ԿՐԹՈՒԹԻՒՆ, ԴՊՐՈՑ ԵՒ ՈՒՍՈՒՑՈՒՄ ՄԱՍՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ ԵՆ, ՊԷՏՔ Է ԸԼԼԱՆ, ԸԼԼԱՅԻՆ
Կը մտածեմ սփիւռք(ներ)ի հայկական դպրոցի մասին, որպէսզի ան յաջողի ազգային կենդանի լեզու եւ ինքնութեան ազգային մշակոյթ փոխանցել՝ առանց անոնց մանրուքով գոհանալու:
Հայաստանը պետութիւն է, ունի մանկավարժական համալսարան, ուսանողներ կը պատրաստուին ուսուցչութեան: Կրթութիւնը բոլոր պետութիւններուն համար առաջնահերթ քաղաքական օրակարգ է՝ իր շատ կարեւոր ամավարկով, պետական եկամուտներու կարեւոր տոկոսը այդ ուղղութեամբ կը ծախսուի: Մասնագիտական խումբեր կը զբաղին ուսումնասիրութիւններով, ծրագիրներու եւ մեթոտներու մշակումով, անոնց հիման վրայ դասագիրքերու պատրաստութեամբ, որոնք եթէ ոչ ամէն տարի, բայց քանի մը տարին անգամ մը կը փոխուին:
Սփիւռքի կրթական-դպրոցական աշխատանքը, յետեղեռնեան եւ գաղթականութեան պայմաններուն մէջ, ազգային հաւատարմութեան եւ ինքնութեան պաշտպանութեան ճիգ էր, սիրողական էր՝ բաղդատած պետական նախաձեռնութիւններու: Եզրը բացասականութիւն պէտք չէ համարել, այլ կերպ ալ կարելի չէր: Տոկալու-տեւելու մղումը՝ ծնողներու եւ երախտաշատ ուսուցիչներու, կարելի դարձուց, առաջին շրջանին, բնականութեամբ հայեցի կրթութիւն տալ, ինչպէս կ՚ըսենք՝ ջամբել, քանի որ հայերէնը տան եւ հաւաքականութեան լեզուն էր: Այսօր հայերէնի ուսուցումը պէտք է փոխարինուի, փոխարինուած ըլլար, մասնագիտական պատրաստութեամբ, քանի որ հայ ընտանիքը գաղթականութեան տարիներու ընտանիքը չէ, օտար լեզուներու եւ մշակոյթներու ճնշումը այնքան զօրաւոր է, որ զգացականը եւ սիրողականը չեն բաւեր:
Սփիւռքի առաջին օրերու անմիջական լուծումներ գտնելու ճիգէն հարիւր տարի ետք, երբ այլեւս վերադարձը անմիջական չի թուիր, այսօր սփիւռքի հայ դպրոցները, ո՛ւր որ ըլլան անոնք, պիտի դիմագրաւեն (կը դիմագրաւեն) այս խնդիրը: Սփիւռքի հայկական դպրոցէն ծնողները իրենց զաւակներուն համար կեանքի մէջ յաջողելու ակնկալութիւն ունին: Հայ դպրոցը բնակած երկրի օրէնքով եւ պետական ծրագրով կը գործէ, պիտի գործէ: Հայերէնի յատկացուած պահերը կծկուած են միայն լեզուի եւ պատմութեան ուսուցումով, որպէս դասապահ: Գիտութիւն, աշխարհագրութիւն, մարմնակրթութիւն, այն բոլոր նիւթերը որոնք նախատեսուած են պետական ծրագրով, կ՚աւանդուին տեղական լեզուով:
Բախտաւոր պարագային, դասացուցակին մէջ, ընդհանուր առմամբ, հայերէնին օրական մէկ ժամ յատկացուած կ՚ըլլայ:
Այսինքն սփիւռքի հայ դպրոցին մէջ հայերէնը կ՚ուսուցուի (գրեթէ) օտար լեզուի պէս: Շրջապատի եւ ծնողներու համար անմիջական հետաքրքրութեան առարկայ չէ հայերէնը:
Երբ հայ դպրոցի բակին մէջ հայերէն չի խօսուիր, աշակերտները «հայերէն» չեն խաղար, կը նշանակէ, որ ան կը դադրի իւրացուող կենդանի լեզու ըլլալէ: Թէեւ այդ տեսնելով՝ կարգ մը մարդիկ կ՚ուրախանան: Շատեր ալ կը հրճուին, որ նորերը տեղացիէն լաւ կը խօսին տեղական լեզուն, առանց երբեք մտմտալու, որ հայերէնն ալ նոյնքան լաւ պէտք է խօսիլ, նոյն բծախնդրութեամբ:
Կէս դար առաջ հայերէնը կենդանի լեզուի բոլոր յատկանիշները մասամբ պահած էր սփիւռքի մէջ: Այդ յատկանիշները աստիճանաբար նուազեցան, շրջապատի լեզուները սկսան արագօրէն ողողել մշակութային դաշտը. տեղական կեանքին մասնակցութիւն, քաղքենիացում, աշխարհագրական տարտղնում՝ նոյն երկրին, նոյն քաղաքին եւ ընդհանրապէս մոլորակին վրայ: Հայերէն խօսելու համար հայ խօսակից պէտք էր ունենալ, դրացի, գործակից, համագիւղացի, համաքաղաքացի: Այսինքն հայերէնը՝ որպէս կենդանի եւ մշակութային լեզու պահելու համար աշխարհագրական շրջանի մը մէջ, բնակչութեան խտութիւն պէտք էր:
Ընդհանրապէս ծնողներու հետաքրքրութեան պակասը հայերէնի նկատմամբ, պետական կրթական ծրագրի իրականացման եւ քննութիւններու յաջողութեան անհրաժեշտութիւնը, շրջապատի մէջ լսուող-ընթերցուող տեղական եւ օտար լեզուներու անշրջանցելի դարձած ճնշումը կը սեղմեն օղակը խօսուած, գրուած, ընթերցուող, ուսուցուող եւ իւրացուող հայերէնի շուրջ, ինչ ալ ըլլան բարեկամեցողութիւնները եւ ցանկութիւնները: Այս պարզ իրատեսութիւն է:
Այս պայմաններուն մէջ ի՞նչ պէտք է ընել, ինչպէ՞ս, ի՞նչ միջոցներով եւ որո՞նց հետ, որպէսզի հայերէնը իւրացուի սփիւռքի նորահաս սերունդներուն կողմէ, ըլլայ մշակոյթ կրող եւ մշակոյթ արտադրող լեզու:
Ղեկավարութիւնները նախ իրենք պիտի անդրադառնան հայերէնի ազգային-գաղափարական-քաղաքական էականութեան, այսինքն պէտք է ընդունին այն միտքը, թէ՝ որպէս ազգի հատուած տեւելու համար, հայերէնը կենսական է, տօնական օրերու զարդարանք չէ: Ապա, երկու լեզու սորվելու դժուարութիւնը եւ անպատեհութիւնը գոյութիւն ունին իրենք զիրենք գործնապաշտ համարողներու ուղեղին մէջ, եւ հայերէնը կը համարուի երկրորդական եւ անօգուտ: Մանուկը հեշտութեամբ եւ արագօրէն բազմալեզու կրնայ ըլլալ, եթէ անոր շուրջ յարմար սիրոյ եւ հասկացողութեան մթնոլորտ ըլլայ: Ինչպէս մասնագէտները դիտել կու տան, բազմալեզու ենթական կ՚ապրի բազմամշակութային հարստացումով՝ իւրաքանչիւր լեզուի մէջ գտնելով մադկային բնութեան այլազան եւ յաւերժական երեւոյթները, դրսեւորումները:
Հայերէնի ուսուցման յաջողութեան համար նախ հոգեբանական-դաստիարակչական աշխատանք պէտք է տանիլ հայ ընտանիքներուն մօտ բացատրութիւնները հասցնելով իւրաքանչիւրին իր յարկին տակ: Այսինքն հայ ծնողները՝ հայր եւ մայր, լուսաբանել. հայերէն սորվիլ եւ խօսիլ արգելք չէ անգլերէն, ֆրանսերէն, արաբերէն կամ այլ «հացի լեզու» սորվելու: Այդ արգելքը տեսնել անկարողութեան հետեւանք է եւ նախնականութիւն:
Բայց այս ընելու համար, հայերէնի ուսուցման համար անհրաժեշտ գիտութեան եւ պատրաստութեան կողքին, ամբողջական մանկավարժական մեթոտ եւ միջոցներ պէտք է ստեղծել: Այդ մեթոտին եւ միջոցներուն տիրապետող ուսուցանող պէտք է պատրաստել:
Հայերէնի ուսուցումը երկրորդ կամ երրորդ լեզուի շրջանակէն դուրս պէտք է բերել եւ որդեգրել ԵՐԿԼԵԶՈՒԱՆԻ ուսուցման մանկավարժական մեթոտ: Ասկէ առաջ, զանազան առիթներով խօսած եւ գրած եմ, որ երկու լեզու կամ աւելի լեզուներ միաժամանակ սորվեցնել՝ չի նշանակեր մէկ լեզուին կամ միւսին նախապատուութիւն տալ: Երկլեզուանի ուսուցման մանկավարժութիւնը սովորական երկու կամ երեք լեզու սորվեցնելու դասական ձեւէն տարբեր է: Ան ունի հիմնական սկզբունք մը. ԵՐԿՈՒ ԼԵԶՈՒՈՎ ԱՇԽԱՐՀԸ ՃԱՆՉՆԱԼ, ԱՇԽԱՐՀԻՆ ԲԱՑՈՒԻԼ: Անգլերէն չգիտցող հայ ընտանիքի զաւակը եթէ կրնայ անգլերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն կամ այլ լեզուներ սորվիլ, ոչ մէկ պատճառ կայ, որ ան հայերէնն ալ չսորվի: Արգելքը այլ լեզուին եւ լեզուներուն մեր կողմէ տրուած ընկերատնտեսական կարեւորութիւնն է, որ պարզ բառերով կարելի է սահմանել, եւ ծնողներու եւ յաճախ նաեւ դպրոցներու մակարդակին՝ նպարավաճառային շահախնդրութիւնը: Տեղեկագիրներու մէջ յիշուած զանազան քննութիւններու բարենիշներու կողքին, չի խօսուիր իւրացուած յաջողակ հայերէնի որակի մասին նաեւ:
Ո՞վ չէ լսած այն գործնապաշտական միտքը, որ հայերէնը փոր չի կշտացներ: Այս ամբոխային միտքով կարելի՞ է հայ դպրոց պահել, այս միտքին բաւարարութիւն տալու համար ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս հայ դպրոց պահել: Դպրոց հիմնողները, վարողները, ընդհանրապէս հայ ներազգային կեանքը առաջնորդողները իրենք իրենց հարց պէտք է տան, թէ ինչպէ՞ս եւ ինչպիսի՞ պատշաճեցում-զիջումներ կ՚ընեն հաշտեցնելու համար հայրենիք ազգային-գաղափարական-քաղաքական էականութիւնը, տոկալու եւ տեւելու հիմնական առաջադրանքը (կ՚ենթադրեմ)՝ ընդդէմ փոր չկշտացնող հայերէնի անտեսման:
Երկլեզու մանկավարժութեան յենակէտը կեանքի լեզուի իւրացումն է: Ինչ կը վերաբերի հայերէնի, շրջապատը (բնութենական, աշխարհագրական, գիտական, կենցաղային) պիտի ուսուցուի եւ իւրացուի նաեւ հայերէնով, ինչպէս այդ կ՚ըլլայ կարեւոր համարուած լեզուներով: Այլապէս հայերէնը կը դառնայ կռնծած լեզու:
Ինչպէ՞ս…
Կազմակերպուած երկիրներու մէջ, որոնց լեզուները կարեւոր կը համարենք ապագայ պատրաստելու համար, ըստ տարիքի իւրացուելիք բառապաշարը կը ճշդուի (հիմնական բառապաշար, (vocabulaire de base): Դասագիրքերը այդ ըմբռնումով կը մշակուին: Ըստ տարիքի բառարաններ կան: Հայերէնի պարագային, նկատի ունենալով դասաժամերու թիւը եւ տարիները, պէտք է կազմուին ուսուցման եղանակները եւ տրամադրուին միջոցները, ըլլան զուգահեռ միւս լեզուներուն: Յաճախ կը խօսինք «Տէր Թոդիկ»ի մանկավարժութեան մասին: Ես ինծի երբեմն հարց կու տամ, թէ ներկայի կարելիութիւններուն եւ առաջադրանքներուն բաղդատած, հայերէնի ուսուցումը, համեմատութիւնները պահելով հանդերձ, տեսական պահանջին բաղդատած՝ մի՞թէ «տէրթոդիկեան» չէ: Ութսուն կամ յիսուն տարի առաջ յաջողածը մեթոտ-մանկավարժութիւնը այսօր ժամանակավրէպ է:
Սփիւռքեան կացութեան մէջ, ուր որ գտնուինք, առաւել կամ նուազ համեմատութիւններով, համայնքները (իմա՝ ծնողները) հայախօս ըլլան թէ ոչ, հայերէնը եւ անոր ուսուցումը անխուսափելիօրէն շրջապատի մշակոյթի եւ լեզուի ուժգին ճնշման ենթակայ են: Այդ մնայուն կացութիւն է: Չենք կրնար դատարկաբանութեամբ զայն չէզոքացնել: Զայն շրջանցելու համար յատուկ մանկավարժութիւն, մեթոտ եւ միջոցներ պէտք է օգտագործել, եւ նիւթական յատկացումները չխնայել նաեւ հայերէնի ուսուցման համար: Հայերէնը չհամարել աղքատ ազգական, որպէսզի ան չդառնայ, Շաւարշ Միսաքեանի իմ յաճախ յիշած եւ սիրած բանաձեւումով՝ հաց պանիրի հայերէն, ինչ որ է յաճախ կացութիւնը: Նկատած ըլլալու էք, որ հայկական վարժարան յաճախող քոյր, եղբայր եւ ընկերներ, երբ առանձին են, կը դադրին իրենց սորված հայերէնով յարաբերելէ, ինչ որ ձախողութիւնն է այդ մանուկներու յաճախած դպրոցին:
Այս հարցերը քննելու, մասնագէտներու դիմելու (անոնք ըլլան հայ թէ օտար), ծրագիր մշակելու եւ գործադրելու համար կարելի չէ՞ համազգային հիմնադրամ մը ստեղծել, ո՛չ փշրանքներով: Այս խնդիրը համասփիւռքեան-համազգային է պաշտպանելու համար ազգի աւելի քան կէս համարուած համրանքը: Մեծ իրատեսութեան կարիք չկայ հաստատելու համար, որ այդ համրանքի ինքնութեան տոկոսը մեղրամոմի պէս կը հալի:
Պէտք է ըմբռնել նաեւ, որ սա կամ նա ձեւով դպրոցի շէնք ունենալ բաւարար չէ: Հիմնահարց է շէնքը հայ դպրոց դարձնել, այդ ընելու կիսամիջոցները, նոյնիսկ ազնիւ առաջադրանքները եւ երազները կը տանին ձախողութեան:
Ինչ որ կայ, ինչ որ ունինք, ինչ որ կ՚ուզենք ունենալ, պէտք է դնել գիտական-մասնագիտական հիմերու վրայ՝ ներդրում ընելով որակի համար: Այլապէս անոնք կը վերածուին թաղային ինքնագոհութեան յարդի բոցի:
Իրատես դառնալու համար պէտք է դարմանել ամէնուրեք եւ ամէն կարգի հաւկուրութիւնները:
Վերամուտ է: Բայց այդ առիթով չեն գրուած այս տողերը: Ազգի աւելի քան կէսին համար ահազանգային կացութեան յիշեցում է:
Դեռ պէտք է խօսիլ այն մասին, որ հայկական դպրոցը մենաշնորհն է հայկական կարգ մը գաղութներու: Պէտք է խօսիլ նաեւ դպրոց չունեցող գաղութներու մասին՝ փոխանակ գոհանալու միայն եղածներով: Այդ գաղութները կը գոյացնեն իսկական մեծամասնութիւն, որոնց նկատմամբ ղեկավարութիւնները պատասխանատուութիւն պէտք է զգան:
22 օգոստոս 2019, Նուազի-լը-Կրան