ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿ ՏՕՆԵՑ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ Երեւանի մէջ 4-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պոսնա-Հերսէքը։ «Եւրօ-2020»ի որակաւորման փուլի J խմբաւորման հանդիպումներուն ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ մրցումը։ «Վազգէն Սարգսեան» հանրապետական մարզադաշտին վրայ հայկական ընտրանին խաղասկիզբին արձանագրած կոլով բացաւ հաշիւը։ Մրցման տակաւին 3-րդ վայրկեանին Հենրիխ Մխիթարեան լաւ արժեւորեց Տիգրան Բարսեղեանի փոխանցումը եւ արձանագրեց Հայաստանի առաջին կոլը։ 10 վայրկեան վերջ Պոսնա-Հերսէք հաշիւը հաւասարեցուց եւ առաջին խաղակէսը աւարտեցաւ 1-1։ Երկրորդ խաղակէսին ալ հայկական ընտրանին կազմակերպեց ազդու գրոհներ։ 66-րդ վայրկեանին Հենրիխ Մխիթարեան դարձեալ գրաւեց Պոսնա-Հերսէքի դարպասը։ Յովաննէս Համբարձումեանի փոխանցումը շատ լաւ արժեւորելով ան դիպուկ հարուած մը կատարեց եւ Հայաստանի ընտրանին դարձեալ հասաւ հաւասարութեան։ 4 վայրկեան անց հիւրերը դարձեալ հաւասարեցուցին հաշիւը։ 77-րդ վայրկեանին այս անգամ Յովհաննէս Համբարձումեան արձանագրեց կոլ մը՝ Հենրիխ Մխիթարեանի փոխանցումով։ Խաղի վերջաւորութեան բուռն պայքարի մը թատերաբեմը հանդիսացաւ մարզադաշտը։ 90 առաւել 5-րդ վայրկեանին Հայաստանի արագ հակագրոհներէն մէկը ճշդեց խաղին արդիւնքը։ Հենրիխ Մխիթարեանի ազդու գործողութիւններէն վերջ հիւրերու պաշտպաններէն Լոնքար գրաւեց սեփական դարպասը։ Ի վերջոյ հայկական ընտրանին 4-2 արդիւնքով յաղթանակ տօնեց եւ մարզադաշտի ֆութպոլասէրներուն պարգեւեց մեծ խանդավառութիւն։

Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականի յաջորդ հանդիպումը նախատեսուած է այս հինգշաբթի՝ 12 սեպտեմբերին, Լիխթենշթայնի հետ, հակառակորդ մարզադաշտի վրայ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 9, 2019