ՊԼԷՅՐԻ ԿՈՉԸ

Անգլիոյ նախկին վարչապետներէն Թոնի Պլէյր կոչ ուղղեց, որպէսզի BREXIT-ի համար տեղի ունենայ նոր հանրաքուէ մը եւ այսպէսով երկիրը յաղթահարէ ստեղծուած առկայ տագնապը։ Ինչպէս ծանօթ է, Անգլիոյ վարչապետ Պորիս Ճանսըն կը ջանայ արտահերթ ընտրութիւններու ձեռնարկել՝ յաղթահարելու համար BREXIT-ով պայմանաւորուած թնճուկը։ Բայց եւ այնպէս, ընդդիմութիւնը կը մերժէ խորհրդարանէն ներս արտահերթ ընտրութեան վարկածին հաւանութիւն տալ։ Ընդդիմութեան նախապայմանն է, որ առանց համաձայնութեան BREXIT մը չըլլայ եւ պատրաստակամ է վաղահաս ընտրութիւններու ձեռնարկել, եթէ երաշխաւորուի այդ վարկածը։ Իսկ Թոնի Պլէյր համոզուած է, որ Անգլիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեան հարցին շուրջ միայն երկրորդ հանրաքուէ մը պիտի կարենայ լուծել BREXIT-ի թնճուկը, այլ ոչ թէ արտահերթ ընտրութիւնը։

«Սկզբունքօրէն ճիշդ չէ խորհրդարանական ընտրութիւնները կապել BREXIT-ի մասնաւոր հարցին հետ։ Եթէ Անգլիա ընտրութիւնները կատարէ BREXIT-ի շրջանակին մէջ, ապա պիտի խառնուին նիւթերն ու հարցերը, որոնք պէտք է տարանջատուին», ըսաւ Թոնի Պլէյր։

Հարկ է նշել, որ Պորիս Ճանսըն յամառօրէն կը ձգտի յառաջիկայ 31 հոկտեմբերին երկիրը դուրս բերել Եւրոմիութեան կազմէն՝ առանց համաձայնութեան, ի գին ամէն ձեւով շրջանցելով նաեւ երկրի խորհրդարանը, ակնյայտօրէն փորձելով զայն չէզոքացնել։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2019