ՅՈՒԶՈՒՄՆԱԽԱՌՆ ՀՐԱԺԵՇՏ
Երէկ, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ գործարար ու բարերար Ասատուր Բարունակեանի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը։ Այս անժամանակ կորուստը վերջին օրերուն մեծ ցաւ պատճառած էր թէ՛ իր ընտանիքին եւ թէ ամբողջ ընկերային շրջանակին։ Մեր համայնքէն ներս ալ մեծ յուզում մը ստեղծուեցաւ, որովհետեւ Ասատուր Բարունակեան կը վայելէր մեծ յարգանք եւ իր բերած նպաստով առարկայ դարձած էր խոր երախտագիտութեան զգացումներու։
Գումգաբուի երէկուան յուղարկաւորութեան նախագահեց Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հանդիսապետեց յուղարկաւորութեան՝ իր շուրջ ունենալով բազմաթիւ հոգեւոր հայրեր։ Դագաղին շուրջ կերոնակիր էին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան փոխ-ատենապետ Հերման Պալեան, ատենադպիր Մկրտիչ Սերթշիմշէք, գանձապետ Գատիմ Պիրոս եւ նախկին հոգաբարձուներէն Արշակ Փոլատ։ Լուսաշող տաճարին ճիշդ կեդրոնը՝ մահաբեմին վրայ զետեղուած դագաղին շուրջ բոլորը իրենց վերջին խոնարհումը բերին Ասատուր Բարունակեանի բարոյական ներկայութեան առջեւ։ Յուղարկաւորները, որոնք ամբողջութեամբ լեցուցած էին ընդարձակ տաճարը, կը սգային անոր կորուստը ու կ՚աղօթէին իր յաւիտենական հանգիստին համար։ Այս յուզումնախառն մթնոլորտին մէջ հանդիսադիր Տ. Արամ Արք. Աթէշեան խօսեցաւ կուռ դամբանական մը, որու ընթացքին վեր առաւ Ասատուր Բարունակեանի համայնքային ծառայութիւնները, նաեւ անդրադարձաւ անոր մարդկային բարի նկարագրին, առաքինութիւններուն, ինչպէս նաեւ որպէս գործարար՝ անոր արձանագրած յաջողութիւններուն, ապահոված հեղինակութեան։
Յուղարկաւորութենէն վերջ նորոգ հանգուցեալ Ասատուր Բարունակեանի մարմինը փոխադրուեցաւ Պալըքլըի ազգային գերեզմանատունը, ուր ամփոփուեցաւ իր ընտանեկան դամբարանին մէջ։
Թրքահայ կեանք
- 02/05/2025