ՍԻՄՈՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Աստուծոյ պատուիրանը կը դատապարտէ անկրօնութեան գլխաւոր մեղքերը՝ խօսքով կամ գործով Աստուած փորձելը, սրբապղծութիւնը եւ սիմոնականութիւնը։
Այս գլխաւոր մեղքերու կարգին «սիմոնականութիւն»ը յատուկ տեղ մը կը գրաւէ մանաւանդ։
«Սիմոնականութիւն»ը կը սահմանուի որպէս վաճառքը կամ գնումը հոգեւոր իրականութիւններու, երկնային արժէքներու։ Արդարեւ, սիմոնականութիւնը շահագործո՛ւմ մըն է մաքուր հաւատքի, հոգեւոր բարձր արժէքներու եւ առաքինութիւններու։ Թէ ի՞նչու այս մեղքը կոչուած է «սիմոնականութիւն»։ Սիմոն մոգը կ՚ուզէր գնել՝ վաճառել այն հոգեւոր զօրութիւնը՝ զոր գործադրուած կը տեսնէր առաքեալներուն կողմէ։
«Առաքեալները, որոնք Երուսաղէմ կը մնային, երբ լսեցին, թէ Սամարացիներ Աստուծոյ խօսքը ընդունեցին, անոնց քով ղրկեցին Պետրոսն ու Յովհաննէսը, որոնք երբ հասան՝ աղօթեցին անոնց վրայ, որպէսզի Սուրբ Հոգին ստանան, որովհետեւ մինչ այդ Սուրբ Հոգին անոնցմէ ոեւէ մէկուն վրայ չէր իջած, այլ միայն Տէր Յիսուսի անունով մկրտուած էին։ Այն ատեն Պետրոս եւ Յովհաննէս իրենց ձեռքերը դրին անոնց գլխուն վրայ եւ անոնք Սուրբ Հոգին ստացան։
«Երբ Սիմոն տեսաւ թէ առաքեալներու ձեռք դնելովը Սուրբ Հոգին կը տրուի, անոնց դրամ խոստանալով՝ ըսաւ.- Ինծի ալ տուէք այդ կարողութիւնը, որպէսզի որուն վրայ որ ձեռք դնեմ՝ Սուրբ Հոգին ստանայ։
«Ասոր վրայ Պետրոս ըսաւ անոր.
«Կորսուէ՛, դո՛ւն ալ, դրամդ ալ. կարծեցիր որ Ատսուծոյ պարգեւը կրնա՞ս դրամով գնել։ Այս բոլորին մէջ մաս եւ բաժին պիտի չունենաս, քանի որ ուղիղ չես խորհիր Աստուծոյ մասին։ Հետեւաբար դարձի՛ր այդ չար խորհուրդէդ եւ աղաչէ՝ որ Տէրը ներէ մեղքիդ այդ նենգ խորհուրդը։ Որովհետեւ կը տեսնեմ թէ դառն նախանձով լեցուն ես եւ մեղքի կապանքներուն մէջ բռնուած։
«Սիմոն ըսաւ.
«Ինծի համար աղաչեցէք Տիրոջ, որ ձեր ըսածներէն որեւէ մէկը չպատահի ինծի։
«Իսկ առաքեալները իրենց վկայութիւնը տալէ եւ Տիրոջ խօսքը քարոզելէ ետք՝ վերադարձան Երուսաղէմ, ճամբու վրայ Սամարիայի բազմաթիւ գիւղերու մէջ Աւետարանը քարոզելով», (ԳՈՐԾ. Ը 14-25)։ Ուստի Պետրոս այսպէս կը հետեւէր Յիսուսի խօսքին. «Ձրի առի՛ք, ձրի ալ տուէ՛ք» (ՄԱՏԹ Ժ 8)։
Այս մասին Եսայի մարգարէ կ՚ըսէ.
«Ո՛վ ծարաւցածներ, ջուրերուն եկէ՛ք եւ ստակ չունեցողներ, եկէ՛ք, ծախու առէ՛ք ու կերէ՛ք, եկէ՛ք, առանց ստակի եւ ձրի գինի ու կաթ ծախու առէք» (ԵՍ. ԾԵ 1)։
Անկարելի եւ անընդունելի է սեփականացնել հոգեւոր բարիքները եւ անոնց հանդէպ վարուիլ իբրեւ անոնց սեփականատէրը, քանի որ անոնց ակունքը Աստուծոյ մէջ է։ Ուստի կրնանք զանոնք Աստուծմէ միա՛յն ձրիաբար ընդունիլ։
Այս ուղղութեամբ, օրինաւոր իշխանութեան կողմէ սահմանուած ժամուցէն դուրս, պաշտօնատարը սուրբ խորհուրդներու մատակարարութեան համար պէտք է ո՛չինչ խնդրէ, միշտ զգուշանալով, որ կարօտեալները իրենց աղքատութեան պատճառով չզրկուին սուրբ խորհուրդներուն մատակարարութենէն եւ չզրկուին հոգեւոր ծառայութեան բարիքներէն։ «Ձրի առի՛ք, ձրի ալ տուէ՛ք» (ՄԱՏԹ. Ժ 8). անայլայլելի եւ մշտնջենաւոր սկզբո՛ւնք մը պէտք է ընդունուի։
Օրինաւոր իշխանութիւնը ի՛նք կը սահմանէ պատշաճ ժամուցը, այն սկզբունքին զօրութեամբ, թէ քրիստոնեայ ժողովուրդը պարտի օժանդակել ապրուստին Եկեղեցւոյ պաշտօնատարներուն, որոնք «հանրային ծառայութիւն» մը մատուցանելու կոչուած եւ ուխտած են։
Արդարեւ այս մասին յստա՛կ է Յիսուսի խօսքը. «Ճամբու համար ո՛չ պարկ առէք, ո՛չ աւելորդ հագուստ, ո՛չ կօշիկ եւ ո՛չ գաւազան։ Քանի աշխատողը արժանի է իր օրապահիկին» (ՄԱՏԹ. Ժ 10)։
Ուստի «չափաւորութիւն»ը առաքինութիւն է եւ ազնուութի՛ւն։ Ասիկա աւելի եւս կարեւորութիւն կը ստանայ հոգեւոր ծառայութեան եւ հանրային ծառայութեան պարագաներուն, քանի որ այս տեսակ ծառայութիւններու մէջ նախապատուութիւն պէտք է տրուի հոգեւոր արժէքներուն եւ հասարակաց բարիքին եւ օգտին։ Անշուշտ որ ամէն ծառայութիւն արժանի է իր վարձքին, այս մասին ո՛չ մէկ տարակոյս եւ ո՛չ մէկ առարկութիւն, բայց պէտք չէ անտեսուի «չափաւորութիւն»ը հոն՝ ո՛ւր նպատակը շահ չէ՛, այլ՝ ծառայութի՛ւն։ Վարձքը պէ՛տք է համապատասխան ըլլայ աշխատանքին…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 5, 2019, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024