ՆՈՐ ՈՒՂԻՆԵՐՈՒ ՈՐՈՆՈՒՄ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան փոխ-նախագահի տեղակալ Լորա Քուփէրի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւն մը երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Լորա Քուփէր օրուան տեւողութեան ընդունուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի կողմէ։

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս ողջունելով հիւրերը՝ Զօհրապ Մնացականեան նշեց, որ Ուաշինկթընի հետ բարեկամական եւ գործընկերային յարաբերութիւններու առաւել ամրապնդումն ու խորացումը եղած են ու կը մնան Երեւանի արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւններու շարքին։ Զրուցակիցները համակարծիք էին, թէ այցելութիւնը լաւ հնարաւորութիւն մըն է՝ քննութեան առնելու համար այն ուղիները, որոնք թոյլ կու տան առաւել ամրապնդել եւ ընդլայնել համագործակցութիւնը երկու երկիրներու միջեւ՝ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան կլոպալ եւ տարածքաշրջանային հարցերու շուրջ։

Զօհրապ Մնացականեան եւ Լորա Քուփէր բարձր գնահատեցին ԱՄՆ-ի եւ Հայաստանի շարունակական համագործակցութիւնը ՆԱԹՕ-ի «Գործընկերութիւն յանուն խաղաղութեան» ծրագրի եւ Աֆղանիստանէ ներս իրականացուող «Վճռական աջակցութիւն» առաքելութեան շրջանակին մէջ։ Այս ամբողջին մէջ Զօհրապ Մնացականեան վերահաստատեց Հայաստանի պատրաստակամութիւնը շարունակելու եւ ընդլայնելու ուղղութեամբ իր ներդրումը խաղաղութեան պահպանման եւ մարդասիրական գործողութիւններու միջազգային ջանքերուն մէջ։

Զրոյցի ընթացքին Մնացականեան ներկայացուց նաեւ Հայաստանի արտաքին քաղաքական եւ անվտանգութեան առաջնահերթութիւնները, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացէն ներս Հայաստանի սկզբունքային դիրքորոշումը եւ մօտեցումները։ Այդ առընչութեամբ նաեւ բարձր գնահատուեցաւ ԱՄՆ-ի՝ միւս համանախագահ երկիրներու հետ միասին գործադրած ջանքերը խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2019