ԻՆՔԶԻՆՔ ԶՕՐԱՒՈՐ ԶԳԱԼ

Կեանքի անողոք եւ անվերջ պայքարին մէջ յաղթական հանդիսանալու համար պայմա՛ն է ինքն իր ուժերուն վստահիլ, ինքզինք զօրաւոր զգալ եւ առանց վհատելու շարունակել պայքարիլ։ Արդարեւ պայքար մղելու համար անհրաժեշտ է ուժ, զօրութիւն եւ յարատեւութիւն։

Կեանքը գոյապահպանելու եւ կարենալ գոյատեւելու համար մարդ պէտք է, որ յաղթական հանդիսանայ այս անողոք եւ մշտնջենաւոր պայքարին մէջ։

Արդարեւ, պայքարելու համար ուժ ունենալու է։ Ամէն ուժ իր ժամանակին եւ տեղին մէջ մեծ է։ Ան կարեւոր է, եւ ազդակ մը՝ մարդկային յառաջդիմութեան, գոյապահպանման եւ գոյատեւման։ Այսպէս, երբ մարդիկ ձիաքարշ նախնական կառքերով կը ճամբորդէին, եւ շոգեշարժ կառախումբը բանիլ սկսաւ եւ անոր արագընթացութիւնը՝ բաղդատմամբ նախընթաց փոխադրութեան միջոցներուն, ա՜յնքան ապշութիւն պատճառեց այդ օրերուն ընկերութեան, որքան այսօրուան հրամուղ օդանաւի մը նետահար արագութիւնը կը պատճառէ երկաթուղիով ճամբորդողի մը։ Աւելի քան դար մը առաջ՝ ծովային ճամբով տեղէ մը ուրիշ տեղ հասնելու միակ միջոցն էր առագաստանաւը, որ կը կարօտէր երկար ժամանակի, երբեմն ամիսներու, որպէսզի կարելի ըլլար յաջողիլ կտրել այդ հեռաւորութիւնը, ի՛նչ որ այսօր կարելի է կտրել՝ թռչող օդանաւով մը միայն քանի մը ժամուան մէջ։ Երբեմն հո՛վն էր, որ յառաջ պիտի քշէր նաւ մը, հիմա՝ նորագիւտ ուժ մըն է այս կամ այն ձեւին մէջ։ Ուրեմն, այս ցոյց կու տայ թէ՝ «ուժ» ըսուածը յարաբերական, համեմատական եւ ժամանակի ընթացքին փոփոխութեան ենթարկուող արժէք մըն է։ Արժէք մը՝ որ միշտ գոյութիւն ունի, որքան ալ ան փոփոխական ըլլայ։ Այս իմաստով, ուժը՝ ո՛ւժ է, զոր նոյն աղբիւրը կը հայթայթէ ամէն տեղ եւ ամէն ատեն, բաղդատաբար՝ երբեմն տկար, իսկ այժմ՝ շատ զօրաւո՛ր։

Ահա՛ այս հասկացողութեամբ պէտք է դիտել ամէն գործիք, որ կը նպաստեն մարդուն՝ դիւրացնելու համար կեանքը, թեթեւցնելու համար դժուարութիւնները եւ տանելի ընելու համար ամէն նեղութիւն։ Արդարեւ մարդը եւ ուժը կը գործակցին, որպէսզի մթերք մը կարենան ստեղծել եւ օգտագործել շինարար նպատակի մը հասնելու համար։ Ուստի մարդ միայն ուժո՛վ է, որ կրնայ յաջողիլ եւ հասնիլ նպատակի մը։ Եւ իր պարզութեան մէջ ո՜րքան խելք եւ գեղեցկութիւն կը տեսնուին ուժին մէջ։ Բնութի՞ւնը պէտք է փառաբանել, թէ՞ մարդը, կամ թէ՝ Բնութեան եւ մարդուն Ստեղծիչը՝ որ երկուքը իրարու հետ բարեկամացուցեր է, մէկտեղ Աստուծոյ արարչագործութեան ընդհանուր «ծրագիր»ներուն իրագործման ծառայելու երկրիս վրայ…։

Ամբողջ տիեզերքը Աստուծոյ կը պատկանի, եւ ուրեմն եւ երկիրը՝ եւ այն բոլոր ուժերը, որոնք Բնութեան ծոցին մէջ պահուած են։

«Երկինք եւ երկիր Աստուծոյ փառքը կը պատմեն յիրաւի…»։

Մարդո՞ւն է ինկեր այդ փառքը սեփականացնելու եւ սոնքալու ամբարտաւանօրէն, իբր թէ ինք եղած ըլլար «աստուած» մը։ Մարդ այն ատեն ապացոյց կու տայ, թէ ինքզինք կը ճանչնայ, երբ զԱստուած կը ճանչնայ, եւ անոր փառքին առջեւ կը խոնարհի, որպէս «ծառայ» մը՝ իր տիրոջ առջեւ։ Մարդուն սեփական ուժը՝ Աստուծոյ զօրութեան մէկ մասնիկը, մէկ ցոլացումն է միայն, ինչպէս՝ արեւուն ճառագայթները։

Արդարեւ, շեշտը ունեցածին՝ քանակին վրայ չէ, հապա՝ տուածին քանակին վրայ։ Ոմանք շատ ունին, շատ ուժով են, քիչ կու տան, քիչ կ՚օգտագործեն, ոմանք քիչ ունին, բայց իրենց ունեցածին, իրենց ուժերուն ամբողջութիւնը կու տան։ Անվերապահ սպառում մեր բոլոր ուժերուն, զօրութիւններուն եւ կարողութիւններուն։ Ահաւասիկ ա՛յդ է կեանքը «լիակատար ապրիլ»ը։ Ուժը ո՛չ թէ խնայել, այլ՝ սպառե՛լ։ Ա՛յս է մարդուն կոչումը։ Այս իմաստով ուժին փառքը՝ անգործութիւնը, անաշխատութիւնը, ամլութիւնը չէ՛, հապա՝ սպառո՛ւմը։

Ուժը, արդարեւ, սիրոյ կը նմանի՝ որքան տարածուի, որքան օգտագործուի, ա՛յնքան կ՚աճի, ա՛յնքան կը զօրանայ, ա՛յնքան կ՚աւելնայ…։

Ուժը՝ որպէս զօրութիւն չորս առաքինութիւններէն մէկն է. այս չորս առաքինութիւնները առանցքային դեր կը կատարեն։ Այս պատճառով անոնք «գլխաւոր առաքինութիւն»ներ են կոչուած։ Միւս բոլորը կը խմբուին անոնց շուրջ։ Այս չորս առաքինութիւններն են՝ խոհեմութիւն, արդարութիւն, զօրութիւն եւ ժուժկալութիւն։ Այս առաքինութիւններուն կարելի է հանդիպիլ Աստուածաշունչի մէջ տարբեր անուններու տակ։ Ուստի «ո՛ւժ» կամ «զօրութի՛ւն» այն առաքինութիւնն է, որ դժուարութիւններու մէջ կ՚ապահովէ վճռականութիւնը եւ հաստատամտութիւնը բարիին հետապնդումին մէջ։ Ան կ՚ամրացնէ առաջադրանքը փորձութիւններուն դիմադրելու, տոկալու եւ արգելքներուն յաղթահարելու բարոյական կեանքին մէջ։ Ուժի կամ զօրութեան առաքինութիւնը մարդս կարող կը դարձնէ յաղթելու «վախ»ին, նոյնիսկ մահուան վախին, ճակատելու նեղութիւններուն եւ հալածանքներուն։ Ան մարդս տրամադիր կը դարձնէ երթալու մինչեւ զոհաբերումը իր կեանքին, պաշտպանելու համար արդար դատը։

«Աշխարհի վրայ պիտի չարչարուիք, նեղութիւններ պիտի ունենաք, սակայն քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ Ես յաղթեցի աշխարհի», կ՚ըսէ Յիսուս (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։

Աստուած ամէն զօրութեան գագաթնակէտը բացարձակ զօրութի՛ւնն է, եւ միայն հաւատքը կրնայ մատչիլ Աստուծոյ Ամենազօրութեան, անհո՜ւն Ուժին խորհրդաւոր ուղիներուն։ Այս հաւատքը կը պարծենայ իր տկարութիւններով՝ Քրիստոսի զօրութիւնը իրեն քաշելու համար։ Աստուծոյ Ամենազօրութիւնը, անսահմա՜ն Ուժը իր իմաստը կը գտնէ այն ճշմարտութեան մէջ՝ թէ Աստուծոյ համար անկարելի բան չկա՛յ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 24, 2019, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2019