ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՃԱՌ ՊԻՏԻ ԽՕՍԻ ՄԱԿ-Ի ՄԷՋ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ելոյթ մը պիտի ունենայ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի 74-րդ նստաշրջանի բացումին։ Երէկ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան Երեւանի մէջ լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ տեղեկացուց, որ Նիկոլ Փաշինեան մասնակցութիւն պիտի բերէ ՄԱԿ-ի նոր նստաշրջանի բացման փուլի աշխատանքներուն։

Ինչպէս ծանօթ է, ներկայ ամսուան երկրորդ կէսին Նիկոլ Փաշինեան պիտի այցելէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Սեպտեմբերի 22-ին ան մեծ հանրահաւաքի մը պիտի մասնակցի ամերիկահայութեան ներկայացուցիչներուն հետ՝ Լոս Անճելըսի մէջ, Գալիֆորնիա։ Այդ շրջանէն ներս վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պիտի ունենայ նաեւ այլ հանդիպումներ։ Նոյն ուղեւորութեան ծիրէն ներս Հայաստանի վարչապետը պիտի այցելէ նաեւ Նիւ Եորք։ «Մենք շատ հետեւողականօրէն կ՚օգտագործենք ՄԱԿ-ի կարեւոր հարթակը բարձր ղեկավարութեան մակարդակով մեր արտաքին քաղաքականութեան օրակարգը յառաջ տանելու համար», յայտնեց երէկ Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան։ ՄԱԿ-ի նոր նստաշրջանի բացման ժամանակ ելոյթով հանդէս գալու առընթեր, Նիկոլ Փաշինեան Նիւ Եորքի մէջ պիտի ունենայ երկկողմանի հանդիպումներ։ Նախատեսուած են նաեւ իր մասնակցութեամբ շարք մը ձեռնարկներ եւ ելոյթներ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 7, 2019