ՎԱՐՉԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ԶՐՈՅՑ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ իր վրացի պաշտօնակցին՝ Կիորկի Կախարիայի հետ։ Հարկ է նշել, որ վերջին օրերուն Վրաստանի մէջ ձեւաւորուած է նոր կառավարութիւն մը, որու գլուխը կը գտնուի Կիորկի Կախարիա։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան երէկուան հեռախօսազրոյցի ընթացքին շնորհաւորեց Կիորկի Կախարիան՝ նոր կոչուած պաշտօնին բերումով եւ անոր յաջողութիւն, բեղմնաւոր աշխատանք եւ ձեռքբերումներ մաղթեց իր կարեւոր առաքելութեան մէջ։
Զրոյցի ընթացքին երկու վարչապետները անդրադարձան նաեւ Հայաստան-Վրաստան բարեկամական յարաբերութիւններու վերաբերեալ հարցերու։ Անոնք համոզում յայտնեցին, թէ համատեղ ջանքերով կարելի պիտի ըլլայ պահպանել ու բազմապատկել այն բոլոր ձեռքբերումները, որոնք ընդգրկուած են Երեւան-Թիֆլիզ համագործակցութեան օրակարգին վրայ։