ԱՆԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Իրարու հարցնենք սիրելինե՜ր. իր ամբողջ կեանքի ընթացքին անարդարութիւններու, անիրաւութիւններու չենթարկուած մէկը կա՞յ արդեօք։ Ամէն մարդ, քիչ կամ շատ չափով, դիմաւորուած է անիրաւ ու անարդար դէպքերու հետ։ Ոմանք վիրաւորած են արժանապատուութիւններ, ոմանք վնաս հասցուցած են նիւթական կամ բարոյական սեփականութեան, ոմանք ալ մոռցուած են եւ կորսուած հազարումէկ յիշատակներու մէջ, բայց անպայմա՛ն հետք մը թողած են մտքին մէկ անկիւնը։
Մարդկային ամբողջ պատմութիւնը կը վկայէ զանազան ընկերային անարդարութիւններու՝ որոնք պատճառ եղած են ընկերութիւններու, ժողովուրդներու եւ մինչեւ իսկ ազգերու անկման ու բնաջընջ-ման։ Արդարեւ, անիրաւութիւնը կամ անարդարութիւնը ըլլա՛յ անհատական, ըլլա՛յ հաւաքական միշտ վնա՛ս պատճառած է։
«Բաշխողական արդարութեան» զօրութեամբ գործածուած ու գործուած «անիրաւութեան հատուցում»ը կը պահանջէ՝ վերադարձնել անիրաւուած որեւէ արժէք կամ իրաւունք իր սեփականտիրոջ։
«Հատուցէ՛ք իւրաքանչիւրին իրենց պարտքերը. որուն հարկ՝ հարկը, որուն մաքս՝ մաքսը, որուն երկիւղ՝ երկիւղը, որուն պատիւ՝ պատիւը», կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ հռոմայեցիներու գրած իր նամակին մէջ։ (ՀՌՈՄ. ԺԳ 7)։ Ուստի մեծաւորներ, իշխանութիւն ունեցողներ բաշխական արդարութիւնը իմաստութեա՛մբ պիտի գործադրեն, նկատի ունենալով իւրաքանչիւրին կարիքներն ու բերած նպաստը եւ ասիկա՝ ի սպաս խաղաղութեան եւ համերաշխութեան։ Անոնք յատկապէս պիտի զգուշանան, որ իրենց որդեգրած կանոնները եւ տնօրինումները անձնական շահը հասարակութեան շահին հակադրելու փորձութեան առիթ չընծայեն։ Փոխադարձական արդարութիւնը խստօրէն պարտաւորի՛չ է. կը պահանջէ պահպանումը սեփականութեան իրաւունքին, վճարումը պարտքերուն եւ ազատօրէն համաձայնուած մատուցումը պարտաւորութիւններուն։ Ուստի, առանց փոխադարձական արդարութեան՝ արդարութեան ո՛չ մէկ գործադրութիւն կարելի կը դառնայ։ Փոխադարձական արդարութիւնը կը տարբերի օրինական արդարութենէն, որ կը հայի այն պարտաւորութեան, զոր քաղաքացին իրաւացիօրէն կը պարտի հասարակութեան։
Փոխադարձական արդարութիւնը կը տարբերի նաեւ բաշխողական արդարութենէն՝ որ կը կանոնաւորէ ի՛նչ որ հասարակութիւնը կը պարտի քաղաքացիներուն, համեմատաբար անոնց բերած նպաստին եւ կարիքներուն։
Անոնք, որ ուղղակի կամ անուղղակիօրէն սեփականացուցած են ուրիշին ստացուածքը՝ պարտաւո՛ր են զայն վերադարձնել, տա՛լ անոր համապատասխանը…։
Մեր խորհրդածութիւնները վերջացնենք պատմուածքով մը։ Կը պատմուի, թէ մարդ կը տեւական դժգոհութիւն կը յայտնէ, կը տրտնջայ աշխարհի անիրաւութիւններէն։ Պատմուածքը այն է, որ օր մը հրեշտակ մը կու գայ եւ կը հարցնէ, թէ ինչո՞ւ այդքան տրտնջող է։ Մարդը կ՚ըսէ, որ աշխարհի վրայ անարդարութիւնը կը տիրէ ամէն տեղ եւ չկա՛յ արդարութիւն։ Հրեշտակը մարդը կ՚առաջնորդէ քարայր մը՝ լերան գլուխ եւ կ՚ըսէ, որ հոս դիտէ իր շուրջը առանց ինքզինք յայտնելու։
Միջոց մը վերջ հարուստ մարդ մը կու գայ, կը նստի քարայրին դէմը գտնուող կոճղի մը վրայ։ Կը հանգչի քիչ մը, յետոյ կը բանայ ծրար մը եւ ճոխ, տեսակ տեսակ ուտելիքներով փորը կը կշտացնէ։ Ուտելիքներու ճոխ երեւոյթէն յայտնի է, որ ան հարուստ մեծատուն մէկն է։ Կշտանալէ վերջ ան կը հանէ բաւական հաստ դրամապանակ մը եւ վստահ ըլլալով, թէ շուրջը ո՛չ ոք կայ, կը սկսի մեծ հաճոյքով մը համրել իր դրամները։ Յետոյ դրամապանակը կոճղին քով կը դնէ, ուտելիքներու ծրարը կը հաւաքէ եւ կ՚երթայ։ Եւ հաստ դրամապանակը հոն կը մոռնայ…։
Քիչ վերջ աղքատ մարդ մը կ՚անցնի նոյն տեղէն, եւ քիչ մը հանգչելու համար ան ալ կը նստի կոճղին վրայ եւ այդ պահուն կը նշմարէ հաստ դրամապանակը։ Կը նայի իր շուրջը, եւ վստահ ըլլալով, թէ մէկը չկայ, դրամապանակը կ՚առնէ եւ ուրախ ու զուարթ կը հեռանայ այն տեղէն։
Աւելի վերջ հոն կու գայ բաւական ծեր եւ աղքատ, ցնցոտիներու մէջ մարդ մը։ Յայտնի է, որ շատ տկար եւ յոգնաբեկ է այդ խեղճ մարդը, հանգչելու համար ան ալ կը նստի կոճղին վրայ։
Այդ պահուն, հեռուն, հարուստ երեւոյթով մարդը անդրադարձած է, որ դրամապանակը, իր ճաշած կոճղին քով մոռցած է, վազելով կու գայ, կը տեսնէ խեղճ մարդը եւ անկէ կը պահանջէ դրամապանակը։ Ծերուկը կ՚ըսէ, որ չէ տեսած հարուստին դրամապանակը։ Բայց հարուստ երեւոյթով մարդը չի հաւատար, մոլեգին կը սկսի հարուածել, ծեծել խեղճը եւ արիւնլուայ կը սպաննէ զայն, եւ անշուշտ առանց դրամապանակը գտնելու՝ զայրագին կը հեռանայ այն տեղէն…։
Եւ տրտնջող մարդ կը դիտէ գաղտնաբար այս բոլորը։
Քիչ յետոյ հրեշտակը կու գայ եւ կը հարցնէ տրտնջող մարդուն, թէ տեսա՞ծ է այդ բոլորը։ Այո՛, տեսայ եւ հասկցայ, թէ արդարութիւն չկայ այս աշխարհի վրայ, հարուստը կորսնցուց իր դրամը, ուրիշ մը անիրաւօրէն տիրացաւ անոր, իսկ ուրիշ մէկն ալ անիրաւ կերպով նոյն դրամին համար սպաննուեցաւ։ Ո՞ւր է արդարութիւնը…։
Հրեշտակը կ՚ըսէ տրտնջող մարդուն. «Հանդարտէ, պիտի բացատրեմ, թէ արդարութիւն կա՛յ»։
Եւ կը սկսի պատմել. «Հարուստ մարդը իրականութեան մէջ անիրաւ կերպով իւրացուցած էր այդ դրամը, խաբէութեամբ տիրացած էր անոր։ Իր արդար իրաւունքը չէր ունեցած դրամը։
«Իսկ երկրորդ ճամբորդը՝ որ դրամապանակը գտաւ, այն մարդն էր, որուն ամբողջ դրամը անիրաւութեամբ իւրացուցած էր հարուստ երեւոյթով մարդը։ Այսինքն, դրամապանակը կերպով մը վերադարձուած եղաւ իր իսկական սեփականատիրոջ՝ որուն իրաւունքն էր արդէն»։
Տրտնջողը չէր համոզուած տակաւին եւ հարցուց. «Հապա անիրաւ կերպով սպաննուած խեղճ աղքա՞տը։ Անարդարութիւն չէ՞ր անոր անիրաւ ու անիմաստ սպանութիւնը…»։
Հրեշտակը պատասխանեց իրեն. «Այդ վերջին խեղճ եւ աղքատ ծերուկը՝ ժամանակին դրամի համար սպաննած էր իր եղբայրը եւ անոր ամբողջ դրամին տիրացած։ Յետոյ զղջացած՝ իր ամբողջ հարստութիւնը աղքատներուն բաժնած եւ ընտրած էր աղքատ ու չքաւոր կեանք մը։ Եւ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին աղօթած էր՝ որ ինք ալ մահանայ դրամի համար սպանութեամբ…»։
Տրտնջողը զարմացած այս իրողութեան՝ համոզուած էր, որ կա՛յ արդարութիւն այս աշխարհի վրայ, եւ թէ իրականութեան մէջ արդարութեան իրականացումներ են այն ամէնքը՝ զոր երեւութապէս անարդարութիւն եւ անիրաւութիւն կ՚երեւին մարդոց մարմնաւոր աչքին։
Սիրելի՜ներ, արդարութիւնը կ՚իրականանա՛յ ի վերջոյ եւ անիրաւութիւններ կը փոխադարձուին արդարութիւններով, իրաւունքներ կը հատուցուին եւ ամէն ինչ կը հակակշռուի ու կը հաւասարակշռուի կեանքի ընթացքին։
Եւ սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, եթէ կան անիրաւութիւններու տրտնջողներ ձեր շուրջը՝ պատմեցէ՛ք այս պատմուածքը եւ անոնք ալ պիտի համոզուին աստուածային արդարութեան…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 15, 2015, Իսթանպուլ: