Տ. ՍԱՀԱԿ ԵՊՍԿ. ՄԱՇԱԼԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉՈՒԹԻՒՆ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ յետմիջօրէին այցելեց Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութիւն՝ ընկերակցութեամբ Պատրիարքարանի դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի։ Նորին սրբազնութիւնը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեանի կողմէ։ Ներկայ էր նաեւ ներկայացուցչութեան խորհրդական Նաղաշ Յակոբեան։

Քաղաքավարական այցելութեան ընթացքին կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան զանազան հարցերու շուրջ։ Հաճելի զրոյցը տեւեց շուրջ ժամ մը։ Հանդիպման աւարտին նորին սրբազնութիւնը ներկայացուցչութենէն հրաժեշտ առաւ փոխանցելով իր օրհնութիւններն ու բարեմաղթանքը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 6, 2019