ՈՎԿԻԱՆՈՍԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ
Մարդ էակը «ովկիանոս» մըն է իր հոգւով՝ խորք եւ տարածութիւն անոնց հասարակաց յատկութիւններն են։ Ուստի ովկիանոսին խորութիւնը եւ տարածութիւնը յաւիտենականութեան, անհունութեան խորհրդանիշներն են, ինչպէս՝ հոգիին։ Ովկիանոսը յաւիտենականութիւն՝ յաւիտենականութեան փափաք կը ներշնչէ մարդուն, զգացում մը՝ որ նպատակն է ամբողջ մարդկութեան։ Եւ մարդը՝ ի՛նք ալ ունի ովկիանոս մը իր մէջ՝ իր հոգին, որ յաւիտենական է, ինչ որ չէ՛ մարմինը։
Մարդ, երբեմն յաւակնութիւնը կ՚ունենայ իր հունաւոր մտքին մէջ սեղմեցնել յաւիտենականութեան խորհուրդը։ Բայց երբեք չի յաջողիր, քանի որ մարմնաւորը միշտ արգելք կը հանդիսանայ թափանցելու այդ եւ ուրիշ խորհուրդներու։ Մարմինը ժամանակաւոր է եւ ամէն ինչ կը չափէ, կը կշռէ եւ կը սահմանէ «ժամանակ»ով։ Իսկ հոգին անժամանակ է եւ ան կը դիտէ ամէն ինչ «անժամանակ» կերպով։
Անհունը՝ «անհուն»ին միջոցով միայն կարելի է հասկնալ, եւ յաւիտենականը՝ «յաւիտենական»ին։ Հունաւորը՝ անցաւոր եւ ժամանակաւորը կարելի՞ է պարփակէ անհունը՝ անանցաւորը եւ անժամանակը, այսինքն յաւիտենակա՛նը։
Տիեզերքի բացատրութիւնը գիտնականին յատուկ գործ մը չէ միայն։ Առանց Աստուծոյ իմաստութեան, Աստուծոյ մտքին անկարելի՛ է մարդուն համար բացատրել տիեզերքի խորհուրդները, գաղտնիքները։ Մարդ թէեւ կրնայ «թեւ»եր առնել եւ «լուսնէն եւ արեւէն անդին անցնիլ», բայց իր աշխատանքը անկատար մնալու դատապարտուած է, քանի որ տիեզերքը անհուն է բայց իր կարողութիւնները՝ հունաւո՛ր։
Ուրեմն խորհուրդներ, զոր օրինակ, յաւիտենականութիւնը, անհունութիւնը կարելի չէ հասկնալ մարդկային մտքով, բայց միա՛յն՝ հաւատքով Աստուծոյ վրայ՝ որ ստեղծած է մարդուս միտքը եւ ամէն ինչ որ մարդկային է եւ մարմնաւոր կեանքի կը պատկանի։
Ամբողջ տիեզերքը՝ բնութիւնը, մարդը, բոլորն ալ Աստուծոյ «ձեռագործ»ն է, Անոր ազատ կամքին եւ իմաստութեան արդիւնքը։ Բնութիւնը եւ մարդը՝ տիեզերքը փա՛ստն է Աստուծոյ անհուն եւ բացարձակ իմաստութեան։ Եւ անհունութեան, յաւիտենականութեան խորհրդանիշը՝ ովկիանոսին ալ ծոցը մէկ անկողինն է Ստեղծիչին։ Եւ ովկիանոսին խորհրդաւորութիւնը Աստուծոյ խորհրդաւորութեան մէկ ապացոյցն է, քանի որ Խորհրդաւորը միայն կրնայ ստեղծել խորհրդաւոր մը։ Եւ այս իմաստով բնութիւնը՝ ովկիանոս, մարդ եւ այլ արարածներ «հնազանդ ծառայ»ներն են Աստուծոյ՝ Արարչին անիմանալի կամքին եւ անմեկնելի իմաստութեան։ Ծովերու, ջուրերու ձայնին մէջ Աստուծոյ պատուէրը եւ հրամանը կը հռչակուի։ Այս իմաստով բնութիւնը «պատկեր» մըն է Աստուծոյ հոգիին, ինչպէս մա՛րդը՝ ամէն արարած…։
Մարդիկ ալ շատ անգամ կը կատաղին եւ կը գոռան ովկիանոսի պէս։ Բայց տարակուսելի է մարդոց կատաղութիւնը՝ որ զէնքերով եւ ռումբերով, իրենց հնարամտութեամբ արտայայտութիւն կը գտնէ յաճախ, արդի՞ւնքը կրնայ ըլլալ նոյն աստուածային կամքին՝ ինչպէս ովկիանոսին կատաղութեան, որ բոլորովին բնական է ստուգապէս։
Ան՝ որ ովկիանոսը կը կատաղեցնէ՝ կը լռեցնէ նաեւ։
Բայց մարդոց կատաղութեան աղբիւրը, սկզբնապատճառը, բուն իսկ մարդկային կիրքն է, որ կ՚առաջադրուի սատանայէն՝ չա՛րէն, այն սկզբնական մեղքէն, որ ընդոծին է մարդուս հոգիին մէջ։
Ո՞վ պիտի լռեցնէ մեղաւոր հոգիին կատաղութիւնը։ Չա՞րը, սատանա՞ն։ Ո՛չ։ Երբե՛ք։
Չա՛րն է, որ կը դրդէ մարդուս կիրքը եւ չա՛րն է, որ կը կատղեցնէ մարդը, ուրեմն, Աստուծոյ՝ Բարի՛ին դառնալու է մարդ, որ Աստուած խաղաղութիւն տայ իրեն, հանդարտի իր կատաղութիւնը։ Արդարեւ, մեղքը մեղքով չի սրբուիր, ինչպէս սուտը՝ սուտով ճշմարտութեան չի՛ վերածուիր։
Արդեօք ո՜վ կրնայ բացատրել խորհուրդը, կամ թարգմանել, մեկնել խորհրդաւորութեան լեզուն։
Աստուծոյ լեզուն Բնութեան լեզո՛ւն է, քանի որ Աստուած կը խօսի «ջուրերուն եւ հովերուն ձայնովը» այնքան յստակօրէն, ինչպէս նոյն ինքն Իր Միածին Որդւոյն՝ Այլակերպութեան լերան վրայ։ Եւ Աստուած կը շարունակէ խօսիլ ամէն անոնց՝ որոնք կը ծնրադրեն Անոր ոտքը եւ հոգեւոր հաղորդակցութեան կապ մը կը հաստատեն Անոր հետ եւ կը խնդրեն. «Տէ՛ր, խօսէ՛ ինծի, ահաւասիկ պատրա՛ստ եմ Քեզ լսելու…»։
Ուստի սիրելի՜ներ, բանանք մեր ականջները լսելու Աստուծոյ ձայնը՝ ծովերուն, հովերուն մէջէն, Բնութեան մէջէն՝ մեղուի մը բզզիւնին, շանթի մը շառաչիւնին, ողբի մը կոծին, ջրվէժի մը շառաչիւնին, սիրտի մը տրոփումին, սոխակի մը գեղգեղանքին, լացի մը կանչուռտուքին, խնդումի մը քրքիչին, հիացումի մը բացագանչումին, ծնծղայի մը զանգիւնին, ալիքներու շառաչին, ամպերու որոտումին, ժամացոյցի մը թիք-թաքին, խաղացող տղոց ճվլտուքին եւ անշուշտ Ի՛ր պատգամներուն մէջ։ Լսել փորձենք, սիրելի՜ներ, եւ անպայմա՛ն պիտի լսենք…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 18, 2019, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/27/2024
- 11/27/2024