ԱՆԳԼԻՈՅ ՄԷՋ BREXIT-Ի ԳՈՐԾԸՆԹԱՑՈՎ ՊԱՅՄԱՆԱՒՈՐՈՒԱԾ ՏԱԳՆԱՊԸ ԿԸ ԽՈՐԱՆԱՅ

Անգլիոյ մէջ BREXIT-ի վերաբերեալ իրադարձութիւնները կը շարունակեն խորացնել քաղաքական տագնապը։ Վարչապետ Պորիս Ճանսըն իրերայաջորդ հարուածներու կ՚ենթարկուի խորհրդարանէն ներս։ Եւրոմիութեան հետ առանց համաձայնութեան հասնելու երկիրը կազմակերպութենէն դուրս բերելու հետամուտ Պորիս Ճանսըն արդէն մատնուած է փակուղիի։ Իր կողմէ գլխաւորուած Պահպանողական կուսակցութեան շարքերէն ներս ալ բառին բուն իմաստով ըմբոստութեան ալիք մը յառաջացած է իրեն դէմ։ Խորհրդարանի թէ՛ իշխանական եւ թէ ընդդիմական թեւերու երեսփոխանները համագործակցաբար կանխել կը ձգտին Պորիս Ճանսընի մտադրութիւնը՝ 31 հոկտեմբերին առանց համաձայնութեան BREXIT մը կեանքի կոչելու ճանապարհին։ Անգլիոյ Երեսփոխանական ժողովէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ քուէարկութիւն մը, որու արդիւնքով՝ ձայներու 327-299 յարաբերակցութեամբ Ճանսըն կրեց պարտութիւն եւ այսպէսով կանխուեցաւ առանց համաձայնութեան BREXIT-ի վարկածը։ Միջազգային աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ ճանապարհ բացուած է, որպէսզի BREXIT-ը երկարաձգուի մինչեւ յունուարի 31-ը։ Այս իրադարձութենէն վերջ, Պորիս Ճանսըն յայտնեց, որ Երեսփոխանական ժողովի հետ աշխատելու հնարաւորութիւնը սպառած է։ Ուստի, ան առաջարկեց հոկտեմբերի 15-ին ձեռնարկել կանխահաս ընտրութեան։ Սակայն, ան չկրցաւ Երեսփոխանական ժողովի երկու երրորդին զօրակցութիւնը ապահովել այս առաջարկին համար։ Առանց համաձայնութեան BREXIT-ը կանխելու հետամուտ օրէնսդրական նախաձեռնութիւնը պէտք է արժանանայ Լորտերու պալատի հաւանութեան եւ թագուհիի հաստատման։ Ընդդիմադիր Բանուորական կուսակցութեան ղեկավար Ճերըմի Քորպին յայտնեց, որ վաղահաս ընտրութեան վերաբերեալ առաջարկին հաւանութիւն պիտի տան՝ միայն եթէ առանց համաձայնութեան BREXIT-ը կանխելիք օրէնքի նախագիծը վաւերացուի թագուհիին կողմէ։ Ներկայի վարչապետ Պորիս Ճանսըն թէ՛ կորսնցուցած է BREXIT-ի գործընթացի հակակշիռը եւ թէ խորհրդարանի մեծամասնութիւնը։

Առանց համաձայնութեան BREXIT-ի մը վերաբերեալ Անգլիոյ մէջ պատրաստուած բոլոր պաշտօնական տեղեկագրերը ունին ժխտական ենթադրութիւններ։ Արդարեւ երկիրը կրնայ դէմ յանդիման մնալ սննդամթերքի, դեղօրայքի, վառելանիւթի նեղութիւններու։ Բարդութիւններ կրնան ստեղծուիլ հաղորդակցութեան ոլորտին մէջ, քաոս կրնայ յառաջանալ Անգլիոյ մաքսերու պարագային։ Ընկերային ծախսերը կրնան բարձրանալ կարեւոր համեմատութեամբ։ Ի լրումն այս բոլորին Իրլանտայի եւ Հիւսիսային Իրլանտայի սահմանին վերաբերեալ նրբութիւններուն բերումով մասնահատման վտանգի մը դէմ յանդիման կրնայ մնալ Միացեալ թագաւորութիւնը։

Պրիւքսելն ալ անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի Լոնտոնի իրադարձութիւններուն։ Եւրոյանձնաժողովի բանբեր Նինա Անտրէեւա յայտնեց, որ իրենք աշխատանքներ յառաջ կը տանին՝ հաշուի առնելով BREXIT-ի համար 31 հոկտեմբերի վերջնական ժամկէտը։ Այլապէս, Լոնտոնէն շօշափելի առաջարկներ չեն կատարուած։ Պրիւքսելի մէջ կը կատարուին մեկնաբանութիւններ, ըստ որոնց Լոնտոնի քաղաքական համայնապատկերը ահաւոր տեսք մը կը պարզէ։ Թէեւ անգլիացի իրաւասուներու եւ Եւրոյանձնաժողովի միջեւ թեքնիկ շփումները թափ ստացած են, սակայն ԵՄ-ի համոզմամբ հիմնական նիւթերու վերաբերեալ որեւէ տեղաշարժ խնդրոյ առարկայ չէ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2019