ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵ
Հարցում. Երկինք գոյութիւն ունի՞։
Պատասխան. Աստուած ստեղծեց երկինքն ու երկիրը եւ այն ինչ որ կայ անոնց մէջ, երեւելի եւ աներեւոյթ: Նիկիական հանգանակին մէջ կը դաւանինք այս: Հետեւաբար այնպէս ինչպէս մարդը իր ֆիզիքական գոյութեամբ մեր դիմաց կը տեսնենք, եւ այնպէս ինչպէս տեսանելի այս աշխարհը մեր աչքերուն դիմաց է, կայ, գոյութիւն ունի, այնպէս ալ կայ մեր աչքերուն անտեսանելի՝ հոգեղէն աշխարհ մը, հոգեղէն գոյացութիւններով, որոնք բոլորը Աստուծոյ ստեղծագործութեան մաս կը կազմեն: Իսկ Երկինքի Արքայութիւնը, Աստուած իր Միածին Որդիին միջոցաւ խոստացաւ տալ բոլոր արդարներուն:
Հարցում. Ի՞նչ է սէրը եւ սեռականութիւնը։
Պատասխան. Մարդկային զգացումներուն կեդրոնը կը գտնուի անժխտելի զգացում մը՝ սեռային զգացումը, որ ինչպէս կենդանական աշխարհին մէջ, այս պարագային եւս մարդու տեսակի շարունակութեան համար սահմանուած է Արարիչին կողմէ: Այս զգացումը բարի է, այնքան ատեն որ կը համապատասխանէ մարդկային ընկերութեան բարոյական սկզբունքներուն: Այլապէս կը դառնայ վտանգաւոր, ու կը քայքայէ մարդ արարածը հոգեպէս եւ ֆիզիքապէս:
Սեռային զգացումը երբ սուրբ ամուսնութեամբ եւ մաքուր սիրով ի գործ դրուի, օրինակելի ընտանիքներու կազմութեան ու սիրասուն զաւակներու ծնունդին պատճառ կը դառնայ:
Իսկ երբ այն անսուրբ, անմաքուր եւ պիղծ կերպով ի գործ կը դնենք, անիկա կը վերած-ւի պոռնկութեան, շնութեան, որ բարոյականութենէ զուրկ է եւ կը տանի ընտանիքներու քայքայման ու պառակտումին:
Հարցում. Ի՞նչ է տարբերութիւնը Ս. Պսակին եւ քաղաքացիական ամուսնութեան։
Պատասխան. Քաղաքացիական ամուսնութիւնը ներկայիս, գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ սկսած է տարածուիլ, որ թուղթի վրայ կատարուած արձանագրութեամբ, համաձայնութիւն մըն է իրարու հետ ապրելու: Այս արձանագրութիւնը կը կատարուի կառավարական գրասենեակներու մէջ, պետական վաւերացումով:
Իսկ Սուրբ Պսակի խորհուրդը, որ Եկեղեցիէն ներս կը կատարուի, անոր ընդմէջէն Աստուծոյ օրհնութիւնն է, որ կը ստանան պսակուողները եւ Աստուծոյ սուրբ սեղանին առջեւ իրարու խոստում կու տան, մինչեւ իրենց կեանքին վախճանը միասին ապրելու։
Մի քանի մտածում ամուսնութեան մասին
Էմմանուէլ Քահանայ Նազարեան կը գրէ. «Ամուսնութիւնը մարդու կեանքին մէջ նոր եւ անյայտ քայլ մըն է, որ պիտի տանի կա՛մ դէպի երջանկութիւն, կա՛մ դէպի թշուառութիւն։ Գիտնականի մը ըսելով, ամուսնութիւնը կամ դրախտ է, կա՛մ դժոխք, միջինը չկայ։
Ամուսնութիւն կայ, որ կառուցող, շէնացնող է, կայ՝ որ քանդող ու ոչնչացնող է։ Ամուսնութիւն կայ, որ մարդուն պատիւը աւելցնող է, անունը փառաւորող, կայ՝ որ պատիւէն զրկող, անունը արատաւորող է։ Ամուսնութիւն կայ, որ ընտանիքի բոլոր անդամները իրարու հետ կը կապէ ոսկէ շղթայով, կայ՝ որ ամուսինները իրարու դէմ կը հանէ։ Ամուսնութիւն կայ, որ տունը խաղաղ նաւահանգիստ կը դարձնէ, կայ՝ որ ալէկոծեալ ծով կը դարձնէ։ Ամուսնութիւն կայ, որ փոքրիկ թագաւորութիւն մըն է իր հաւատարիմ ու հնազանդ հպատակներով, ամուսնութիւն ալ կայ, ուր ո՛չ մեծ կ՚երեւի, ո՛չ ալ փոքր։ Ամուսնութիւն կայ, որու վրայէն Աստուծոյ օրհնութիւնը անպակաս է, ամունութիւն ալ կայ՝ որմէ Աստուած միանգամընդիմշտ Իր երեսը դարձուցած է։ Շատ քիչ կը պատահի, որ մարդ կարենայ սկիզբէն գուշակել, թէ իրարու հակառակ այդ երկու վիճակներէն ամուսնացողներուն, ո՛ր մէկը իրենց վիճակ պիտի հասնի։ Առհասարակ, ամուսնացածներու ապագան անյայտութեան թանձր քօղով ծածակուած կ՚ըլլայ։ Այդ պատճառով, մեծ զգուշութիւն պէտք է մարդուն համար, երբ կը վճռէ իր կեանքին մէջ այդ ամենէն մեծ քայլը կատարել»:
Պսակ Ծայրագոյն Վարդապետ Խորէնեան կը գրէ.
- «Ամուսնութիւն:
Պատուական է ամուսնութիւնը։
Նուիրական այն վայրկեանը, որ իրարու կը միացնէ երկու մարմնեղէն գլուխներ, իրարու կը միացնէ նաեւ երկու գեղեցիկ հոգիներ, երկու սիրող սիրտեր, որոնք ձեռք-ձեռքի տուած պիտի անցնին կեանքի դժուարութիւններէն եւ յաջողութիւններէն, միասին պիտի բաժնեն կեանքի ժպիտը ու արցունքը. եւ իբրեւ ճշմարիտ ռահվիրաներ, ճամբայ պիտի բանան իրենց կազմելիք ապագայ ընտանիքի անդամներուն առջեւ»:
- «Ամուսնութիւնը, Սուրբ Խորհուրդ մը, լուսաւոր հանգրուան մ՚է, լուասւոր հանգրուան մ՚է, մարդկային կեանքին մէջ, ուր ստեղծագործող զօրութիւնը, սերունդներու յարատեւութիւնը կ՚երաշխաւորէ. մինչեւ այդ հանգրուանը, տխուր է մարդկային հոգին, մինակ է անօգնական, միութենէ վերջ՝ երջանկութիւնը կու գայ, եւ տխուր հոգին կը մխիթարուի, ցաւի՝ ցաւակից, վշտի՝ վշտակից, կեանքն է, որ կը սկսի ու կը յարատեւէ»:
Հարցում. Ի՞նչ է առաքելութիւնը Եկեղեցիին եւ եկեղեցականութեան։
Պատասխան. Եկեղեցիին ու եկեղեցականութեան միակ առաքելութիւնը, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանի լոյսին քարոզութիւնն է ամբողջ տիեզերքին, ու այդ քարոզութեամբ հոգիներ որսալը՝ Աստուծոյ Արքայութեան համար։ Տակաւին, Եկեղեցիին առաքելութիւնը սուրբ ըլլալ է, որովհետեւ Եկեղեցւոյ Գլուխը՝ Քրիստոս Ի՛նք Սուրբ է, ինչպէս կ՚ըսէ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Հայրապետը. «Եկեղեցին սուրբ է նախ իր գլուխով՝ Քրիստոսով: Սուրբ է նաեւ իր բնոյթով, որպէս աստուածակառոյց հաստատութիւն մը: Սուրբ է նաեւ նպատակով կամ առաքելութեամբ: Քրիստոսի աղօթքին մէջ իսկ կը յայտնուի եկեղեցւոյ սրբութեան յատկանիշը, երբ ան Իրեն հետեւողներուն համար կը խնդրէ Աստուծմէ. “Սուրբ արա զնոսա ճշմարտութեամբ”: Սրբութիւնը հաւատացեալներու ամբողջութեան՝ կը սկսի մկրտութեամբ, ինչպէս Առաքեալը կ՚ըսէ.
“Քրիստոս սիրեաց զեկեղեցի եւ զանձն Իւր մատնեաց վասն նորա. զի զնա սրբեսցէ սրբութեամբ աւազանին՝ բանիւ, զի կացուսցէ ինքն իւր յանդիման փառաւոր զեկեղեցի, զի մի ունիցի ինչ արատ կամ աղտեղութիւն կամ այլ ինչ յայսպիսեաց, այլ զի իցէ սուրբ եւ անարատ” (Եփ 5.25-27)»:
Հարցում. Ինչո՞վ կը տարբերի քրիստոնէական կրօնը միւս կրօններէն։
Պատասխան. Քրիստոնէութիւնը տիեզերքի միակ կրօնն է, որուն հիմնադիրը Աստ-ւած է. այլ խօսքով, աշխարհի միւս բոլոր կրօններու հիմնադիրները հողեղէն մարդիկ են, որոնք իրենց ապրած միջավայրին մէջ եղող երեւոյթներու եւ պայմաններու բերումով, օրէնքներ սահմանած են եւ հաւատալիքներ մէջտեղ բերած, եւ տարածած իրենց վարդապետութիւնները։ Քրիստոնէութիւնը, սակայն, հիմնուած է Աստուծոյ Որդիին՝ Քրիստոսի վրայ, որ աշխարհ գալով, ինքզինք ընծայեց ամբողջ մարդկութեան: Գլխաւոր տարբերութիւնը այն է, որ Քրիստոս յաւիտենական է, միշտ ողջ է եւ Իր հիմնած եկեղեցւոյ կողքին է միշտ, ինչ որ միւս կրօններու պարագային չենք տեսներ։
Երկրորդ, Քրիստոս միայն կրցաւ ըսել թէ Ի՛նքն է ՃԱՄԲԱՆ, ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ եւ ԿԵԱՆՔԸ: Մինչ միւս բոլոր կրօններու ուսուցիչները միայն ցոյց տուին ճամբայ մը, որ իրենց փորձառութեամբ գտած ըլլալ կը դաւանէին:
Մի քանի մտածում քրիստոնէութեան մասին
Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը կ՚ըսէ. «Քրիստոնէութեան ամենէն կատարեալ կանոնը, անոր ճշգրիտ սահմանումը, անոր բարձրակէտը այս է՝ փափքի՛ր այն, ինչ որ բոլորին բարօրութեան համար է»:
Սուրբ Յովհան Մանդակունի Հայրապետը կ՚ըսէ. «Քրիստոնէութիւնը հաւատք է, մկրտութիւն է եւ Սուրբ Խորհուրդի վայելում. իսկ ան, որ հեռու է այս բոլորէն, իր քրիստոնէութիւնը թերի է, որովհետեւ ո՛չ ինք Քրիստոսի մէջ կը բնակի եւ ոչ ալ Քրիստոս՝ իր մէջ, որովհետեւ [Քրիստոս] կ՚ըսէ. “Ով որ մարմինէս կ՚ուտէ, ան Իմ մէջս կը բնակի եւ Ես անոր մէջ” (Յհ 6.57)»:
Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը կ՚ըսէ. «Քրիստոնէական կրօնի առաւելութիւնն այն է, որ ան տեսութիւն մը չէ միայն կամ վարդապետութիւն, այլ անոր մարմնաւորումն ունինք Յիսուս Քրիստոսի անձնաւորութեան մէջ»:
Իլարիոն Արքեպիսկոպոսը կ՚ըսէ. «Քրիստոնէութիւնը ինչ որ վերացական ուսմունք չէ, որ միտքով կ՚ընկալուի եւ իւրաքանչիւրին կողմէ առանձնաբար կը պահուի։ Ո՛չ, քրիստոնէութիւնը ընդհանուր կեանք է, որուն մէջ առանձին անհատները ա՛յնքան կը միաւորուին իրարու հետ, որ անոնց միութիւնը կարելի է Սուրբ Երրորդութեան անձերուն նմանցնել»:
Կալլիստոս Եպիսկոպոսը կ՚ըսէ. «Քրիստոնէութիւնը աւելին է քան տիեզերքի մասին տեսութիւնը, եւ աւելին քան գրի առնուած ուսմունքները. այն ճանապարհ է, որով մենք կ՚ընթանանք, ամենէն խոր եւ ամենէն ընդգրկուն իմաստով՝ կեանքի ճանապարհը»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ