ԳԱՅԼԻՆ ԱՆՈՒՆԸ ԵԼԱԾ Է…

Յայտնի խօսք մըն է. «Գայլին անունը ելած է, մինչ աղուէսն է որ աշխարհ կը քանդէ»։

Շատ անգամ անմեղ մարդիկ կը մեղադրուին պարզապէս անոր համար, որ իրենք «մեղաւոր» ճանչցուած են։ Մարդուս կը դրուին «պիտակ»ներ երբեմն, որ կարելի չ՚ըլլար անջատել իր ինքնութենէն եւ որպէս նկարագիր անջնջելի կը մնան անոնց վրայ։ Այս իրողութեան հակառակն ալ կը պատահի յաճախ. մէկը շատ պատուաւոր, անմեղ ճանչցուած է, եթէ յանցանք մը նոյնիսկ վերագրուի իրեն, շուրջինները չեն հաւատար, թէ այդ յանցանքը ան գործած է։ Շատ սովորական է լսել սա խօսքը անոնց մասին. «Ան այդպէս բան չ՚ըներ, սխալմունք մը պատահած է անպայման…»։

Բայց ի՜նչ «անմեղ» ճանչցուածներ, ի՜նչ յանցանքներ գործած, ի՜նչ մեղքերու պատճառ եղած են։ Եւ դարձեալ, ի՜նչ «մեղաւոր» ճանչցուածներ անիրաւ ամբաստանութիւններու թիրախ են դարձած։ Արդարեւ, անիրաւութիւն է՝ մէկու մը մասին կանխակալ կերպով վարուիլ, առանց մանրամասնօրէն, ուշադրութեամբ եւ բծախնդրութեամբ ուսումնասիրելու՝ պրպտելու դէպքը։ Ուստի, եթէ դէպք մը պատահած է, քննութեան ենթական ուղղակի դէպքը պէտք է ըլլայ՝ առանց նկատի ունենալու անձը՝ որուն հանդէպ կանխակալ տպաւորութիւններ կրնայ ըլլալ։ Նիւթը այդ արարքին ներկայութիւնն է, այդպէս պէտք է ըլլայ ուսումնասիրութեան իսկական մեկնակէտը։

«Այդ անձը այդպիսի բան չ՚ըներ» խորհիլ կանխակալ ըլլալ կը նշանակէ, որ արդարութեան իրականացման առջեւ ամենամեծ արգելքներէն մին է։ Երբ կը կարծուի, թէ մարդ մը չար եւ յանցաւոր չէ, քանի որ ան ընդհանրապէս «անմեղ» մարդ, պատուաւոր եւ ուղղամիտ ճանչցուած մարդ մըն է, ասիկա արդարութեան հանդէպ յանցա՛նք մը, գոնէ «խաբէութիւն» մը կը ներկայացնէ։

Եւ երբ կը կարծուի, թէ մարդ մը չար եւ յանցաւոր է, անունը միշտ այդպէս կը մնայ, անոր նկարագիրը կ՚ըլլայ, եթէ նոյնիսկ ուրիշ մէկն է իսկական մեղաւորը կամ որեւէ նեղութիւն պատճառողը։ Այս ալ արդարութեան շեղումի պատճառ կ՚ըլլայ, անիրաւ որոշումներու առիթ կ՚ընծայէ։ Արդար ըլլալու համար ամէն դէպք իրարմէ անջատ, առանց ենթակային անձնաւորութիւնը նկատի առնելու պէտք է քննուի, ուսումնասիրուի։

Ասիկա սա կը նշանակէ՝ մէկու մը յանցանքը պէտք չէ ընդհանրացնել, անգամ մը յանցանք գործողին բոլոր միւս յանցանքները վերագրել անարդարութիւններու, անիրաւութիւններու պատճառ կը դառնայ։ Մէկը յանցանք մը կրնայ գործած ըլլալ, բայց բոլոր նման յանցանքները իրեն վերագրել, այդ մասին կանխակալ ըլլալ կը նշանակէ, որ արդարութեան գաղափարին բոլորովին ներհակ է, արդարութիւնը կը վիրաւորէ։

Գործուած յանցանք մը ուրեմն ընդհանրացնել, յանցաւորութիւնը որպէս նկարագիր ընդունիլ, այս իմաստով սխա՛լ է։ Անշուշտ գիտականօրէն որոշուած «ախտաւոր վիճակներ» այս խորհրդածութեան սահմաններէն դուրս պէտք է ուսումնասիրուի։ Ծինային-ժառանգական յանցաւորութիւնը եւ միջավայրի ազդեցութեամբ ստացական յանցաւորութիւնը պէտք է բծախնդրութեամբ զանազանել իրարմէ։

Արդարեւ հարցը սա է. յանցաւոր ըլլալ ընդոծի՞ն խառնուածք մըն է, թէ՝ ստացական։

Բայց եթէ կարեւորը արդարութեան իրականացումն է, յանցանքը, ընդոծին կամ ստացական, ի՛նչ պատճառով ալ գործուած եւ իրականացած ըլլայ, պէտք է անջատապէս նկատի առնուի եւ ըստ այնմ որոշում տրուի։

Արդարութիւնը ըստ էութեան, մարդկային արժանապատուութեան ամենակարեւոր հիմերէն մէկն է, եւ առաջնակա՛րգը։ Արդարութիւնը իմաստութիւն կը պահանջէ եւ «Մարդուն իմաստութիւնը անոր երեսը կը փայլեցնէ» (ԺՈՂՈՎԻ Ը 1)։ Իմաստութեամբ վարուիլ կը նշանակէ արդար ըլլալ, իսկ արդար ըլլալու համար մարդ երբեք պէտք չէ կանխակալ ըլլայ, միթէ թանձր սեւ ամպերէն չէ՞ որ օրհնաբեր առատ անձրեւներ կը վայելեն մարդիկ։

Արդարութիւնը, ուրեմն չզոհենք կանխակալութեան, սխալ դատողութիւններով չվիրաւորենք արժանապատուութիւններ, քանի որ «գայլին անունը ելած է, մինչ աղուէսն է որ կը քանդէ, կը կործանէ աշխարհը»։

Արդարութեամբ դատողը միա՛յն արդար որոշումներ կրնայ տալ եւ պաշտպանել իրաւո՛ւնքը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 19, 2019, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 24, 2019