ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՄԷՋ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒԵՑԱՒ 2019-Ի ԱՄՐԱՆ ԵՂԱՆԱԿԸ

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ յատկանշական հաւաքոյթ մը։ 2019 թուականի ամրան շրջանի գործունէութիւնները արդէն եզրափակուած են Կազդուրման կայանէն ներս։ Շրջան մը եւս յաջողութեամբ բոլորած ըլլալու բարձր տրամադրութեամբ՝ Կազդուրման կայանի խնամատար մարմինը երէկ երեկոյեան կազմակերպեց ընտանեկան ընթրիք մը։ Խնամատար մարմնի անդամներուն առընթեր այս հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցան պաշտօնէութեան եւ կամաւորներու ներկայացուցիչները, տնօրէնուհի Լիզա Չոլաքօղլու եւ այլ հիւրեր։ Կայանի պատշգամին վրայ տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը, որու ընթացքին գործադրուեցաւ երաժշտական յայտագիր։

Շնորհակալութեան ընթրիքի ձեւաչափին մէջ նախատեսուած էր երէկուան երեկոյթը, որու ընթացքին Խնամատար մարմնի ատենապետ Արի Չոլաք հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Ան մի առ մի թուարկեց անցեալ աշխատանքային շրջանին Կազդուրման կայանի գործունէութեան ներգրաւուած անձերը, իրենց զօրակիցները եւ մեր համայնքին իրենց աջակցած շրջանակները, որոնց բոլորին յայտնեց խորին շնորհակալութիւն։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 29, 2019