ԻՏԼԻՊԷՆ ՄԻՆՉԵՒ… ՔԵՍԱՊ

Վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին Սուրիոյ յատկապէս «տաք գօտիներ»ուն մէջ համեմատաբար խաղաղ իրավիճակ մը արձանագրուեցաւ։ Մինչ Իտլիպի ծայրամասային ամենակարեւոր գաւառակներէն Խան շէխունը կ՚անցնէր Սուրիոյ կառավարական ուժերու տիրապետութեան տակ, վերլուծողներէն շատեր կը յանգէին այն եզրակացութեան, թէ Սուրիոյ բանակը անխախտ կերպով պիտի շարունակէ իր յառաջընթացը, սակայն այդպէս չէր ըլլար։

Խնդիրն այն էր, որ Անգարայի քաղաքական կամքի եւ Սուրիոյ մէջ ունեցած կշիռին ծանրութիւնը կը թելադրէր նոր իրավիճակ մը, որուն ամենայետին մանրամասնութիւնները քննարկելու համար Թուրքիոյ նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան կը մեկնէր Ռուսաստան ու փակ քննարկումներ կը կայացնէր Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին հետ։

Ի դէպ, շրջանի զարգացումներուն մասին գրող վերլուծաբաններէն շատեր աւելի վաղ տեսակէտ յայտնած էին, որ Մոսկուա-Անգարա յարաբերութիւնը բացի առաջուան «քաղցրութիւն»ը չունենալէ, մտած է մութ եւ անկանխատեսելի «փակուղի» մը, սակայն այդ վարկածն ալ սխալ դուրս կու գար։

Վերադառնալով Խան շէյխունի մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն, պէտք է յիշատակել, որ Խան շէյխունի ազատագրումնէն անմիջապէս ետք «Ալ Մայատին» կայանը կը հաղորդէր, որ մեծ թիւով արմատական զինեալներ ստիպուած կ՚ըլլային խոյս տալ քաղաքէն եւ ուղղուիլ դէպի Մորկ քաղաքը, ուր տեղակայուած է թրքական բանակի ապահովական դիտարան մը։ Աղբիւրը նաեւ կը յայտնէր, թէ սուրիական բանակը իր քայլով կարողացած էր կրակէ պաշարման տակ առնել Լաթամնա եւ Մորկ շրջանները, որոնք ռազմավարական կարեւոր դիրք կը համարուին։ Ի դէպ, մինչ Սուրիոյ բանակը Խան շէյխուն մուտք կը գործէր, թէժ քննարկումներ կը կատարուէին Անգարա-Մոսկուա գիծին վրայ, յատկապէս որ ռազմական գործողութիւններու սկզբնական շրջանին դէպի Խան շէյխուն ուղղուող թրքական շարասիւն մը կը հարուածուէր ու ծանր վնասներ կրելով կը բռնէր նահանջի ճամբան։

Անշուշտ եղած պատահարը մեծ մտահոգութիւն կը դառնար Անգարայի համար, որուն կարեւորագոյն ու էական հարցը Թուրքիա-Սուրիա սահմանին ապահովական գօտիի ստեղծումն էր։

Իտլիպի շուրջ ստեղծուած լարուածութիւնը սակայն եւ նոյնիսկ սուրիական բանակի յառաջխաղացը տեղ մը կը դադրէին ու հասկնալի կը դառնար, որ ռուս-թրքական խօսակցութիւնները արդէն իսկ յանգած են դրական ինչ որ համաձայնութիւններու։

Թէեւ պատկերը տակաւին ամբողջական չէ, սակայն լսելի սկսած են դառնալ, որ Թուրքիան տեղ մը համաձայնութեան եկած է, որ իր ձեռքը պիտի քաշէ Իտլիպէն ու ատոր փոխարէն յատկապէս «ապահովական գօտի»ի խնդրով ստացած է առնուազն կարեւոր վստահեցումներ։

Ամէն պարագայի, շատեր եկած են այն եզրակացութեան, թէ Իտլիպի խնդրի հանգուցալուծումը մտած է կարեւոր եւ առաջնային փուլ մը, որ պիտի աւարտի այդ շրջանին մէջ  Սուրիոյ օրինական բանակի տարածումով, արմատական զինեալներու հեռացումով կամ Իտլիպի մէջ կարեւոր ազդեցութիւն ունեցող արաբական խմբաւորումներու միջեւ հաշտեցման գործընթացներով։

Շատ հաւանական է, որ ինչպէս շրջանային ազդեցիկ երկիրները կը փափաքին, Իտլիպը զերծ մնայ մեծ արիւնահոսումներէ, հետեւաբար նաեւ հեռու մնայ մարդկային մեծ աղէտներէ։

Այս փուլէն ետք է նաեւ, որ իր գործադրման կը մտնէ «ապահովական գօտի»ն իրականութիւն դարձնելու խնդիրը, որ ինչպէս տարբեր առիթներով ալ ըսած եմ, Թուրքիոյ համար կը համարուի ամենակենսական հիմնախնդիրը։

Միացեալ Նահանգներ պիտի պահէ իր խոստումները, պաշտօնական Դամասկոս, որուն «սրտով»ը չէ՝ Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններու անջատման կամ անկախ շրջաններ ստեղծելու փորձերը, ձեռք պիտի երկարէ՞ Անգարայի ու նաեւ Մոսկուայի անմիջական օգնութեամբ սեղան պիտի նստի՞ Անգարայի հետ։ Բաց աստի, ի՞նչ քայլի պիտի դիմեն քիւրտերը, որոնք շատ լաւ սկսած են հասկնալ, թէ տեղ մը պարտաւոր են լսել ու հաւատալ ռուսական քայլերով առաջնորդուող պաշտօնական Դամասկոսին։

ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ՄԸ. «ՔԵՍԱՊԸ ԱՊԱՀՈՎ Է»

Այս բոլորը յստակօրէն երեւելի պիտի դառնան յառաջիկայ ամիսներուն, ու շատ հաւանական է (եթէ մեծ անակնկալներ չըլլան), որ այս հարցերը լուծուին առանց յաւելեալ արիւնահեղութեան։ Ամէն պարագայի, այդ շրջանի իրավիճակը ու մանաւանդ այդ շրջանի երկարութեամբ գտնուող հայկական Քեսապ գիւղին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու նպատակով ուշագրաւ զրոյց մ՚ունեցայ արմատներով քեսապցի, վերջերս Քեսապ այցելած եւ ներկայիս Դամասկոս հաստատուած Վահէ Մահշիկեանին հետ։

Ստորեւ՝ հարցազրոյցէն կարեւոր հատ-ւածները.

-Ինչպէ՞ս է ներկայիս Քեսապի ապահովական վիճակը, մանաւանդ, որ վերջին շրջանին շատ կը լսենք Քեսապի սահմաններուն վրայ թրքական կուտակումներու կամ տարբեր շրջաններու մէջ ահաբեկիչներու աշխուժացման մասին: Ինչպիսի՞ն է այսօր Քեսապի ապահովական վիճակը:

-Քեսապի ապահովութիւնը կայուն է եւ հաստատ, այն օրուընէ, երբ ահաբեկիչները հեռացան Քեսապէն ու շրջանի գիւղերէն։ Սուրիական բանակը մտաւ ու ազատագրեց այս շրջանները, բան մը, որ ժողովուրդին միտքը հանգստացուց եւ իրենց կեանքը բնականոն ապրելու նոր յոյսերու դռներ բացաւ։

-Ինչպիսի՞ն է ժողովուրդի հոգեբանական վիճակը, ի՞նչ խնդիրներ, մտավախութիւններ ունի քեսապահայութիւնը եւ արդեօք իրապէս շուարած վիճակ մը ունի՞։

-Հայ ժողովուրդը ուր որ ալ գտնուի, նոյն ճակատագիրը կ՚ունենայ եւ նոյն հոգեբանութեամբ կ՚ապրի... Մեծ եղեռնէն փրկուելէ ետք հայը միշտ ձգտած է աւելի լաւ կեանքի, լաւագոյնին տիրանալու. ուսման, աշխատանքի, ստացուածքի ու կենսամակարդակի առումով, եւ քեսապցին ալ նոյնպէս… Քեսապցիներու գաղթի պատմութիւնը նորութիւն մը չէ, բայց ներկայիս աւելի դիւրին եւ հնարաւոր եղաւ այն, քան Սուրիոյ տագնապին նախորդող տարիներուն։ Անշուշտ մեր հայրենակիցներուն գաղթի դիմելուն մէջ մեծ դեր ունեցաւ գործազրկութիւնը, բայց քեսապցիին հողին եւ իր քեսապեան յիշատակներուն կապուածութիւնը դեռ տոկուն է, չէ խախտած, եւ երբ վիճակը ամբողջապէս կայունանայ, եթէ ոչ բոլորը, ապա մեծամասնութիւն ետ Քեսապ պիտի վերադառնան եւ այնտեղ շարունակեն իրենց կեանքը։

-Քեսապէն դէպի Լաթաքիա, Հալէպ կամ Պէյրութ տեղաշարժ կա՞յ, այսինքն մարդիկ կը հեռանա՞ն իրենց տուներէն, թէ՞ ամէն ինչ բնականոն հունի մէջ է:

-Նոր գաղթ չկայ, ո՛չ ներքին եւ ոչ ալ արտաքին առումով։ Սուրիայէն հեռացողները, գացին, մնացողներն ալ իրենք զիրենք աւելի ամրապնդեցին Քեսապի մէջ, իրենց գործերը ծաւալելով, որոշեցին Քեսապի մէջ մնալ։

-Այսօրուան լարուած վիճակը մինչեւ ե՞րբ կրնայ շարունակուիլ, այսինքն, ապագայի առումով, յոյսեր կա՞ն Քեսապի հետ կապուած, այն իմաստով, թէ ե՞րբ իրավիճակը բնականոն հուն պիտի մտնէ, ի՞նչ է ձեր վերլուծումը:

-Սուրիոյ միակ բանուկ սահմանային կէտը Թուրքիոյ հետ՝ Քեսապի անցակէտն է եւ նկատեցի, որ օրական հարիւրաւոր մարդիկ դէպի Սուրիա մուտք կը գործեն Քեսապի անցակէտէն, նաեւ հակառակ ուղղութեամբ, ուստի այս երեւոյթը դրական ցուցանիշ կը համարուի կայունութեան առումով. օդափոխութեան եւ հանգիստը անցընելու նպատակով դէպի Քեսապ հոսքը այսօր եւս մեծ է: Այդ առումով երբեք մտահոգուելու պատճառներ չկան, համայն հայութեան միտքը հանգիստ թող ըլլայ եւ եթէ Քեսապով հետաքրքրուած են, կրնան գալ եւ վայելել տեղւոյն գեղեցիկ բնութիւնը: Ըսեմ նաեւ, որ այսօր Քեսապը Սուրիոյ ամենակայուն շրջանն է:

-Նաեւ կը տեսնենք, որ կարեւոր զարգացումներ տեղի կ՚ունենան Իտլիպի շուրջ, Սուրիոյ բանակը կը յառաջանայ այնտեղ, արդեօք այդ մէկը դրական պիտի ըլլա՞յ Քեսապի համար:

-Սուրիական բանակը մտադրած է վերատիրանալ ամբողջ սուրիական տարածքներուն, ինչպէս նաեւ ապահովէ ժողովուրդին վերադարձը դէպի իր սեփական տունը եւ հողը... Քեսապը այս կապակցութեամբ բախտաւոր եղաւ, որ ընդամէնը 87 տխրահռչակ օրեր ահաբեկիչներու կողմէ գրաւուած մնաց մինչեւ ազատագրումը՝ սուրիական բանակի եւ բարեկամ ուժերու ջանքերով, ինչպէս նաեւ միջազգային եւ տարածքաշրջանային ազդեցիկ պետութիւններու օժանդակութեամբ։

-Որպէս քեսապահայ, դուք եւ ձեր նման ձեռներէցներ, որոնք այժմ Քեսապէն հեռու կ՚ապրին, բնականաբար տուներ, կալուածներ ունիք, երբեւիցէ կը մտածէ՞ք ձեր կալուածները վաճառելու մասին։

-Երբեք. ոչ մէկ անգամ մտածած եմ մեր կալուածները վաճառելու մասին։ Անձամբ, կը պատրաստուիմ նոր զբօսաշրջային ծրագիրներ իրականացնել՝ նպաստելու համար Քեսապի զարգացման. բան մը՝ որ կրնայ մեծապէս օժանդակել դէպի Քեսապ հոսք ապահովելու առումով։ Իսկ Սուրիայէն արտագաղթելու մասին ես ընդհանրապէս չեմ մտածեր, իսկ ինչ կը վերաբերի իմ զաւակներուն, ապա ապագային իրենք թող որոշեն իրենց ընելիքը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 9, 2019