ՀԵՏԶՀԵՏԷ ԴԷՊԻ ԱՇՈՒՆ
Ո՜րքան նմանութիւն կայ մարդկային կեանքի եւ եղանակներու անվերջ թաւալումին միջեւ։ Բայց կայ նաեւ տարբերութիւն մը։ Արդարեւ մարդկային կեանքն ալ ունի իր «գարուն»ը, «ամառ»ը, «աշուն»ը եւ «ձմեռ»ը։ Այս եղանակները կը նմանին մարդուս մանկութեան, պատանեկութեան, հասունութեան եւ վերջապէս ծերութեան շրջաններուն։ Բայց կարեւոր տարբերութիւն մըն ալ կայ. եղանակները «անվերջ թաւալում»ով մը իրար կը յաջորդեն՝ գարունը, ամառը, աշունը եւ ձմեռը երբեք չեն վերջանար, շրջանակի մը նման միշտ կը նորոգուին։ Բայց մարդուս կեանքը ո՛չ թէ շրջանակի մը, այլ շիտակ գիծի մը կը նմանի՝ ուր երբեք ետդարձ կամ նորոգութիւն չկա՛յ՝ հոն «եղանակ»ները իրար կը յաջորդեն եւ կը վերջանա՛ն։ Մարդկային կեանքի մէջ անգամ մըն ալ ո՛չ գարուն, ո՛չ ամառ, ո՛չ աշուն կը տեսնուի, ձմեռով ամէն ինչ իր վախճանին կը հասնի։
Այս իմաստով մարդկային կեանքը գետի մը կը նմանի՝ ուր ջուրի հոսանքին մէջ անկարելի՛ է, որ ջուրի կաթիլ մը ետ դառնայ եւ դարձեալ հոսի նոյն ուղղութեամբ։ Կեանքի ճշմարտութիւնը ա՛յս է։
Երբ բնութեան եղանակները իրերայաջորդ կերպով կը թաւալին, մարդ գիտէ որ երբ մէկը վերջանայ, անոր պիտի յաջորդէ մէկ ուրիշ եղանակ մը, բայց այն որ վերջացաւ, որոշ ժամանակ մը յետոյ դարձեալ պիտի ներկայանայ։ Մարդուս կեանքը սակայն այսպէս չէ՛. ո՛չ մէկ շրջան դարձեալ կը ներկայանայ, կ՚անցնի ու կ՚երթայ առանց վերադառնալու…։
Բնութեան եղանակներու մէջ ամենէն գեղեցիկը ո՞րն է։ Ամէն մարդու համար տարբեր եղանակ մը աւելի գեղեցիկ է քան միւսները։ Բայց աշունը իր ընդհանրապէս տխուր երեւոյթով կարծես մելամաղձոտութիւն կը ներշնչէ մարդուս, միւս եղանակներու նկատմամբ անբացատրելի, անիմանալի հոգեվիճակի մը կը մատնէ մարդիկը. կարծես լուսաւոր միջավայրէ մը տմոյն, աղօտ միջավայրի մը մէջ կը գտնէ ինքզինք մարդ, բայց ո՛չ երբեք խաւար… պահ մը անորոշութեան կը մատնուի մարդ, եւ երբեմն ալ յուսախաբ՝ բան մը կորսնցուցած ըլլալու հոգեվիճակին տպաւորութիւնը զգալով իր հոգիին խորերը…։
Կեանքի «աշուն»ն ալ այդպէս է. մարդ կարծես ընդունիլ չ՚ուզեր իր աշունը՝ շարունակել փորձելով ամառը՝ որ արդէն հեռացած է եւ երբեք պիտի չվերադառնայ։
Բայց երկու «աշուն»ներն ալ գեղեցիկ են։
Այո, սիրելի՜ բարեկամներ, ո՛ր մէկ եղանակը տարուան մէջ աւելի՛ գեղեցիկ է քան աշունը։ Ի՞նչ կը պակսի աշունէն, որ կայ միւս եղանակներուն մէջ։ Ընդհակառակը, աշունը կրնայ պարծենալ այն բոլոր ստորոգելիներովը, որոնք յատուկ են գարնան եւ ամրան, եւ նոյնիսկ՝ ձմրան։ Այս տեսանկիւնէն դիտելով, աշունը միւս երեք եղանակներուն խառնուրդէն շինուած ըլլալ կը թուի։
Զոր օրինակ, արեւը իր փայլը կը պահէ աշնան, բայց չ՚այրեր, երկինքի կապոյտը, երբ ամպերը ցրուին, միակտուր, անբիծ կապոյտ թանկագին քարի մը՝ շափիւղայի մը կը վերածուի, իսկ ծաղիկներուն գոյներուն ջերմութիւնը եւ զանազանութիւնը ամէն աչքի, մանաւանդ նկարիչին աչքին, արբեցուցիչ զուարճութիւնը կը դառնան։
Աշնան մէջ բնութիւնը իր եռուզեռը կը կորսնցնէ եւ խաղաղութիւն կը հագնի։ Ինչպէս գարնան՝ նաեւ աշնան բնութիւնը կը հարսնանայ. գարնան՝ ամրան համար, իսկ աշնան՝ ձմրան համար… այո՛, մէկ պարագային բնութիւնը «փեսացու»ն է կեանքի, միւս պարագային՝ մահուա՛ն։
Բայց սա՛ է նշանակալից իրողութիւնը, թէ աշունը ողբ եւ սուգ չունի, որովհետեւ շուտով ձմրան պաղ մարմինը պիտի գրկէ. հապա, ընդհակառակը, ուրախ եւ երջանի՜կ է, ժպտուն ամէն օր, եւ հագուած սգուած իր ամենէն գունագեղ զգեստներով։ Աշունը իր «մահ» փեսան կը դիմաւորէ կարծես ցնծուն թափօրով մը, որ բերակենդանեան է իր բոլոր հանգամանքներովը։
Եւ ահաւասիկ, ճիշդ այս կէտին, բնութեան աշունը որքա՜ն կը նմանի մարդկային կեանքի «աշուն»ին, անշուշտ նմանութեան անդրադարձողներուն համար, ինչ որ աւելի լաւ կը զգան անոնք՝ որոնք իրենց կեանքի աշնան մէջ կը գտնուին։ Արդարեւ, աշունը այնքան ալ յուսահատական չ՚ըլլար, երբ անոր մէջ մարդ կարենայ նշմարել միւս եղանակներու գեղեցկութիւնները, բարութիւնները եւ այն բոլորը՝ որ մարդ երբեք պիտի չուզէր կորսնցնել։ Աշունը միւս երեք եղանակներու ամփոփումն է եւ զայն աւելի գեղեցիկ ներկայացնողն ալ ահաւասիկ այս հանգամանքն է։ Ուստի աշնան մէջ մարդ կրնայ ինքզինք մանուկ զգալ, պատանիի կեանք ապրիլ եւ հասուն մարդու գիտակցութիւնը ունենալ։ Բայց մանուկը, պատանին կամ հասուն մարդը տակաւին չէ ծանօթացած կեանքի աշնան շրջանին, օտար է ան իրենց համար…։
Եւ ահաւասիկ, աշունը գեղեցիկ է, աւելի՛ գեղեցիկ է այս պատճառով՝ անոր մէջ կայ միւս եղանակներու ծանօթութիւնը եւ գիտակցութիւնը։
Աշունը իրապէ՛ս գեղեցիկ է…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 13, 2019, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/27/2024
- 11/27/2024