ՀՏՎ-Ը՝ ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
21 օգոստոսի «Մութի մէջ լոյս» վերնագրեալ յօդուածիս մէջ ներկայացուցած էի Հայաստանէն Պոլիս եկած գաղթականներու «ինքնաշէն» դպրոցի՝ Հրանդ Տինք վարժարանի գոյացման պայմաններն ու պատմութիւնը, եւ խոստացած՝ որ «դպրոցի կրթական ծրագրի ու աւելիին մասին» պիտի գրեմ յաջորդ սիւնակով։
Կրթական ծրագրի մասին մանկավարժական վերլուծութիւն մը կամ նկատառումներու շարք մը չէ այստեղ ընելիքս։ Որպէս մշակութային մարդաբան, զիս հետաքրքրած է Հրանդ Տինք վարժարանի (այսուհետ՝ ՀՏՎ կրճատումով) դերը՝ մշակութային եւ հասարակական ուղղութեամբ մարդակերտման առումով։ Պատկերաւոր ոճով եթէ ըսեմ՝ ի՞նչ տեսակ մարդիկ «կ՚արտադրէ» ՀՏՎ-ը. ի՞նչ մշակոյթով, ի՞նչ պատկանելիութեամբ, ի՞նչ արժէքաբանութեամբ, ինչպիսի՞ հաւաքական պատումի եւ խօսոյթի մէջ։
Մէկ յօդուածով այդ բոլորը ծածկելը, յատկապէս խորապէս, անհնար է անշուշտ։ Հպանցիկ դիտարկումներ եւ մեկնաբանութիւններ կարելի է ներկայացնել սակայն։ Եթէ շատ պարզացուած ձեւով փորձենք մէկ նախադասութեան մէջ մեր միտքը տեղաւորել, պիտի ըսենք, քիչ մը ճառախօսական եւ ծամծմուած ոճով, որ ՀՏՎ-ը «Փոքրիկ Հայաստանի Հանրապետութիւն» մըն է, Հայաստանի Հանրապետութեան «դստրեր» եւ «որդիներ» պատրաստող, թէկո՛ւզ անկէ մղոններով հեռու գտնուող Պոլսոյ մէջ։
Այս մասին ամենէն ակնառու կերպով վկայող առաջին գործօնը դպրոցի մէջ գործադրուող կրթական ծրագիրն է, յար եւ նման Հայաստանի մէջ գործող ազգային կրթական ծրագրին։ ՀՏՎ յաճախող Հայաստանէն եկած գաղթականի երեխան, այսպէսով, շաբաթը հինգ օր, ամէն առաւօտ կ՚արթննայ Պոլսոյ մէջ, ըսենք՝ Սամաթիոյ կամ Գումգաբուի, կ՚անցնի թրքալեզու եւ մշակութապէս թրքական տարածութեան մէջէն, բայց երբ հասնի Կէտիկփաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցի, եւ իջնէ գետնայարկ՝ դպրոց, կը յայտնուի նոյն դասագրքերուն, նոյն թեմաներուն, ուսուցուող նոյն արժէքներուն եւ գաղափարախօսութեան դիմաց, որոնց հետ նոյն ժամերուն կ՚առընչուի Կիւմրիի, Երեւանի, Հրազդանի, Էջմիածնի կամ հայաստանեան մէկ հեռաւոր գիւղի բնակիչ իրեն տարեկից երեխան։ Նոյն արեւելահայերէն լեզուով, նոյն բովանդակութեամբ։ Արդարեւ, ուրիշ ի՞նչ պիտի սպասուէր կրթութեան այդ օճախէն, որ Պոլսոյ եւ Հայաստանի միջեւ կամուրջի դեր կը խաղայ, պատրաստելով տեղւոյն երեխաները՝ հայաստանեան կրթական համակարգի աւելի բարձր դասարաններուն։
Դասագրքային եւ բովանդակային նոյնութեամբ կողքին կայ նաեւ արտադասարանային բովանդակութեան գրեթէ կրկնօրինակում։ Խօսքը այստեղ, օրինակ, վարժարանէն ներս նշուող տօներու մասին է։ Ի տարբերութիւն պոլսահայ վարժարաններու, ուր տեղական պետական տօներն ու օրերը կը յիշուին, ՀՏՎ-ի մէջ յիշուողը, անոնց փոխարէն, օրինակ, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնն է, Հայկական բանակի օրը, Կիւմրիի երկրաշարժի տարելիցը, եւ այլն։ Անշուշտ խորհրդանշային - տեսողական ամբողջ ներկապնակ մը կ՚ընկերակցի այս օրերուն՝ պատի թերթեր, երաժշտութիւն, ներկայացումներ, Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշ եւ օրհներգ, եւ այլն։
Այս բոլորին վրայ կը մնայ աւելցնել այն պարզ փաստը, որ ՀՏՎ-ի ուսուցիչներն ու պաշտօնէութիւնը գրեթէ ամէնօրեայ դրութեամբ տարուած են Հայաստանով, անդրազգային մտաւոր կեանք մը վարելով։ «Հայաստան այսօր եղանակը ինչպէ՞ս է», «լսեցի՞ք, Երեւան խոշոր վթար պատահեր է» , «սահմանի վրայ կրակոցներ եւ զոհեր ունինք», եւ նմանօրինակ հայաստանակեդրոն ու հայաստանածին մտքեր ու խօսքեր կարելի է լսել սովորական զրոյցներու մէջ։
ՀՏՎ-ը, այսպէսով, ամէնօրեայ դրութեամբ Հայաստա՛ն կը շնչէ, ինչպէս նաեւ կ՚արտադրէ Հայաստանով տարուած եւ Հայաստան վերադառնալու ունակ նոր սերունդ մը Պոլսոյ մէջ։
ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ