ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԵԶՐԵՐ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, շաբաթավերջին շարք մը հանդիպումներ ունեցաւ Գալիֆորնիոյ մէջ։ Փաշինեանի ուղեւորութեան առաջին հանգրուանը հանդիսացաւ Լոս Անճելըսը, ուր ան տեսակցեցաւ տեղւոյն հայկական համայնքի կառոյցներու ղեկավարներուն եւ հայկական կուսակցութիւններու ԱՄՆ-ի Արեւմտեան ափի մասնաճիւղերու վարիչներուն հետ։ Փաշինեան Լոս Անճելըսի մէջ սարքեց նաեւ մամլոյ ասուլիս մը, որու հետեւեցան ամերիկահայ մամուլի ներկայացուցիչները եւ իր ուղեւորութիւնը լուսաբանող հայաստանեան լրատուամիջոցներու աշխատակիցները։
Շաբաթավերջին Նիկոլ Փաշինեան հանդիպումներ ունեցաւ Գալիֆորնիոյ փոխ-նահանգապետ Էլենի Քունալաքիսի եւ Լոս Անճելըսի քաղաքային իշխանութիւններու ղեկավարութեան հետ։ Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթի քաղաքապետարանէն ներս ընդունելութիւն մըն ալ սարքեց ի պատիւ վարչապետին։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեան եւ Կարսեթի քննարկեցին համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները։