ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՍԱՆԵՐՈՒ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Պուէնոս Այրէսի Մխիթարեան վարժարանի 11-րդ դասարանի սաները։ Արժանթինահայ երիտասարդները Վեհափառ Հայրապետին ներկայացան՝ Հայաստանի Մխիթարեան կեդրոնի տնօրէն Հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Քիլաղպեանի գլխաւորութեամբ։ Նորին Սրբութիւնը այս առթիւ իր հայրական սէրն ու օրհնութիւնը փոխանցեց հայորդիներուն՝ ուրախութիւն յայտնելով անոնց համայն հայութեան նուիրական հոգեւոր կեդրոնը տուած այցելութեան բերումով։

Վեհափառ Հայրապետը անմիջական զրոյցի ընթացքին աշակերտներուն ներկայացուց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պատմութիւնը, խօսեցաւ հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս անոր կարեւոր դերակատարութեան մասին։ Ան հաստատեց, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը Աստուծոյ կողմէ հայ ժողովուրդին տրուած շնորհ մըն է եւ քրիստոնէական հաւատքի շնորհիւ հայորդիները կարողացած են յաղթահարել պատմութեան ընթացքին իրենց բաժին հասած բոլոր փորձութիւնները։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ Սուրբ Էջմիածինը հայ ժողովուրդը մշտապէս առաջնորդած է փրկութեան ուղիով։

Աւելի վերջ Վեհափառ Հայրապետը վերյիշեց դէպի Արժանթին հովուապետական այցելութիւնը եւ այդ ծիրէն ներս Մխիթարեան վարժարան տուած այցը։ Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ այս կրթական հաստատութեան բարերարներու ազգօգուտ եւ մարդասիրական ծառայութեան մասին։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը յորդորեց վարժարանի սաներուն, որ ո՛ւր ալ ապրին՝ կարողանան զգալ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի զօրութիւնն ու օրհնութիւնը իրենց կեանքին մէջ, ներշնչուին հայ ժողովուրդի հերոսական պատմութեան դրուագներով, հայկական հոգեւոր եւ մշակութային արժէքներով։

Զրոյցի տեւողութեան Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց նաեւ պատանիներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հոգեւոր ծառայութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական եւ Հռոմի Կաթոլիկ եկեղեցիներու յարաբերութիւններու։

Հանդիպման աւարտին Նորին Սրբութիւնը սաներուն մաղթեց բարի կեցութիւն, ուրախ եւ հոգեւոր ապրումներով լեցուն օրեր Հայաստանի մէջ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 6, 2019