ կամ համացանցային կապէ զուրկ մեր թաղերու պարագաները հաշուի պէտք է առնուին անպայման։ Ընտրութեան վերաբերեալ համակարգի գործադրութիւնը այդպիսի թաղերու պարագային առաւել հասկնալի եւ հեշտ դարձնելու առաջադրութեամբ Նախաձեռնարկ մարմինը յառաջիկայ շրջանին պիտի տանի յաւելեալ աշխատանք։ Տեղական ընտրական մարմիններու ձեւաւորման զուգահեռ՝ Նախաձեռնարկ մարմինը թէ՛ բացատրութիւններով եւ թէ թեքնիկ զօրակցութիւնով պիտի ջանայ դիւրացնել աշխատանքները։

Այս թեքնիկ զօրակցութեան առընթեր, Նախաձեռնարկ մարմինը ընտրութիւններէն առաջ խտացեալ աշխատանք պիտի տանի իւրաքանչիւր ընտրաշրջանին հետ՝ մասնաւորապէս ընտրողներու ցուցակներու կատարելագործման ճանապարհին։ Թէ ինչպէ՞ս պիտի արձանագրուին նոր ընտրողները եւ կամ ընտրողի մը պարագային ինչպէ՞ս պիտի ըլլան ընտրաշրջանի փոփոխութիւնները եւ այլն… Այս եւ նման հարցումներուն պատասխանները կրնան պայմանաւորել մեր ժողովուրդի պատրիարքական ընտրութեան մասնակցութեան համեմատութիւնը։ Հետեւաբար Նախաձեռնարկ մարմինը կը ծրագրէ այս բոլորը իր ուշադրութեան կեդրոնին պահել։ Ընտրացուցակներու կատարելագործման առընթեր, ընտրաշրջաններու յստակեցման խնդիրներն ալ պիտի չմատնուին անուշադրութեան։ Երէկուան ժողովին իսկ զուգահեռ Նախաձեռնարկ մարմինը որոշած է գործնական ձեւով հետամուտ ըլլալ այս բոլոր խնդիրներուն։

Նախաձեռնարկ մարմնի երէկուան ժողովէն վերջ փոխանցուած տեղեկութիւններուն մէջ հերթական անգամ ընդգծուած է նաեւ պատրիարքական ընտրութեան կանոնադրութեան սպասման խնդիրը։ Ինչպէս ծանօթ է, համապատասխան դիմումը կատարուած է պետական պատկան մարմիններուն մօտ եւ այժմ թէ՛ Նախաձեռնարկ մարմինը եւ թէ ընդհանրապէս համայնքային շրջանակները այդ կանոնադրութեան սպասումին մէջ կը գտնուին։ Նախաձեռնարկ մարմինը կ՚ենթադրէ, որ կարճ ժամանակի ընթացքին այդ կանոնադրութիւնը պիտի հասնի։ Ուստի, մարմինը ընդգծած է, որ սա իր հիմնական մաղթանքն է եւ լոյս պիտի սփռէ նաեւ մարմնի ապագայ գործունէութեան ճանապարհին։ Նախաձեռնարկ մարմնի անդամները համակարծիք գտնուած են, թէ կանոնադրութեան սպասման այժմու գործընթացին մէջ պէտք է խտացեալ ձեւով շարունակուին բանաւոր շփումներն ու խորհրդակցութիւնները գործադիր իշխանութիւններուն հետ։ Շնորհիւ այս բանին կը նախատեսուի աւելի արդիւնաւէտ լուծումներու հասնիլ եւ աւելի քիչ ճիգ վատնել՝ ընտրութիւններուն վերաբերեալ բազում հանգամանքներու կապակցութեամբ։ Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ տեղի ունեցած առաջին հանդիպումներու լոյսին տակ՝ Նախաձեռնարկ մարմինը կ՚ենթադրէ, որ բանաւոր շփումներու եւ խորհրդակցութիւններու շարունակութիւնը շուտով պիտի ապահովուի։ Կ՚ակնկալուի, որ Անգարայի հանդիպումներուն երկրորդը տեղի պիտի ունենայ շատ կարճ ժամանակի ընթացքին։ Այս կապակցութեամբ աշխատանքներն ու տեսակցութիւնները կը շարունակուին։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 27, 2019