ԼԱՒՐՈՎ-ԶԱՐԻՖ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ երէկ հանդիպում մը ունեցան Մոսկուայի մէջ։ Նախարարներու համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Ռուսաստան կը ձգտի Պարսից ծոցի տարածքաշրջանը դարձնել ո՛չ թէ ճգնաժամեր արտադրող, այլեւ՝ վստահութեան ու կայունութեան տարածքաշրջան մը։ Իր կարգին Զարիֆն ալ նշեց, որ Ռուսաստան ամենադժուարին օրերուն իրենց կողքին դիրք գրաւած է եւ իրենք երախտապարտ են իրենց ռազմավարական գործընկերին։ Զարիֆ ընդգծեց, որ Ծոցի պարագային համամիտ են ռուսական կողմին։ Իրան շատ աւելի լուրջ եւ պարտաւորիչ համաձայնութեան մը երթալու պատրաստակամ է։ «Մենք կ՚առաջարկենք ափամերձ բոլոր երկիրները նոյն սեղանին շուրջ համախմբել եւ դաշինք մը կնքել՝ իրարու վրայ յարձակում չգործելու համար», ըսաւ Զարիֆ։

Լաւրով անդրադարձաւ նաեւ Թեհրանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ առկայ լարուածութեան։ Ըստ իրեն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ Իրանի վերաբերեալ հիւլէական համաձայնութենէն միակողմանիօրէն դուրս կու գայ ու կը ջանայ Իրանին յանցագործութիւն վերագրել՝ հիւլէական զէնքերը աշխարհի վրայ տարածելու պնդումով։ «Ռուսաստան կը գիտակցի այս ծուղակին եւ Իրանը հրաւիրած է շարունակել համաձայնութենէն բխած պատասխանատուութիւնները յարգել», ըսաւ Լաւրով։

Նոյն հարցին շուրջ Ճեւատ Զարիֆն ալ դիտել տուաւ, որ համաձայնագիրը ստորագրած եւրոպական երկիրներն ալ Իրանի նկատմամբ իրենց պարտաւորութիւնները պէտք է յարգեն, այլապէս, 5 սեպտեմբերին Թեհրանի կողմէ պիտի առնուի համաձայնութենէն դուրս գալու երրորդ քայլը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2019